Մէկ Օգոստոս 2024:
Առանց նախավարժանքի, հանգամանքներու բերումով, անակնկալօրէն ինքզինքս գտայ մամուլի մոլորակին մէջ որպէս «Արարատ»ի տնօրէն:
«Միւսներէն» տարբեր՝ աւանդապաշտ օրէնքներով լուսաւորող մոլորակ մը, որուն ընդարձակ տարածութեան տեղանքէն ներս մուտք գործած օրէդ «ետդարձի բոլոր կամուրջները» կ’անյայտանան, կաթողիկէ ամուսնութեան նման:
Ընդունելի թիւով բնակիչներ գտայ ազգապատկան այս աշխարհին մէջ, բարեբախտաբար: Մամուլի առաքելութեան հաւատացող ղեկավարներ, լեզուաբաններ, գրական մշակներ, մատենագիրներ, յօդուածագիրներ, մամուլի եւ հրատարակչաական աշխատանքներու մէջ փորձառու գործակիցներ, հայ մամուլը քաջալերող ազգայիններ, արեւուն լոյսը չծագած թերթը անհամբեր սպասող ընթերցողներ: Նշեալ հոյլ մը մամուլասէրներուն մօտ ամուր կառչածութիւն նկատեցի հայ լրագրութեան ու մամուլին հանդէպ, որոնք կը գիտակցին որ դանդաղ յետքայլի վարակը հոն ալ բոյն դրած է, արդէն անյիշելի տարիներէ ի վեր: Անոնք յուսահատ չեն, լաւ կ’ըմբռնեն, որ նոր սերունդը հայ գիր ու գրականութենէն այնքան հեռացած է, ինչպէս օրինակ համեստս՝ ծխախոտէն…: Սակայն ոգի ի բռին կը ջանան արգելակել անոր թաւալումը զառիթափէն վար, գուցէ դանդաղեցնելու ճիգով: Ու անմիջապէս զգացի ու հաստատեցի, որ մամուլը այսօր կը գոյատեւէ յատկապէս անո՛նց շնորհիւ:
Ահա այսօրինակ մեծութիւններ շրջապատեցին զիս: Մեր շուրջը լսուող Շոփէնի մահերգով հաստատուող անկումային տխուր իրականութիւններուն դիմաց, անոնց համար առաջնահերթութիւն էր հայ մամուլի ուրախ կանչը:
365 օրերու ընթացքին ունեցանք ե՛ւ սրտապնդող ե՛ւ յուսահատական շրջաններ: Բնական երեւոյթ, ամէն տեղ եւ ամէնուն հետ պատահող: Ամենաօգտաշատը բարեխիղճ քննադատութիւններն էին, կ’ընդունէինք որպէս բժշկական դարմանումի սրսկումներ: Չնեղուեցանք բնաւ կամ ոխակալ դիրք չբռնեցինք: Աշխատասէր եւ ուշադիր աշակերտի մը պէս ականջալուր կը հետեւէինք անոնց, նոր բան մը սորվելու ճիգով: Ի վերջոյ «երէկ՝ անծանօթ, այսօր՝ թերթի անփորձ պատասխանատու»ի հանգամանքը կը ստիպէր ըլլալ «ե՛ւ աշակերտ, ե՛ւ վարպետ»:
Մամուլի տնօրէն…: Այդ մէկը առաջ էր: Հիմա ուրիշ օրեր են: Ձեռքերդ պիտի սօթտես եւ գրիչ շարժես: Եւ ահա շատ չանցած յարգելի մատենագիր մը տուաւ առաջին «շքանշանը» իր բջիջային հաղորդագրութեան մէջ՝ «յարգելի տնօրէն-խմբագիր…»: Ամիսները սահեցան ու հրաւիրատոմսերուն վրայ «տնօրէն»ը սկսաւ փոխարինուիլ «խմբագիր»ով:
«Մէկ տարեկան հասակիս» ուսանելի շատ բան «որսացի»: Անհամբեր դարձած տպարանին եւ գործընկերներուդ տրուած խոստումներդ յարգելով, ընթերցողներուդ հանդէպ յարգալից վերաբերմունք ցուցաբերելով հասկցայ «ժամանակի դէմ կռիւ», «ժամանակի հետ մրցում» դարձուածքներուն իմաստը: Ու այսօր ուրախութեամբ պէտք է արձանագրել, որ 12 ամիս տպագիր օրինակը անխափան հասաւ բաժանորդին, իսկ «ուաթցաբ»եան PDF տարբերակը աշխարհին՝ առանց երկվայրկեան մ’իսկ ուշանալու:
Այս 52 շաբաթներու ընթացքին վերջապէս նկատեցի, որ ինչպէս օրը կը դառնայ շաբաթ, շաբաթը՝ ամիս, ամիսը՝ եռամսեակ ու անոնք կը գլորուէին շատ աւելի արագ քան անցեալ տարիները:
Անքուն գիշերներ, պարտաւորութիւններէ ստիպողական բացակայութիւններ, մէկ աչքը բջիջայինին վրայ սեւեռած, միւսով՝ հանդիսութիւններ կամ հանդիպումներ:
Լիբանանէն եւ աշխարհի տարբեր շրջաններէն այցելուներ ալ ունեցանք: «Արարատ»ին հանդէպ անոնց ամենաչնչին նիւթական կամ բարոյական քաջալերանքն անգամ գնահատեցինք թերթին մէջ «երկու անուշ խօսքով» եւ լուսանկարով:
Մեր աւանդական ուղին պահեցինք հինգ յաւելուած թիւերով՝ «Արարատ»ի 87-ամեակ, Նոր Տարուան բացառիկ, Հայոց ցեղասպանութեան 110-ամեակ, Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի տխրահռչակ օր եւ Քսան Կախաղաններու 110-ամեակին նուիրուափ 44-էջանոց յատուկ յաւելուած:
«Արարատ»ի գրադարանը, որ նոր հրատարակութիւններով կ’երիտասարդանար, դասաւորուեցաւ եւ թուագրուեցաւ սիրայօժար ծառայութեամբ ընկերուհիներ՝ Քրիսթին Շահինեանի եւ Զարիկ Քիւրքճեանի:
Փորձեցինք քայլ պահել եւ յիշել մեր ազգին գրական, մշակութային, մարզական, մամլոյ, կրթական երախտաւորները:
Քչիկ մը քննադատուեցանք թերթին «ուղղութեն»էն երբեմն դուրս գալու համար: Մեր պատասխանը կ’ըլլար «Արարատ»ը այնպէս ընել, որ դառնայ հաւասարակշռուած եւ ԲՈԼՈՐին սիրելի թերթը յատկապէս վերը յիշուած «թաւալումի» պայմաններուն մէջ:
Ի ուրախութիւն բոլորին, վերջապէս յամառ ջանքերէ ետք, մէկ ամիսէ ի վեր «Արարատ»-ի տպագիր օրինակները հասանելի սկսան դառնալ նաեւ Հալէպի ընթերցողներուն:
Ժամանակէ մը ասդին առաջին էջին վրայ երեւաց ընթերցողները հայ մամուլին կապող լոզունգներ: Անոնք անմիջապէս տուին իրենց դրական արդիւնքը: Նուիրատուներ ինքնակամ կ’այցելէին խմբագրատուն եւ սիրայօժար կը նուիրէին մամուլի հանդէպ իրենց սրտի ու խղճի լուման: Ուստի, շնորհակալութիւն բոլոր նուիրատուներուն:
Տարեդարձի այս օրը պարտք կը զգամ խորին շնորհակալութիւն յայտնել՝
Ս.Դ.Հ.Կ.ի Վարիչ մարմինին, մամլոյ դիւանապետին, տնտեսական դիւանին:
Ողբացեալ խմբագիր Սարգիս նաճարեանին:
Մտաւորական, բանասէր եւ կրթական մշակ Լեւոն Շառոյեանին:
Լեզուաբան տոքթ. Արմենակ Եղիայեանին:
Մատենագիր Կարօ Աբրահամեանին:
Պատմաբան պրն. Զաւէն Մսրըլեանին:
Պատմաբան Գէորգ Եազըճեանին (Գէորգ Նաթալի):
Խմբագիրներ՝ ընկերներ Գրիգոր Խոտանեանին, Աւետիս Ռազմիկին, Եփրեմ Թոքճեանին: Նաեւ՝ Պարոյր Աղպաշեանին, դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեանին, Շաքէ Մանկասարեանին:
Յօդուածագիրներ՝ Տէր Աբէլ քհնյ. Մանուկեանին, Ազատուհի Սիմոնեանին, ընկ. Ալեք Քէօշկէրեանին, Պերճ Արապեանին, Անի Թորանեանին, պրն. Վաչէ Գարաճեանին, Յարութիւն Իսկահատեանին, Զարմինէ Կանաչեան-Ասմինեանին, Լիզա Թելվիզեանին, դոկտ. Հրայր եւ դոկտ. Արտա Ճէպէճեաններուն, Յովսէփ Մելքոնեանին, Ռուբէն Յովակիմեանին, մեթր Պարգեւ Դաւիթեանին, Նորա Պարութճեանին, Սիլվա Իսկիկեան-Մահսերեճեանին, Սուրէն Շէրիքին:
Շնորհակալութեան խօսք թերթին սխալները առաջինը նկատող՝ տիկնոջս:
Առաջին էջի խմբագիր՝ որդուս՝ Շիրազին:
Կայքէջին համար՝ Վիքի Սալպաշեանին:
Երախտագիտական խօսք «Արարատ»ի ցրուիչներ՝ Գէորգ Տաղլեանին, Արա Գոճաօղլանեանին եւ Հրայր Դանիէլեանին, առանց որոնց՝ թերթին տպագրութիւնը անիմաստ պիտի դառնար:
Եւ Վերջապէս գնահատանքի խօսք եւ շնորհակալութիւն «Արարատ»ի անյայտ զինուորին, քուլիսներու ետեւ՝ ճաշակաւոր եւ բծախնդիր խմբագրական աշխատանքներու վարպետ, արթուն եւ շրջահայեաց սրբագրող, էջադրող ու խմբագիր Օրդ. Լիւսի Տէօքմէճեանին:
Ձեր բոլորին անդուլ ջանքերուն շնորհիւ՝ այսօր մարեցի տնօրէնութեանս տարեդարձի առաջին մոմը:
Բարի տարեդարձ:


Ի՜նչ մեծ աշխատանք կը տարուի Արարատ օրաթերթի շարունակութիւնը ապահովելու ճիգերուն մէջ գլխաւոր խմբագիրին՝ մեր սիրալիր ու յարգելի ՆԱԶՕ ՃԷՐԷՃԵԱՆի շօշափելի հոգատարութիւնը, որուն ականատեսն ենք ՄԵՆՔ: