Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՓԻԼԻՍՈՓԱՅԱԿԱՆ  ՄՏՈՐՈՒՄՆԵՐ-27          ԳԻՏԱԿՑՈՒԹԻՒՆ

  ՍՈՒՐԷՆ ՇԷՐԻՔ

July 31, 2025
in Յօդուածներ
0
ՓԻԼԻՍՈՓԱՅԱԿԱՆ  ՄՏՈՐՈՒՄՆԵՐ-27           ԳԻՏԱԿՑՈՒԹԻՒՆ

 

            Բառարանական իմաստով գիտակցիլ կը նշանակէ ինքզինք լաւ ճանչնալ, ինքն իրեն հաշիւ տալ` ըրածին եւ անոր հետեւանքներուն մասին։ Գիտակցօրէն կամ գիտակից կերպով վարուիլ կը թարգմանի`  հաշուի առնել եւ ընդունիլ իր ըրածին լաւ թէ վատ հետեւանքները։ Այս ուղղութեամբ գիտակցութեան մէջ տեղ կը գրաւեն դիտաւորութիւնը, խօսքը եւ արարքը։ Ուրեմն ենթական կ՛արժեւորէ, կը դատէ զանոնք վատ կամ լաւ, արդար կամ անարդար։

Գիտակցութիւնը երկու հիմնական բաղկացուցիչ ունի․ նիւթական եւ վերացական։ Նիւթականը  զգայական, զգացական, յուզական եւ յիշողական երեւոյթներու նկատողութեան դիտարկումն ու  ընկալումն է, մինչ վերացականը բարոյական բնոյթ ունի։ Այս վերջինը կ՛արտայայտուի «լաւ գիտակցութիւն» կամ «վատ գիտակցութիւն» եզրերով։ Զգայութիւնները եւ զգացումները կը կեղծեն գիտակցութիւնը, որովհետեւ գոյութիւն ունենալ արդէն կը նշանակէ զգալ, յետոյ մտածել եւ վերջապէս  ճանչնալ։ Գիտակցութիւնն է, որ կը զգայ թէ կը դատէ եւ կը սկսի ճանչնալ։ Ուրեմն կարելի է յուսալ, որ գիտակցութիւնը հետզհետէ նշմարէ, որ պարտաւոր է զանազանել բացայայտը իրականէն։ Սակայն ան նաեւ կրնայ խաբուած ըլլալ, սակայն կարող` սրբագրելու իր առաջին տպաւորութիւնները։

Իսկ ինչ կը վերաբերի բարոյական գիտակցութեան, գրող եւ փիլիսոփայ Ռուսսօ իր «Էմիլ» խորագիրը կրող գործին մէջ կը զանազանէ «բնական բարոյականը» «բնական կրօն» էն։ Բնական բարոյականը, որ կը կանոնաւորէ ուրիշ մարդոց հանդէպ ընդհանրապէս, նաեւ մասնաւորապէս զգայուն արարածներու նկատմամբ յարաբերութիւնները, մեկնակէտ ունի գութը։ Գթալ կը նշանակէ ուրիշի մը վիշտը զգալ եւ բնազդաբար անոր օգնութեան հասնիլ` այս վերջինին ցաւը մեղմացնելու կամ դադրեցնելու նպատակով։ Այս ձգտումը մարդկային հասարակ պայմանաւորուածութեան, համերաշխութեան, իր սեփական անձէն դուրս ելլելու ունակութեան հետ կապ ունի։ Գալով  բնական կրօն հասկացութեան, այս մէկը ըստ Ռուսսոյի կ՛ենթադրէ տիեզերագիտութիւն մը, որ կը մեկնաբանուի որպէս աստուածաբանութիւն։  Աշխարհը, որ կր ջանանք ճանչնալ  գիտութեան որոշ օրէնքներու կը հետեւի եւ կը կառավարուի Աստուծոյ կողմէ։ Ռուսսօ տեղաւորելէ յետոյ զԱստուած այս կերպով, մեզ կը հրաւիրէ ունենալ գիտակցութիւն` այս ուղղութեամբ։

Եթէ գթութիւնը բարոյական այն մղումն  է , որ կ՛առաջնորդէ շարժիլ մարդասիրական զգացումով`  ուրիշի օգնութեան հասնիլ, գիտակցութիւնը կրնայ դրսեւորուիլ խղճմտութեամբ, որ կ՛ուշացնէ արարքը, նոյնիսկ կրնայ կասեցնել զայն։ Սակայն գիտակցութիւնը կանխավճիռ չի նշանակեր։ Այսուհանդերձ գիտակցութիւնը կը զգայ թէ «ուր է ճիշդը, բարին», «ուր է չարը, վատը»։ Արդարութեան առաջին զգացումը տեղ կը գրաւէ մարդուս սրտին մէջ։ Մարդկային կեանքի ամբողջ բարոյականութիւնը մարդուն դիտաւորութեան, ուրիշ խօսքով կամքին մէջ է։

Գալով լաւ եւ վատ գիտակցութեան, եթէ բարոյական գիտակցութիւնը Աստուծոյ ձայնն է, ան բարիի զգացումէն տարբեր բան չի կրնար ըլլալ, որ կը խորշի չարէն։ Ուրեմն միմիայն ընկերային բարոյականի հոգեբանական առումով է որ կը ձեւաւորենք ոչ հիմնաւորուած «լաւ գիտակցութիւն»ն ու «վատ գիտակցութիւն»ը։ Պարկեշտ անձնաւորութիւն մը ստախօսութեան մը հետեւանքով (նոյնիսկ այս վերջինը եթէ ըլլայ պարտադրուած) կ՛ապրի  «վատ գիտակցութեան» մէջ, ինքզինք մեղադրելով որպէս տկար անձնաւորութիւն։ Վատ գիտակցութիւնը համեմատական է անկեղծութեան հետ։ Նոյն  տրամաբանութեամբ «լաւ գիտակցութիւն»ն ալ բարոյապէս յստակ չէ։ Ան կրնայ ըլլալ արդարացի․ «ես իսկապէս  իմ լաւագոյն կարելիս ըրի», անկեղծօրէն ուրեմն, ինչո՞ւ չէ,  «լաւ  գիտակցութիւն» ունիմ։ Սակայն այս մէկը իր անձին «գերարժեւորում»ին հետեւանքն ալ կրնայ ըլլալ․ «ես մեղանչողներէն չեմ, իսկ դո՞ւք` այո՛․․․» ։ Նոյն պարագան է ընկերային եւ ընտանեկան կարգ մը օրէնքներն ու կանոնները․ զորօրինակ, յարգանքի թերացում չունենալ ծնողներու հանդէպ, որ կրնայ հաճոյք պատճառել զաւկին։ Սակայն գիտակցութիւնը կապել նաեւ հաճոյքի զգացումին` առողջ եւ բանական չի թուիր։  Ինչպէս կը հետեւի, գիտակցութիւնը մարդկային հոգեվիճակի հետ սերտ աղերս ունի, սակայն այս մէկը` մինչեւ ենթագիտակցութեան շեմը, որու մասին կ՛արտայայտուինք յաջորդիւ։

 

Share63Tweet39
Previous Post

ՀԻՒՐԸՆԿԱԼՈՒԹԻՒՆ – ԱՐՈՒԵՍՏ ԵՒ ԲԱՐՈՅԱԳԻՏՈՒԹԻՒՆ

Next Post

ՄԵՐ ՀԱՅՐԵՆԱԿՑԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ (4) ՀԱՃԸՆ

Next Post
ՄԵՐ ՀԱՅՐԵՆԱԿՑԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ (4) ՀԱՃԸՆ

ՄԵՐ ՀԱՅՐԵՆԱԿՑԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ (4) ՀԱՃԸՆ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.