Ֆրանսական հեղինակաւոր «Le Figaro» պարբերականը առանձնացուցած է աշխարհի 5 «վարդագոյն» քաղաքները՝ ցանկին մէջ ներառելով Հայաստանի մայրաքաղաք Երեւանը: Ըստ պարբերականին՝ վարդագոյն միւսը քաղաքներէն երեքը ֆրանսական են՝ Թուլուզ, Ալպի եւ Մոնթոպան, միւսը՝ Հնդկաստանի Ճայպուր քաղաքն է
«Կեանքը վարդագոյն ակնոցով տեսնելու համար կարիք չկայ սպասել սիրային նամակներու։ Այդ քաղաքներ այցելելը բաւարար է այս գոյնի ուրախութիւնը զգալու համար»,- կը նշուի յօդուածին մէջ:
Յօդուածին մէջ կը յիշատակուին Հայաստանի Հանրապետութեան հրապարակի գունային ներդաշնակութիւնը, վարդագոյն տուֆէ շէնքերը:

«Չնայած Երեւանը աշխարհի ամենահին բնակեցուած քաղաքներէն մէկն է՝ հիմնադրուած Հռոմէն առաջ՝ Ք.Ա. 782 թուականին, «Վարդագոյն քաղաք» անուանումը վերջերս ստացած է։ Անուանումը տրուած է 20-րդ դարուն՝ խորհրդային վերակառուցման ժամանակ։ Ճարտարապետ Ալեքսանտր Թամանեան, որուն յանձնարարուած էր վերաձեւաւորել քաղաքը 1920-1930-ական թուականներուն, որոշեց զայն դարձնել քաղաքային ներդաշնակութեան խորհրդանիշ՝ լայնօրէն օգտագործելով այս քարը (վարդագոյն տուֆը) մեծ պողոտաներուն եւ կեդրոնական հրապարակներուն վրայ»,- կ’ըսուի հրապարակման մէջ:

