«Մի մոռնաք հիւրասիրութիւնը.
նորանով շատեր, առանց գիտնալու,
հրեշտակներ հիւրընկալեցին»։
Թուղթ առ Եբրայեցիս 13:2
Հիւրընկալութիւնը, իր ամենանեղ իմաստով, տան դուռը բանալն է հիւրի մը, ընկերոջ մը, անծանօթի մը առջեւ։
Սա հնագոյն բարոյագիտութիւն է, որ, սակայն, չի սահմանափակուիր միայն ջերմ ընդունելութեամբ կամ սեղան բանալով։ Ինչպէս նշած են շատ ու շատ գիր ու գրչի մարդիկ, փիլիսոփաներ եւ պատմաբաններ, հիւրընկալութիւնը երկու բան է միաժամանակ՝ անհատական առաքինութիւն եւ ազգային յատկանիշ՝ մարդու հոգիին եւ մշակութային երեւակայութեան ցուցիչը, առատաձեռն վերաբերմունք, բարոյականութեան օրինակ, եւ շատ անգամ նաեւ լուռ դիմադրութիւն՝ անտարբերութեան ու դաժանութեան դէմ։
Հիւրընկալութիւնը մարդկային տարրական վարուելակերպ է։
«Մարդու կոչումն է ծառայել ուրիշ մարդոց», գրած է Լեւ Թոլսթոյ։
Ասիկա տեսլական է, ուր հիւրընկալութիւնը ոչ թէ գործարք, այլ պատասխանատուութիւն է՝ մարդկայնութեան արտայայտութիւն։
Իր «Ոդիսական»-ին մէջ Հոմերոս հիւրընկալութիւնը կը ներկայացնէ որպէս հիւրի եւ տանտիրոջ միջեւ սրբազան կապ, որուն վերահսկումը վստահուած է աստուածներուն։ Հիւր մը ընդունիլը ընկալուած է ոչ միայն որպէս բարեկրթութեան նշան, այլ նաեւ որպէս աստուածային պարտականութիւն։
Նոյնիսկ ամէնէն ներյատուկ հիւրընկալութեան դրսեւորումները ընդունակ են ցոլացնելու հասարակութեան մը արժէքներն ու կառուցուածքը։ Արդեօ՞ք հաստատութիւնները, օրէնքները կամ մշակոյթը կը խրախուսեն հիւրընկալութիւնը։ Արդեօ՞ք, որպէս ազգ, մենք ուրիշը կը դիմաւորենք այնպէս, ինչպէս որ պիտի փափաքէինք, որ մեզ դիմաւորեն։
Ճիշդ կռահեցիր, սիրելի ընթերցող, հիւրընկալութիւնը ազգային բնութագիր է։
Յաճախ գրողներ ու պատմաբաններ ազգերուն կը վերագրեն «բնաւորութիւն» մը (հոս՝ եզր) որ խորքին մէջ սովորոյթներու, իտէալներու եւ ընդհանրական ըմբռնումներու խորքային միաւորում է։ «Բնաւորութիւններու» այդ շարքին մէջ հիւրընկալութիւնը իր մանսաւոր տեղը ունի։ Որոշ ազգեր յայտնի են իրենց լայնսրտութեամբ, ուրիշներ՝ օտարներու հանդէպ կասկածոտ կեցուածքով։ Սակայն այն ազգերը, որոնց հիւրընկալութիւնը անկեղծ է, ներքին ինքնավստահութիւն մը ունին՝ հաւատք, որ առատաձեռնութիւնը ոչ թէ տկարութիւն, այլ ոյժ է։
Օրինակ՝ վրացիները յայտնի են իրենց շքեղ սեղանով, ուր հիւրը «Աստուծոյ տուած նուէրն է»։
Արաբ պետուինը իր հիւրին հարցումներ չտուած կը հետեւի տիյաֆայի սկզբունքին՝ այսինքն երեք օր իր հիւրը կ’ապահովէ կացարանով, սնունդով, անվտանգութեամբ եւ յետոյ միայն կ’անցնի հարցուփորձի…
«Աթիթի Տեւօ Պհաւա» սանսկրիտ արտայայտութիւնը (Հիւրը աստուած է) հնդիկ մարդուն հիւրընկալութեան հանդէպ տածած խորունկ հոգեւոր յարգանքն է, որ կը գերազանցէ բոլոր ծիսակարգերը։
Այս արտայայտութիւնները կարգախօսներ չեն, այլ ծնունդ են պատերազմի ու խաղաղութեան, կայսրութիւններու, աքսորներու, աղքատութեան ու գոյատեւման բազում պատմութիւններու։ Ըստ ամենայնի, հիւրընկալութիւնը վերածուած է յայտարարութեան՝ «Ճիշդ է, որ քիչ բան ունինք, բայց ինչ որ ունինք՝ կը բաժնեկցինք։ Մենք քեզ կ’ընդունինք ոչ թէ տարբեր ըլլալուդ համար, այլ՝ այդ պատճառաւ»։
Հայկական հիւրընկալութեան ոգին խորապէս կապուած կը մնայ այս հնագոյն եւ ազնուական աւանդոյթին։ Հայ մարդուն համար հիւր ընդունիլը ոչ թէ պարտականութիւն, այլ ուրախութիւն է։ Հիւրը սպասուած է միշտ։
Հիւրընկալութեան կեդրոնը սեղանն է։ Հոն է, որ օտարները կը դառնան ընկեր, սուգը կը մեղմանայ ներկայութեամբ, ուրախութիւնը կը բազմապատկուի եւ տարբերութիւնները ոչ թէ կը ջնջուին, այլ… կը մեծարուին։
Հիւրընկալողը անխօս կ’ըսէ, թէ «մենք բաւական զօրեղ ենք, որ կ’ընդունինք ձեզ, բաւական առատաձեռն ենք՝ բաժնեկցելու համար, բաւական իմաստուն ենք հասկնալու համար, թէ տալով կը ստանանք»։
Անհատի մը լուռ ժեսթէն մինչեւ պետութիւններու վճիռներ, հիւրընկալութիւնը կը մնայ համարձակ արարք՝ քայլ, որ իրապէս կը վերականգնէ մարդկայնութիւնը ու մեզ կրկին ու կրկին կը կապէ իրարու։
Սակայն այսօր մեր ինքնութեան մաս կազմող այդ արտասովոր առաքինութիւնը լուրջ փորձութեան կ’ենթարկուի։
Հիւրընկալութիւնը մեր երկրին եւ ժողովուրդին համար ոչ միայն աւանդոյթ է, այլ նաեւ անքակտելի մասն է մեր ինքնութեան խիտ հիւսուածքին։ Սակայն այս օրերու սահմանային վտանգներու, ներգաղթեալներու ցաւալի ճակատագրերու եւ միջազգային անտարբերութեան պայմաններուն տակ, փորձութիւնը աւելի քան մեծ է։ Մեզմէ կը պահանջուի սթափ միտք, հաւաքական ոյժ եւ հեռատեսութիւն։
Եւ վերջապէս, յիշենք հայ հեթանոսական դիցարանին Հիւրընկալութեան աստուած Վանատուրը, որ ինքնին կը վկայէ, թէ մեզի համար հիւրընկալութիւնը եղած է ոչ միայն բարոյական, այլեւ սրբազան արժէք։ Մեր նախահայրերը Վանատուրը պաշտած են իբրեւ օճախի, հանգրուանի, բարեսրտութեան ու հիւրասիրութեան հովանաւոր։ Հայ ժողովուրդը ոչ միայն յարգած է իր հիւրը, այլեւ անոր հետ վարուած է որպէս սուրբ ուղեւոր, որուն հետ զրոյցը, պատուելու արարողակարգը եւ կերակրելու պարտքը նախապատիւ եղած է անձնական հոգերէն։ Վանատուրեան սկզբունքը մինչ օրս ամուր կը մնայ հայու քաղաքակրթական կերպարին մէջ։
Եւ իրապէս, դժուար թէ գտնուի ուրիշ ժողովուրդ մը, որուն դիցաբանութեան մէջ այսօրինակ աստուածային դեր տրուած ըլլայ հիւրընկալութեան։
Դեռեւս Տիգրան Մեծի օրերուն՝ Ք. Ա. առաջին դարուն, հայոց պատմութիւնը մեզի փոխանցած է այլ ազգերու հանդէպ մեր ցուցաբերած բացառիկ հանդուրժողականութիւնն ու առատաձեռնութիւնը։ Երբ Արքայից-Արքայ Մեծն Տիգրանի կայսրութիւնը ընդգրկեց հսկայ աշխարհագրական տարածքներ, ան ոչ թէ երկիրներ գրաւեց, այլ… ներառեց։ Նուաճուած ժողովուրդները ստրուկ չդարձան, չջնջուեցան, չջարդուեցան, այլ ապրեցան ազատ, աշխատեցան ստեղծագործաբար ու սիրեցին իրենց նոր երկիրը։
Ասիկա կը վկայէ մարդասիրութեամբ մղուած կառավարման ուրոյն մօտեցումի մը մասին, որ ազգային չափանիշերը ընդգծող հիւրընկալութիւնն իսկ է։
Պատմութեան ընթացքին հայերը հիւրընկալած են ոչ միայն իրենց բարեկամները, այլ նաեւ օտար կարիքաւորները։ Այս առնչութեամբ ուշագրաւ փաստեր կան Քսենոփոնի պատմա-յուշագրական՝ «Անաբասիս» երկին մէջ։ Մեր աշակերտները դեռեւս դպրոցական նստարաններէն ծանօթ են «Նահանջ բիւրուն»-ին…։
Մերօրեայ աշխարհի շատ ու շատ երկիրներու մէջ մեծ փոփոխութիւններ կրած է հիւրընկալութեան իմաստը։ Համաշխարհայնացում, պատերազմներ, տեղահանութիւն, գաղթեր… Այս բոլորը ստեղծած են անասելի շփոթ մը եւ յաճախ կարելի չէ կողմնորոշուիլ, թէ ուր կը սկսին եւ ուր կ’աւարտին հիւրընկալութեան սահմանները։ Պետութիւն մը կրնա՞յ հիւրընկալ ըլլալ առանց խաթարելու իր ինքնութիւնը։ Ժողովուրդ մը կրնա՞յ առատաձեռն ըլլալ սակաւութեան, վախի կամ անարդարութեան պայմաններուն տակ։
Պատասխանը պէտք է փնտռել ոչ թէ հիւրընկալութենէ հրաժարելու մէջ, այլ զայն ընդլայնելու։ Բոլորս ալ գիտենք, որ հիւր ընդունիլ չի նշանակեր միայն տաք կերակուր մը կամ մաքուր անկողին մը տրամադրել։ Հիւր ընդունիլ կը նշանակէ որդեգրել փախստականը պաշտպանող համապատասխան օրէնքներ, ներգաղթեալ մանուկները ընդունող յատուկ դպրոցներ (կամ գոնէ դասարաններ), հանրութիւն, որ ոչ թէ կը հանդուրժէ տարբերութիւնը, այլ եկուորը կ’ընդունի գիտակցաբար ու սիրով։
Այսօր մեր ժողովրդին համար այս հարցը սոսկ տեսական չէ։ Աքցանուած աշխարհաքաղաքական լարումներով, պատմական ցաւի ծանրութիւնը մեր ուսերուն, կրկին եկած-կեցած ենք ընտրութեան առջեւ. ո՞վ ենք մենք։ Ինչպէ՞ս կը վերաբերինք ուրիշներուն…
Եթէ հետեւինք մեր նախահայրերու իմաստութեան, պատասխանը յստակ է՝ մենք կը քալենք անոնց ոտնահետքերով։
Մեր նորագոյն պատմութեան հիւրընկալութեան համար մեծ փորձութիւն դարձան տեղահանուած արցախցիները։ Անոնք իրենց հազարաւոր տարիներու պապենական հողը կորսնցուցած եկան Հայաստան ոչ որպէս հիւր, այլ որպէս հարազատ, որպէս եղբայր ու քոյր։ Զանոնք ընդունիլն ու վերաբնակեցնելը բարոյական պարտք էր, ազգային խնդիր, միեւնոյն ժամանակ՝ հիւրընկալութեան խորագոյն դրսեւորում։ Այդպէս է, որ կը ձեւաւորուի մերօրեայ ազգային դիմագիծը։
Այսօր Հայաստանի արտաքին քաղաքական լարումները, սահմանային վտանգները, շատ անգամ համաշխարհային մեծ դերակատարներուն լռութիւնը ստեղծած են այնպիսի վիճակ մը, որ բաց պահել հիւրընկալութեան դարպասները կրնայ ընկալուիլ որպէս դիւրահաւատութիւն կամ տկարութիւն։ Իրականութեան մէջ, սակայն, այսպիսի պահերուն է, որ հիւրընկալութիւնը կը դառնայ դիմադրութեան ձեւ՝ կոպտութեան, օտարացումի եւ մահաբեր լռութեան դիմաց։
Նոր դարաշրջանը մեզ կեցուցած է կարեւոր խնդրի մը առջեւ։ Կրնա՞նք պահպանել մեր հոգեւոր բաց դռները, երբ աշխարհը գոցած է իր դռները մեր դիմաց։ Կրնա՞նք մնալ առատաձեռն, երբ մեզի բաժին հասածը սակաւութիւնն է։ Կրնա՞նք օտարը մեծարել, երբ մեզի՝ որպէս ժողովուրդ, խորթ աչքով կը նային յաճախ։
Մենք պէտք է շարունակենք մնալ այն ժողովուրդը, որ իր ցաւին ընդմէջէն իսկ կը շարունակէ հաւատալ արժանապատուութեան ոյժին։ Մենք ի գին ամէն ինչի պարտաւոր ենք հպարտութեամբ պահպանել հեռու անցեալէն մեզի հասած մշակոյթը։ Այսպիսին պէտք է ըլլայ մեր պատասխանը այն հարցումին, որ մեր առջեւ դրուած է այս դարաշրջանին կողմէ՝ «Ո՞վ էք դուք»։
Մենք մեր տանտէրն ենք, մեր տան մէջ, հետեւաբար սրտբաց, արժանապատիւ եւ հիւրընկալ ազգ ենք։
Եւ, այնուամենայնիւ, կան նաեւ այսպիսի ձայներ՝ «Գուցէ զարմացած էք մեր անհիւրընկալ վերաբերմունքէն, բայց հիւրընկալութիւնը մեր սովորոյթը չէ, եւ մեզի պէտք չեն հիւրեր»։ (Ֆրանց Քաֆքա)
Սա հիւրընկալութեան հակապատկերն է. աշխարհիս այն երեսը, ուր մարդը կ’ընտրէ գոցուիլ, ուր ժպիտը կը դիտուի որպէս վտանգ, իսկ հիւրը` խանգարող հանգամանք։
Երբ հիւրընկալութիւնը կը կորսուի, ուրեմն կորսուած են մարդկայնութեան հիմնասիւները՝ վստահութեան լեզուն եւ բարութեան շնչառութիւնը։

