Խոր ցաւով իմացանք գաղափարական եւ հաւատաւոր հնչակեան, Հալէպի շրջանի Վարիչ մարմինի անդամ՝ ընկեր Հրաչ Գէորգեանի մահը, որ պատահած է Յորդանանի մէջ:
Հանգուցեալը փոքր տարիքէն անդամակցած էր Ս.Դ.Հնչակեան Կուսակցութեան շարքերուն, Հալէպի մէջ:
Եղած է Հալէպի Կիլիկեան վարժարանի սան, հետագային դառնալով իր հարազատ ճեմարանին հոգաբարձութեան անդամը:
Իր արհեստի ծիրէն ներս ճանչցուած անուն մը եղած է ան, հիւսիսային Սուրիոյ հայ թէ օտար շրջանակներուն համար:
Իր չափաւորական եւ հեռատես ընթացքով, նաեւ ընդունելի ներկայութիւն մը եղած է միջկուսակցական եւ միջմիութենական յանձնախումբերուն մէջ դրական նպաստը բերելով ե՛ւ խաղաղ օրերուն ե՛ւ յատկապէս պատերազմի ամբողջ շրջանին:
Բուժման ենթարկուելու նպատակով նախ կու գայ Լիբանան, ապա կը մեկնի Յորդանան, ուր Երկուշաբթի, 28 Յուլիսին, կանգ կ’առնէ հայրենասէր եւ գաղափարանուէր ընկերոջ յոգնաբեկ սիրտը:
Խունկ եւ աղօթք ընկեր Հրաչ Գէորգեանի անմար յիշատակին:

