Խմբային
«Հ.Մ.Մ. Պէյրութ»ի սեղանի թենիսի կրտսեր ներկայացուցիչները՝ Նայիրի Թաքքաշեան, Տեսիլ Լոշխաճեան եւ Նաթալի Քէշիշօղլեան, իրենց միասնական ուժերով փայլուն մասնակցութիւն ունեցան Պէյրութի շրջանի մրցաշարքին։ Երեք մարզիկներով կազմուած խումբը իրենց մարզիչին՝ ընկեր Վահան Մաղաքեանի ցուցմունքներով արժանաւոր կերպով ապահովեց առաջին դիրքը՝ ցուցադրելով նուիրում եւ բարձր մարզավիճակ։
Մրցաշարքի աւարտական խաղին, «Հ.Մ.Մ. Պէյրութ»ը 3-0 արդիւնքով յաղթեց «Թաատոտ» ակումբի ներկայացուցիչներուն եւ ճամբայ բացաւ դէպի Լիբանանի ախոյեանութեան փուլը, որ տեղի պիտի ունենայ 2-3 Օգոստոսին՝ յառաջիկայ շաբաթավերջին։ Այս յաջողութեամբ, Հ.Մ.Մ.-ի պատանիները անգամ մը եւս վկայեցին, որ Հ.Մ.Մ.-ի մարզական համակարգը ունի խոստումնալից սերունդ մը։

Անհատական
Նոյնպէս իւրայատուկ յաջողութիւն մը արձանագրուեցաւ անհատական մրցումներու բաժինէն ներս, երբ Նայիրի Թաքքաշեան եւ Տեսիլ Լոշխաճեան՝ «Հ.Մ.Մ. Պէյրութ»ի պատանի մարզիկները, ապահովեցին իրենց անցումը դէպի Լիբանանի տարիքային մենախաղերու ախոյեանութեան յաջորդ փուլը, նոր մղում մը տալով՝ շարունակելու իրենց ջանքերը։ Մրցումները նախատեսուած են 8-10 Օգոստոսին։
Նոյն ծիրէն ներս, Լեռնալիբանանի շրջանին մէջ ալ ոգեւորիչ շարժում արձանագրուեցաւ՝ «Հ.Մ.Մ. Անթիլիաս» եւ «Հ.Մ.Մ. Մասիս» մասնաճիւղերը առաջին անգամ իրենց մասնակցութիւնը բերին սեղանի թենիսի տարիքային մրցաշարքերուն՝ աղջկանց ու տղոց խումբերով։ Հակառակ որ իրենց այս առաջին մասնակցութեամբ չյաջողեցան անցնիլ աւարտական փուլ, սակայն իրենց ներկայութիւնը արդէն իսկ հաւաստի ազդանշան մըն է ապագայի զարգացման եւ նոր յաղթանակներու ակնկալութեան։
Այս քայլերն ու յաջողութիւնները վկայութիւն են, որ Հ.Մ.Մ.-ի մարզական ընտանիքը կը շարունակէ կերտել ուժեղ, յանձնառու եւ յաղթանակներու արժանի սերունդ մը՝ բարձր պահելով միութեան պատուաբեր անունը։
Շնորհաւորենք մեր պատանի մարզիկներն ու անոնց պատասխանատուները, եւ մաղթենք, որ սկզբնական այս քայլերը շարունակուին հետեւողական ջանքերով:

