Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՄԵՐ ՀԱՅՐԵՆԱԿՑԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ (4) ՀԱՃԸՆ

July 31, 2025
in Այլազան, Յօդուածներ
0
ՄԵՐ ՀԱՅՐԵՆԱԿՑԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ (4) ՀԱՃԸՆ

ՀԱՃԸՆԻ ԺՈՂՈՎՐԴԱԿԱՆ ՄԻՋՈՑՆԵՐ ԵՒ ԴԵՂԵՐ ՀԻՒԱՆԴՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԴԱՐՄԱՆԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ

– Թոքախտը բժշկելու համար, քառասուն օր իշու կաթ կը խմէին, եւ քառասուն օր յետոյ ալ երեք հատ շան լակոտներ մորթելով եւ անոնց միսը ջուրին մէջ եփելով կ’ուտէին։ Շան ձագի միսը ուտելէ յետոյ եթէ հիւանդը փսխէր, այդ նշան կը համարուէր, թէ ենթական բժշկուած է։

– Ստամոքսի եւ երիկամունքի ցաւերու համար կը գործածէին անանուխի եռացած ջուրը, որ պաղեցնելով կը խմէին։

– Անոնք որոնք երիկամունքի նեղութիւն ունենալով դժուարութիւն կ’ունենային միզելու, ազատքեղ եւ կամ անոր հունտը եփելով ջուրը կը խմէին, կամ ալ գարիի ջուր կը խմէին միեւնոյն կերպով։

– Մորթի վրայ երեւան եկած կարմիր բշտիկներու (rash) համար, որոնց մէջէն դեղին ջուր (թարախ) մը կը վազէ, քթանի եռացած ջուրը կը խմէին:

– Ծառերէ եւ կամ այլ բարձր տեղերէ իյնալով զգայազուրկ եղող անձը կը պառկեցնէին նոր մորթուած ոչխարի մը եւ կամ այծի մը մորթին վրայ, երբ տակաւին մորթը` տաքուկ էր։ Իսկ երբ ենթական վնասուելով արիւնը ներսը հոսած էր, այն ատեն իւղը հալելով ռուպի հետ կը խառնէին եւ կը խմցնէին։

– Երբ մարդ մը սառէր, զայն աղբի մէջ կը պառկեցնէին, եւ կամ` անոր մարմնին սառած մասերը աղբով կը պատէին։

– Ակռայի ցաւին համար ոսպը խաշելով անոր տաք շոգիին վրայ կը ծռէին եւ կամ մեխակի իւղը (գարանֆիլ) օղիի հետ խառնելով բերանը կը ցօղուէին, եւ կամ, ակռային վրայ ծխախոտ կը դնէին եւ կամ ալ անոր մուխը կը քաշէին:

– Աչքի ցաւի համար հաւկիթի սպիտակուցը կը խառնէին սեկին հետ եւ զայն կապոյտ կտաւի վրայ փռելով կը կապէին աչքին, եւ կամ աչքին մէջ կը կաթեցնէին աղջիկ դիեցնող կնոջ մը կաթը։

– Ականջի ցաւին համար կը գործածէին ձիթաիւղ, օղի եւ կամ ալ նորածին մուկը ձիթաիւղի մէջ հալեցնելով ականջին մէջ կը կաթեցնէին:

– Կողատապի (սաթլըճան) համար ` գաւաթ կը քաշէին, եւ յետոյ ենթական ալքոհոլով շփելով կը պառկեցնէին անկողինին մէջ։

– Տենդը անցընելու համար պաղ ջուրի լոգանք կու տային:

– Թունաւորուածներուն կաթ կը խմցնէին կամ մածուն կը կերցնէին։

– Փորի ցաւի (սանճը) համար գաւաթ կը քաշէին, կամ տաք աղիւս կը դնէին իբր դարման:

– Ողնաշարի եւ ուսերու ցաւերուն համար ` գետինը պառկելով ցաւած տեղերը կոխկռտել կու տային։

– Վախի համար փէնզէհիր (հակաթոյն) ըսուած քարը առարկայի մը հետ ջուրի մէջ շփելով այդ ջուրը կը խմէին, եւ կամ ալ աղաւնիի սիրտ կը կլլէին։

– Կարիճի խայթուածքի իբր դարման սխտորով խառնուած մածուն կը քսէին խայթուածքին վրայ։

– Երբ մատը կտրուէր, վրան աղ կը դնէին կամ վրան կը միզէին։

– Եթէ մէկուն գլուխը պատռէր, սոխ կամ սխտոր կը կապէին վրան:

,,,,,,,,,,,,,,,,,,,,,,,

ՀԵՐՈՍԱԿԱՆ ՀԱՃԸՆԻՆ

Ո՛վ իմ Հաճըն, լոյսէ երկիր ցանկալի,

Հերոսական սուրբ Հայրենիք խնկելի․

Մանուկ հոգիս հուր տենչերով վառվռուն,

Ուխտի կու գայ այսօր քեզի աննկուն:

 

Խունկով, մոմով ուխտի կու գամ աներեր,

Քեզ կը բերեմ յիշատակնե՛ր, խապրիկներ.

Օտարութեան, պանդխտութեան ափերէն,

Քեզ երազող որդիներէն, թոռներէն:

 

Ֆրանքներու, տոլարներու աշխարհէն,

Փոքր ու մեծ երկիրներէն, բուրգերէն,

Քեզ կը բերեմ բի՜ւր յարգանքներ, համբոյրներ,

Նորաբողբոջ անթառամներ, շուշաններ:

 

Ո՞ւր են, սակայն, ծխաններդ չեն ծըխար,

Թոնիրներդ վառ սիրական չեն մըխար,

Սիրո՛ւն չքնաղ աղջիկներըդ ու հարսեր

Սափորներով աղբիւրէդ ջուր չեն կըրեր:

 

Ինչո՞ւ կալերդ, այգիներդ չեն ծաղկիր,

Տաճարներուդ զանգակները ղօղանջեր,

Խօսէ՛, պատմէ, ո՛վ իմ Հաճըն սըգաւոր,

Մի՛ զարհուրիր, ես օտար չեմ, ուխտաւո՜ր:

 

Աւերակնե՛ր, փըլատակներ ամէն դի,

Լուռ է սոխակն իմ Հայրենի երդիքի.

Որո՞ւ յանձնեմ խունկեր, մոմեր իմ գիրկ-գիրկ

Հազար անէծք քեզ քանդողին, Հայրենիք:

 

Ելէ՛ք, սակայն, ազատութեան ասպետներ,

Ռուբինեանց տան արծուեբոյն կորիւններ,

Ձեզ բերած եմ անմահ դափնի մը փառաց,

Նուիրական ձեր արիւնով պսակուած:

 

Ո՛վ իմ չքնաղ յաւերժահարս Կիլիկիան,

Տաւրոսներու հսկայ կոթող տիտանեան,

Ո՛վ իմ Հաճըն, գեղածիծաղ հայրենիք,

Քաղցրի՛կ անունդ պիտ՚ չմոռնան քու որդիք։

 

ԱՐՄԵՆԱԿ ԳՐԱՃԵԱՆ

…………………

ԱՍԱՑՈՒԱԾՔՆԵՐ

Հէճընցիք իէք բօն ամանօթ չիէն տօ.- կընիկը, ձին, սիլօհը։ (Հաճընցիք երեք բան փոխ չեն տար՝ կին, ձի, զէնք):

Այեիվը պուէյտիդ ձեթտիէց, եիէ՛լ ալ։ (Արեւը պորտիդ վրայ ծագեցաւ, ելիր այլեւս):

Իյ պախտին քօյ քայիէղ է։ (Իր բախտին քար նետող է)։

Էչքը կույցուց թիէվը թուլցուց։ (Աչքը կուրցուց, թեւը թուլցուց)։

Փակիէյ իէս թէ աբբօխը դօմ է։ (Փակեր ես, կ’ըսես թէ տերեւը կարծր է)։

Ջաղօցքը ջույն է գացէ, դուն չախըլտօխը գուզ կագօս: (Ջաղացքը ջուրն է գացեր, դուն գործիք կը փնտռես)։

Դըյացնուդ իննիէս հաճօթ մը փուէխ առնուս նէ փօք դարձույ էյ տահամա իլտօս նէ դէմ բիյէ։ (Դրացիէդ ելլես պիտոյք մը եթէ փոխ առնես, մաքուր դարձուր, որ եթէ մէյ մըն ալ երթաս, դէմ բերէ)։

Հօցը կուտիէն, սույֆան դանօկ կուխեթիէն։ (Հացը կ՚ուտեն, սեղանը դանակ կը խոթեն)։

Վիյի իժօմը կու մույօ, վայի իժօմը ողոյմութին կուտօ։ (Վերի ժամը կը մուրայ, վարի ժամը ողորմութիւն կու տայ):

Ավա միսիս կը ծամիէն: (Նորէն միսս կը ծամեն, այսինքն՝ կը բամբասեն):

 

 

 

Share68Tweet42
Previous Post

ՓԻԼԻՍՈՓԱՅԱԿԱՆ  ՄՏՈՐՈՒՄՆԵՐ-27          ԳԻՏԱԿՑՈՒԹԻՒՆ

Next Post

ԲԱՆԱԿԻ ՏՕՆԻՆ. ՀԱՅՔԱԼ ԿԸ ԽՈՍՏԱՆԱՅ ԿԱՆԽԵԼ ԽՌՈՎՈՒԹԵԱՆ ՓՈՐՁԵՐԸ

Next Post
ԲԱՆԱԿԻ ՏՕՆԻՆ. ՀԱՅՔԱԼ ԿԸ ԽՈՍՏԱՆԱՅ ԿԱՆԽԵԼ ԽՌՈՎՈՒԹԵԱՆ ՓՈՐՁԵՐԸ

ԲԱՆԱԿԻ ՏՕՆԻՆ. ՀԱՅՔԱԼ ԿԸ ԽՈՍՏԱՆԱՅ ԿԱՆԽԵԼ ԽՌՈՎՈՒԹԵԱՆ ՓՈՐՁԵՐԸ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.