Լիբանանեան բանակը այսօր 80 տարեկան է: Բանակի կազմաւորումի տօնին առթիւ, հրամանատար զօրավար Ռուտոլֆ Հայքալ հանդէս եկաւ «օրուան հրահանգ»-ով, որուն մէջ շնորհաւորեց զինուորներն ու լիբանանցի ժողովուրդը: Անոր համաձայն, բանակի տօնը այս տարի կարեւոր է մանաւանդ ի տես շրջանային զարգացումներուն: «Մենք կը յիշատակենք զինուորականներուն ծառայութիւնները եւ զոհողութիւնը, իմանալու համար, թէ բանակը այսօր, աւելի քան երբեք, պատրաստ է կատարելու իր պարտականութիւնները», ըսաւ Հայքալ: Անոր խօսքով, զինուորական հաստատութիւնը կարողութիւն ունի յաղթահարելու մարտահրաէւրները եւ երկիրը վճռակամութեամբ հասցնելու ապահով ափ: Իր խօսքը ուղղելով զինուորներուն, զօրավար Հայքալ կոչ ուղղեց յաւելեալ ջանք թափելու՝ ազգային միասնականութիւնը պահպանելու եւ երկրին կայունութիւնն ու անվտանգութիւնը երաշխաւորելու համար: «Բանակը թոյլ վերաբերմունք պիտի չդրսեւորէ երկրին ապահովութիւնը խախտելով երկիրը խռովութիւններու մատնելու որեւէ փորձի դիմաց», հաւաստիացուց բանակին հրամանատարը:

