Հրաժեշտի վերջին ելոյթն ալ չկայացաւ: Ոչ իսկ «մնաք բարով»ի արտայայտութիւն:
Լուռ, անխօս ներկայութիւն մը միայն, որ աւելի ազդու էր, քան բեմահարթակէն եկած ձայնը:
Լիբանանեան ընկերային ցանցերն ու լրատուամիջոցները հաղորդեցին Զիատ Ռահպանիի մահը՝ 69 տարեկան հասակին։
Զիատը տարբեր էր։ Տարբեր էր իր ծնունդով, իր երգով, իր բողոքով, եւ… իր լռութեամբ։ Եւ այսօր տարբեր է նաեւ իր բացակայութեամբ։
Մեծ կորուստ մըն է արաբական երաժշտական բեմին համար։
Արուեստագէտ, հանճար եւ ազդեցիկ տաղանդ։
Ֆէյրուզի եւ Ասի Ռահպանիի «խռովարար» որդին դարձաւ երաժշտութեան, երգի, բեմագրութեան ու քաղաքական երգիծանքի անկրկնելի երեւոյթ։ Ան էր, որ փոխեց երաժշտութեան ձեւերը՝ նոր կեանք եւ կեցուածք ներշնչելով։
Ան ձայն մը էր, որ կը լսուէր անգամ իր լռութեան մէջ։
Ծիծաղ մը, որ կը ծնէր մեր խոր ցաւերէն։
Զիատը սոսկ երգահան չէր, այլ՝ գաղափար, ապրելակերպ, պայքար, իմացականութիւն։
Երաժշտական դիմադրութիւն մը, որ մերժեց ենթարկուիլ եւ խեղաթիւրուիլ, եւ մերժեց նաեւ շահագործուիլ։
Որովհետեւ Զիատը այն հազուագիւտ անձնաւորութիւններէն էր, որ երաժշտութիւնը վերածեց կեցուածքի, խօսքը՝ դիմադրութեան, իսկ հեգնանքը՝ ապրելու փիլիսոփայութեան։
Ան խոնարհօրէն իջաւ հռչակի բարձունքներէն, քալեց գիւղին ու աշխատաւորին ճամբայէն, համեստօրէն եւ առանց ցուցամոլութեան բռնեց անոնց ձեռքը։ Ու անոնց կողքին եղաւ այդ խաւարի ճանապարհին մէջ՝ խախտելով լռութեան, սեռային ու ընտանեկան խիստ սահմանները, կրօնական պարտադրանքները, աւանդոյթի ամուր պատնէշները եւ սարսափելի անգիտութիւնը։
Բայց ոչ-բոլորը սիրեցին զինք։ Չէզոքութեան ընտրանքէ զուրկ՝ կամ կ’ընդունէիր իր խօսքի ծանրութիւնը, կամ ի սպառ կը հեռանայիր անոր աշխարհէն։ Սակայն կարելի չէր հեշտօրէն մերժել Զիատը, որովհետեւ ան քեզի կը հրամցնէր ընտրելու անհրաժեշտութիւնը՝ կանգ առնելու, մտածելու եւ որոշում կայացնելու։
Եւ այսօր, Ֆէյրուզին ի՞նչ կրնանք ըսել։
Ո՛չ մէկ բա՜ռ. ոչ «կը ցաւակցինք», ո՛չ «Աստուած հոգին լուսաւորէ»։
Ինչպէ՞ս մխիթարել մայր մը, որ 53 տարեկանին կորսնցուց դուստրը, ամբողջ կեանքին ընթացքին խնամեց հաշմանդամ որդի մը, եւ հիմա՝ իննսունամեայ տառապանքով հրաժեշտ կու տայ Զիատին։
Որովհետեւ ի՞նչը կրնայ մխիթարել այն մօրը, որուն հոգին շարունակ երգած էր իր որդւոյն սրտով։
Միայն լռութիւնը։ Ֆէյրուզին առջեւ լռութիւնը կը մնայ միակ մխիթարական խօսքը։
Զիատի մահով Ռահպանի ընտանիքին փայլուն վարագոյրը իջաւ։ Վերջին հանճարն ալ հեռացաւ։ Սակայն ան պիտի շարունակէ ապրեցնել յառաջիկայ սերունդները իր մօր համար գրած առաջնեկ՝ «Սա՛ալունի նաս» երգէն սկսեալ, հասնելով մինչեւ մեր պատանեկութեան երազները հիւսած «Աա Հատիր էլ Պոսթա»-ն։
Ան մեկնեցաւ, բայց մնաց։ Իբրեւ ձայն, յիշողութիւն, իբր յատուկ շունչ, որ չի մեռնիր։ Իբրեւ խօսք, որ չի մոռցուիր։
Եւ… գաղութատէր պատնէշները ցնցող ապստամբ:

