1921-ին Հալէպի մէջ հիմնադրուեցաւ Հայ Մարմնամարզական Միութիւնը (Հ.Մ.Մ.)։ Միութեան տարածումէն ու զանազան շրջաններու մէջ իր արմատաւորումէն ետք, 1935-ին Հ.Մ.Մ. ունեցաւ իր սկաուտական խումբին կորիզը՝ Խաչեր Գալուստեանի նախաձեռնութեամբ։ Խումբի հաւաքները կը կատարուէին Հալէպի Կիլիկեան վարժարանին մէջ։
Վահան Մխիթարեան եղած էր հմուտ մարմնամարզիկ եւ միաժամանակ աշխատած էր «Մարմնամարզ» թերթի խմբագիր Շաւարշ Քրիսեանի հետ, հետեւաբար կազմակերպչական մեծ փորձառութիւն ունէր եւ անով զինուած՝ կը ծառայէր հայ պատանիներու դաստիարակութեան գործին, ուստի եւ հիմնական դերակատարութիւն ունէր սկաուտական շարժման սկզբնական շրջանին:
1935-ին, Կիլիկեան վարժարանին մէջ Խաչեր Գալուստեան կազմած էր «Կիլիկեան սկաուտներ» անունով սկաուտական խումբ մը։ Այս խումբին մէջ պատասխանատու պաշտօններ ստանձնած էին Անդրանիկ Պապայեան, Խաչեր Միսիրլեան, Գրիգոր Գոնտուրալեան եւ Կարապետ Եղսըզեան։ Գալուստեանի Պէյրութ փոխադրուելէն ետք, այս խումբը հանդիսացաւ Հ.Մ.Մ.-ի սկաուտութեան հիմքը։ Խմբապետութիւնը ստանձնեց Գրիգոր Գոնտուրալեան, որուն օժանդակեցին Անդրանիկ Պապայեան եւ Խաչեր Միսիրլեան։ Գոնտուրալեան իր պաշտօնը շարունակեց մինչեւ 1946 թուական։

Հետագային, ղեկավարութեան միացան Ժիրայր Մազմանեան եւ Տիգրան Սարաֆեան։ Փոխխմբապետներ եղան Սարգիս Խայեան (փողերախումբի պատասխանատու), Ազատ Եազըճեան (գայլիկներու պատասխանատու) եւ Յովհաննէս Նունուշեան (երէցներու պատասխանատու)։
1935-ին, Վահան Մխիթարեան փոխադրուելով Դամասկոս, այնտեղ ուժեղացուց Հ.Մ.Մ.-ի կազմակերպչական աշխատանքները եւ հիմնեց սկաուտական շարժում մը։ 1937-ին Պէյրութ անցած Մխիթարեան հոն հիմք դրաւ Հ.Մ.Մ.-ի սկաուտութեան կորիզին եւ ծառայեց որպէս Սուրիոյ եւ Լիբանանի ընդհանուր խմբապետ մինչեւ իր յառաջացած տարիքը։ 1943-էն սկսեալ խմբապետութիւնը ստանձնեց Լեւոն Պայրամեան, որ եղաւ Սուրիոյ եւ Լիբանանի շրջանային ընդհանուր խմբապետ մինչեւ 1955 թուականը, երբ հաստատուեցաւ Պէյրութ։

1937-ին Բիզանդ Կիլիկեան եւ Սեպուհ Եղիազարեան նախաձեռնեցին Պէյրութի Հ.Մ.Մ.-ի սկաուտական առաջին խումբի կազմութիւնը՝ խմբապետութեամբ ընկ. Յարութիւն Օհանեանի։ Երկու տարի անց, Պէյրութի Սահակեան վարժարանին մէջ եւս սկաուտական խումբ մը հիմնուեցաւ։ Ուսուցիչ եղբայրներ Հրաչ եւ Հմայեակ Սեդրակեաններու ջանքերով, տնօրէն պրն. Բենիամին Ժամկոչեան տրամադրեց սենեակ մը, ուր խումբը սկսաւ իր գործունէութիւնը։ Այս քայլը խթան հանդիսացաւ սաներու զանգուածային մասնակցութեան սկաուտական շարժման։ Այս շարժման միացան նաեւ պարմանուհիներ ու մանուկներ (8-10 տարեկաններ), որոնք կը կոչուէին գայլիկներ եւ արծուիկներ։ Շրջանաւարտներ Յակոբ Կարապետեան եւ Մկրտիչ Թորոսեան եւս մաս կազմեցին ղեկավարութեան։ Երախտագիտութեամբ պէտք է յիշել նաեւ խմբապետներ Արամ Օհանեան, Յովհաննէս Սեմէրճեան, Երուանդ Նշախեան, Յարութիւն Օգնայեանի անունները։

Քանի մը տարի անց այս խումբը եւս միացաւ Հ.Մ.Մ.-ին եւ շարունակեց իր գործունէութիւնը միութեան դրօշին ներքոյ։
1942-ին Ճիւան Արթինեանի եւ Անդրանիկ Համալեանի (հետագային՝ խմբապետ) ջանքերով կը հիմնուի Անդր-Նահրի Հ.Մ.Մ.-ի սկաուտական շարժումը (այժմ Հ.Մ.Մ. «Մասիս»), որ կարճ ժամանակի մէջ պատանիներու եւ երիտասարդներու լայն մասնակցութիւն ապահովեց։ Անդրանիկ Համալեանի Հայաստան ներգաղթելէն ետք, անոր գործը շարունակեց Գրիգոր Տէրատուրեան, օգնական ունենալով Կարպիս Պերպէրեան, Ֆիլիփ Յակոբեան եւ ուրիշներ։
Մազրաայի մէջ (Մսայթպէ), ուր Հ.Մ.Մ.-ի ակումբ մը կար, կազմուեցաւ սկաուտական խումբ մը՝ Յովհաննէս Սեմէրճեանի խմբապետութեամբ։ Շարժումը տարածուեցաւ մինչեւ Ճիւնի (խմբապետ՝ Գրիգոր Մահլէպճեան), Թրիփոլի (Թորոս Սահակեան), Համմանա (Նուպար Գանձապետեան) եւ Զահլէ (Արամայիս Ճէրէճեան)։

Հ.Մ.Մ.-ի սկաուտութիւն գոյութիւն ունեցած է նաեւ Քուէյթի մէջ։
1946-ին Պէյրութի շրջանի սկաուտական խմբապետն էր Երուանդ Նուսխաճեան։ Անոր յաջորդեց Արամ Օհանեան, փոխխմբապետ՝ Յովհաննէս Ֆրենկիւլեան, իսկ գայլիկապետ՝ Խաչիկ Գասապեան։ Նոյն ժամանակաշրջանին Հալէպէն Պէյրութ փոխադրուեցաւ Տիգրան Սարաֆեան՝ որպէս խմբապետ։
1947-ին հիմնադրուեցաւ Հ.Մ.Մ.-ի առաջին փողերախումբը, որ հետագային կատարելագործուեցաւ Սարգիս Նաճարեանի ղեկավարութեամբ եւ շարունակուեցաւ երկար տարիներ։
Ներգաղթի ժամանակ Հ.Մ.Մ.-ի սկաուտութիւնը ստանձնեց կարեւոր դեր մը. ան պահակութիւն կազմակերպեց Քարանթինայի մէջ։

Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի ընթացքին, երբ պայմանները կը թոյլատրէին, Հ.Մ.Մ.-ի սկաուտութիւնը շարունակեց իր գործունէութիւնը հաւաքներով ու բանակումներով։ Այս ժամանակաշրջանին, իրենց պարտաւորութիւններուն մէջ նուիրուած մնացին Կարօ Եփրեմեան, Յակոբ Սարաֆեան, Վազգէն եւ Տիգրան Սիսլեաններ, Վանիկ Պապոյեան, Համբիկ եւ Գրիգոր Թաթուլեաններ, Լեւոն Ատալեան, Փօլ Մուղալեան եւ շատ ուրիշներ։
(Համադրուած Նազելի Էպէեան-Նալպանտեանի «Հայ սկաուտին ուղեցոյցը» գիրքէն, Պէյրութ 2015)

