Պատճա՞ռը… երբեք ալ ձեր միտքէն անցուցածը չէ՛:
Բնա՜ւ երբեք:
Բոլորովին անսպասելին է, հաւատացէ՛ք:
Ես ալ կը խորհէի թէ միայն նիւթական շահի, ռազմական արտադրութիւններու առուծախի, ամերիկեան գերակայութիւնը պարտադրելու համար են: Բայց ո՜չ, բոլորովին տարբեր պատճառ մըն ալ կայ ԵՂԵ՜Ր:
Արդեօք ի՞նչն է, ըսեմ:
Ամերիկացիներուն աշխարհագրութիւն սորվեցնելու համար:
Այո՛, այո՛, մի՛ շուարիք, մի՛ շփոթիք, ապշահար մի՛ ըլլաք: Երբ գրութիւնս կարդաք, կը լուսաբանուիք:
Աւետարանը (գրաբարը անշուշտ) կ’ըսէ. «ի բերանոյ քումմէ դատեցար»: Իսկապէս ալ, բոլորս մեր արտայայտութիւններէն է որ կը դատուինք:
Իրենց իսկ արտայայտութիւներէն դատելով է որ ես ալ համարձակեցայ ըսել, թէ ամերիկացիք ընդմիշտ պատերազմ կը հրահրեն իրենց քաղաքացիներուն աշխարհագրութիւն սորվեցնելու համար:
Ամերիկացի հեղինակ, քննադատ, դերասան Alexandre Woollcott (1887-1943) աւելի քան հարիւր տարի առաջ ըսած է. «Պատերազմը Աստուծոյ պարգեւած լաւագոյն ձեւն է ամերիկացիներուն աշխարհագրութիւն սորվեցնելու»:
Իսկապէս ալ, ամերիկացիք (մեծամասնութիւնը,) նոյնիսկ համալսարանականները, տգէտ ըլլալու աստիճան անգէտ են աշխարհագրական պարզ, նախնական գիտելիքներու մէջ: Ամբաստանութիւն չէ՛ ըրածս, հարիւրաւոր տեսերիզներ կան համացանցի վրայ, որոնք կը փաստեն ըսածս: Կրնաք շատ դիւրաւ հետեւիլ:
Քանի մը օրինակ:
– Երկրագունդի վրայ քանի՞ ցամաքամաս կայ:
— Յիսո՞ւն (վստահ ալ չէ), երբ հինգ հատ է միայն:
– Թուէ՛ երեք երկիր:
— Ափրիկէ, Եւրոպա, Ալասքա (Ամերիկեան նահանգ), իսկ առաջին երկուքը՝ ցամաքամաս:
– Որո՞նք են Միացեալ Նահանգներու սահմանակից երկիրները:
— … (ոչ մէկ պատասխան, ոչ իսկ կռահելու կարողութիւն):
– Միացեալ Նահանգներու հարաւի սահմանակից երկիրը:
— Հիւսիսային բեւեռ: (Պատասխանը՝ Մեքսիքօ):
– Ո՞ր երկրին մէջ կը գտնուի Փանամայի ջրանցքը:
— Իտալիա: Մինչ ըստ ուրիշի մը՝ Հայիթի:
Ճամբորդութիւններէն մեկուն ընթացքին էր, Փիցպըրկի օդակայանը նստած, թռիչքս կը սպասեմ Պոսթոն երթալու համար: Օդանաւը ուշացաւ: Ամենայն լրջութեամբ կը շարունակեմ կարդալ օրուան թերթը: Շուրջս աղմուկ-աղաղակ: Պաստառներուն վրայ ինչ որ խաղ մը կայ որ զիս երբեք ալ չի՛ հետաքրքրեր:
Յանկարծ մէկը ուսիս զարնելով բան մը ըսաւ. դադրեցուցի ընթերցումս եւ կրկնել տուի ըսածը: Չէի հասկցած: Կեդրոնացումս իր վրայ չէր:
– Փիցպըրկէ՞ն ես:
— Ո՛չ:
– Հա՜, ուրեմն Պոսթոնէն ես:
— Ո՛չ:
Հետաքրքրութիւնը արթնցաւ, ըսա՛ւ. «Հապա՞»:
— Կիպրոսէն: (Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի օրերուն Կիպրոս ապաստանած էինք):
Զարմացաւ:
– Կիպրո՞ս:
— Միջերկրական ծովու արեւելքը գտնուող կղզի մըն է:
– Գերմանիոյ մօ՞տ:
Պարտաւոր չէր Կիպրոսը գիտնալու, բայց Միջերկրական ծովն ալ չգիտցաւ:
Ընկերը միջամտեց՝ ըսելով. «Ափրիկէի մէ՞ջ է»:
— Իսրայէլի դիմաց գտնուող կղզի մըն է: (Ի՞նչ գիտնամ որ անպայման պատերազմի մէջ եղող երկրի մը հետ պէտք էր կապէի տեղեկութիւնս):
Երբ Պոսթոն հասայ, եղած դէպքը պատմեցի հարազատներուս:
«Օ՜հ, այդ ի՞նչ է որ, վերջերս ընդհանուր զարգացման մրցումի մը ընթացքին, հարց տուին պատանուհիին, Ֆլորիտան ո՞ւր կը գտնուի»:
– Օ՜հ մենք տարին չորս-հինգ անգամ արձակուրդի կ’երթանք հոն:
Բայց քարտէսի վրայ չէր կրցած ցոյց տալ Ֆլորիտան:
Պատերազմ չեղող վայրերը ինչպէ՞ս կարենայ գիտնալ տիպար ամերիկացին:

