Հայաստանի արտաքին գործերու նախարարի տեղակալ Վահան Կոստանեանը, Նիւ Եորքի մէջ ընթացող «Երկու պետութիւն սկզբունքի հիման վրայ Պաղեստինի հարցի խաղաղ կարգաւորման» նուիրուած նախարարական համաժողովի շրջանակներուն մէջ, հանդիպում ունեցած է Պաղեստինի Պետութեան արտաքին գործերու եւ արտագաղթեալներու հարցերով նախարար Վարսեն Աղաբեկեանի հետ։
Զրուցակիցները անդրադարձած են երկկողմ յարաբերութիւններու ընթացքին, միտքեր փոխանակած են հնարաւոր համատեղ ծրագրերու շուրջ: Գոհունակութեամբ արձանագրուած է պաղեստինցի դիւանագէտներու մասնակցութիւնը Հայաստանի դիւանագիտական դպրոցին կողմէ իրականացուած օտարերկրեայ դիւանագէտներու վերապատրաստման ծրագրին:
Վահան Կոստանեան եւ Վարսեն Աղաբեկեան միտքեր փոխանակած են Հարաւային Կովկասի եւ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ ընթացող գործընթացներու վերաբերեալ:

