Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՆՈՐ ԳԻՐՔԵՐ  «ԿՈՄԻՏԱՍ» 

ԱՒԵՏԻՍ ՌԱԶՄԻԿ (Նիկոսիա)

July 29, 2025
in Յօդուածներ
0
ՆՈՐ ԳԻՐՔԵՐ   «ԿՈՄԻՏԱՍ» 

 

Անզուգական Կոմիտաս Վարդապետին նուիրուած հատորներուն երկար ցուցակը վերջերս համալրուեցաւ նոր հատորով մը եւս: Նախկին հալէպահայ, ապա ԱՄՆ հաստատուած, ծանօթ մատենագէտ, մտաւորական Յովսէփ Նալպանտեանն է կազմողն ու խմբագրողը նորատիպ հատորին:

Կոմիտասի ինքնատիպ տիպարը, հայ մեծերու շարքին, ամենաշատ հետաքրքրութիւնն առթած տիտանն է անտարակոյս: Կոմիտասը իրենց ներշնչման խորհրդանիշ դարձուցած են գրողներ, նկարիչներ, քանդակագործներ, երաժշտահաններ, արուեստագէտներ: Կոմիտասի շունչով եւ երգերով դաստիարակուած ու կրթուած են սերունդներ: Կոմիտասի պայծառ անհատականութիւնը, ողբերգական կեանքն ու վախճանը, տուայտանքներն ու հանճարեղութիւնը, անոր ունեցած ազդեցութիւնը մեր ժողովուրդին վրայ, դեռ պիտի մնայ ուսումնասիրելի, օրինակելի եւ խոր ակնածանքի արժանի: Եւ ահա, մեր սեղանին դարձեալ ունեցանք հատոր մը՝ Կոմիտասի մեծութիւնը անգամ մը եւս հաստատող:

477 էջերէ բաղկացած հատորը ձօնուած է Կոմիտաս Վարդապետի ծննդեան 155-ամեակին եւ մահուան 90-ամեակին: Յառաջաբանին մէջ գիրքին խմբագիրը կը պարզաբանէ թէ ինչո՞ւ նախաձեռնած է նման աշխատանք մը, ի՞նչը դրդած է որ ան Կոմիտասը իր ջանքերով անգամ մը եւս հանրայնացնէ: Հոն կը կարդանք՝ «Կոմիտաս համազգային անկրկնելի մեծութիւն է: Ան իրապաշտ-ժողովրդական երգարուեստի ականաւոր վարպետն է: Մեծահանճար Կոմիտասը առեղծուածային երեւոյթ էր՝ տեսաբան, խմբավար, յօրինող, նուագող, մշակող, երգող, մշակոյթի աննկուն գործիչ: Կոմիտասեան երգը հիացուց, խանդավառեց, գերեց, ուրախացուց, տխրեցուց եւ հպարտութեամբ լեցուց հայու հոգին: Չգերազանցուած հանճարը, Կոմիտասը մեր ազգային հպարտութիւնն է . ան յայտնաբերեց «ազգային ոճն ու ոգին»»: Ան կ’եզրակացնէ՝ «Մեծագործ Կոմիտասի անգնահատելի, արդիւնաւոր աշխատանքի առջեւ կը խոնարհիմ եւ կ’ըսեմ պատիւս արժանաւորաց»: Ձեւով մը սոյն հրատարակութիւնը երախտագիտական արտայայտութիւն է հանդէպ Կոմիտաս Վարդապետին:

Գիրքը ընթերցողներուն համառօտակի կը ծանօթացնէ գրականագէտ, բանասէր, գրող Նայիրա Համբարձումեան՝ «Կարեւոր ներդրում կոմիտասագիտութեան ոլորտում» խորագիրով: Հոն ընդգծուած է՝ «Հեղինակը նշանաւորել եւ ամփոփել է Կոմիտաս Վարդապետի հոգեւոր ներուժը, նրա ժառանգութեան վերաբերեալ եղած գիտական վերլուծութիւնները, յուշերը, անդրադարձները»:

Նախ կը կարդանք Կոմիտասի ինքնակենսագրականն ու յիշատակելի թուականներ Կոմիտասի կեանքէն.- 1869-ին ծնունդ Կուտինայի (Քիւթահիա) մէջ՝ որպէս Սողոմոն Սողոմոնեան, զրկեալ մանկութիւն, որբացեալ պատանեկութիւն, նախնական կրթութիւն, ծննդավայրին եկեղեցւոյ մէջ դպրութիւն, դէպի Էջմիածին եւ սան ճեմարանէն ներս, մեծ բարերար Ալեքսանդր Մանթաշեանի օժանդակութեամբ դէպի Պերլին՝ երաժշտական կրթութեան, աւարտելէ ետք՝ վերադարձ Էջմիածին եւ կը միանայ միաբանութեան, նախ՝ սարկաւագ եւ ապա 1893-ին՝ աբեղայ, վարդապետ եւ երաժշտութեան ուսուցիչ: Յաջորդաբար այցելութիւններ կովկասեան եւ եւրոպական քաղաքներ, համերգներ եւ փայլուն յաջողութիւններ, Էջմիածնի մէջ հալածանքներ իր դէմ, որմէ ետք՝ Կ. Պոլիս, «Գուսան» երգչախումբ, լայն արձագանգ երաժշտական աշխարհէ ներս, Հայոց ցեղասպանութիւն, աքսոր, հոգեմտաւոր ցնցումներ, փրկութիւն, հիւանդանոցներ, Փարիզի հոգեբուժարան, թշուառ ու լքեալ վիճակ եւ ցաւալի վախճան 21 Հոկտեմբեր 1935-ին: Ազգային մեծ կորուստ: Աճիւնները կը փոխադրուին Խ. Հայաստան 27 Մայիս 1936-ին:

Այնուհետեւ, գիրքը կը բաժնուի չորս մասերու՝ ա.- Կոմիտասէն գրութիւններ, նամակներ, յօդուածներ, բանաստեղծութիւններ, խօսքեր, բ.- յօդուածներ, յուշեր, հարցազրոյցներ նուիրուած Կոմիտասին, գ.- Կոմիտաս Վարդապետին նուիրուած բանաստեղծութիւններ, եւ դ.- օտարները Կոմիտաս Վարդապետի մասին:

Առաջին մասէն՝ այժմէական տողեր Կոմիտասէն՝ «Ազգին վիճակը» խորագիրով. «…Հօտն անհովիւ՝ մոլոր ու շփոթ, աներեւոյթ եւ անզուսպ ալիքներ յախուռն կը յուզին ի խորս մեր հալածական եւ ողբալի կենաց ծովու: Մթնոլորտը թոյն կը տեղայ, բուժիչ ուժ չկայ: Աւերած, սարսափ ու սանձարձակ կեղեքում մէկ կողմէն, անտարբերութիւն, օտարամոլութիւն եւ ցեխոտ սրտեր միւս կողմէն: Փառասիրութիւն, փութկոտութիւն մէկ երեսէն, ապիկարութիւն, տգիտութիւն միւս երեսէն: Սիրտս փլած է»: Հայ գեղջուկին ու գաւառի մասին՝ «Ցարդ գաւառը մեր աչքին առջեւ լծորդուած է խաւարի հետ: Մենք մեծ մասամբ գաւառը կը ճանչնանք իր տգիտութիւնով եւ յետամնացութեամբ: Բայց գաւառը իմ աչքիս առջեւ կը պատկերանայ իբրեւ սրբավայրը հայ գեղարուեստի նշխարներու, հոն կը տեսնեմ հայ երգը՝ հայ գեղջուկին շրթներուն վրայ, հայ գութանը, հայ գեղջուկը իր արօրին ու մաճկալին հետ, ու քարերն անգամ նուիրականութիւն մը կը յիշեցնեն: Այդ քարի բեկորներն են մեր հայրենիքը, ազնիւ հանդիսականներ, հոն են շերտերը մեր գեղարուեստին եւ ոչ թէ մայրաքաղաքներուն մէջ, ուրկէ մենք գաւառը կը դիտենք իբրեւ խաւարի վայր»: Կոմիտասի դիպուկ գնահատականը՝ «Սխալ դաստիարակութեան արդիւնք է, որ շատերը, որոնք հանճարներ պիտի ըլլային, եղած են գողեր»: 

Գիրքին խմբագիրը՝ Յովսէփ Նալպանտեան հետեւողական ջանադրութեամբ հաւաքած եւ մէկտեղած է Կոմիտասի մասին նիւթեր զանազան գիրքերէ, պարբերականներէ եւ ուսումնասիրութիւններէ՝ ըլլան անոնք ժամանակակիցներու վկայութիւններ, սաներու յուշեր, գրողներու եւ երաժշտահաններու խօսքեր ու միտքեր: Շրջանակը շատ լայն է այս առումով եւ պատկառելի անուններով՝ Միհրան Թումաճան, Արուս Ազատեան, Շաւարշ Միսաքեան, Ա. Սահակեան, Յակոբ Ասատուրեան, Հայկ Խօրասանճեան, Բենիամին Թաշեան, Խորէն Պալեան, Արշալոյս Բաբայեան, Հրաչեայ Աճառեան, Ս. Գ., Շահան Պէրպէրեան, Գասպար Իփէկեան, Օննիկ Սարգիսեան, Ա., Արշակ Չօպանեան, Սիմոն Վրացեան, Մ. Վալիտէեան, Արաքսի Պապիկեան-Անտիկեան, Գէորգ Քրիստինեան, Մ. Մարութեան, Արսէն վրդ. Պէրպէրեան, Տիգրան Կամսարական, Արմենակ Շահ-Մուրատեան, Մելինէ Գարագաշեան, Արտաւազդ Արքեպիսկոպոս, Սոֆիա Քալանթարեան-Ղալամքարեան, Մանուէլ Քէօսէեան, Ստեփան Բաբելեան, Աշոտ Պատմագրեան, Սիլվա Կապուտիկեան, Հենրիկ Անասեան, Գառնիկ Ադդարեան, Ռաֆայէլ Արամեան, Շարա Տալեան, Ա. Արմէնեան, Մելանիա Աբովեան, Լեւոն Միրիջանեան, Իզաբելա Եոլեան, Եդուարդ Սիմքէշեան, Փանոս Թէրլէմէզեան, Ռոպերտ Դաւթեան, Մատթէոս քհնյ. Հէքիմեան, Խաչիկ Սաֆարեան, Ռոպերտ Աթայեան, Խալիտէ Էտիպ, Պայծառ Երկաթ, Ղեւոնդ Մելոյեան, Ստեփան Պօյաճեան, Մարգարիտ Բաբայեան, Անահիտ Կիրակոսեան, Սաթենիկ Մելիքեան, Գէորգ Պ. Յակոբեան, Ա. Վռամեան, Սպիրիդոն Մելիքեան եւ ուրիշներ: Այս գրութիւններուն ընդմէջէն կարելի է Կոմիտասը յայտնաբերել իր բազմաթիւ երեսներով՝ թէ՛ անձնական կեանքէն, թէ՛ երաժշտական գործունէութենէն, թէ՛ ներսոյզ ապրումներէն, թէ՛ խռովքներէն եւ յուզմունքներէն: Այս բաժնին մէջ ուշագրաւ է Գէորգ Պ. Յակոբեանի արխիւային մէկ յայտնաբերումը՝ կապուած Կոմիտաս Վարդապետին արտասահման մեկնումին. գրութեան խորագիրն է՝ «Թալէաթ փաշա ի՞նչ պայմաններու տակ արտօնեց, որ Կոմիտաս Վարդապետ արտասահման մեկնի»:

Կոմիտասին նուիրուած բանաստեղծութեանց գլուխ-գործոցը բնականաբար կը մնայ բանաստեղծ Պարոյր Սեւակի անգերազանցելի «Անլռելի Զանգակատունը»: Սակայն, գիրքին երրորդ բաժնով կը կարդանք բազմաթիւ այլ բանաստեղծութիւններ նուիրուած մեծ երաժիշտին. արդարեւ, կը տողանցեն անունները հայ գրականութեան մեծերուն՝ Վահան Թէքէեան, Յովհաննէս Շիրազ, Սողոմոն Տարօնցի, Հրաչեայ Բեգլարեան, Յակոբ Մանուկեան, Հայորդի (Գէորգ Աւետիսեան), Եղիշէ Չարենց, Զահրատ, Սոկրատ Խանեան, Համօ Սահեան, Կոստան Զարեան, Գէորգ Էմին, Վարդ Շիկահեր, Աւետիք Իսահակեան, Զարեհ Խրախունի, Յարութիւն Աղայեան, Մինաս Գրիգորենց, Նայիրի Զարեան, Վահան Խիւտավէրտեան, Հայկ Պարիկեան, Ռուբէն Մարուխեան, Կորիւն Առաքելեան, Խաչիկ Մանուկեան, Վահագն Դաւթեան, Գուրգէն Մահարի, Վեսպեր, Ազատ Վշտունի, Արաքս Նաւասարդեան, Բժ. Յովսէփ Ճիռեան, Արմէն Պօղոսեան, Զինաիդա Բալայեան:

Չորրորդ գլուխով արդէն կը կարդանք օտարազգի երաժշտահաններու, խմբավարներու, դասախօսներու, մասնագէտներու գնահատականները Կոմիտասի մասին:

Գիրքի աւարտին կայ Կոմիտաս Վարդապետի մասին գրուած գիրքերու եւ նիւթերու փոքր ցանկ մը, խմբագրողին կենսագրականը եւ Յովսէփ եւ Գարոլին Նալպանտեան մատենաշարին ցուցակը: Ի դէպ, սոյն հատորը մատենաշարին 100-րդ գիրքն է: Ամենավերջին, գիրքին խմբագիրը շնորհակալական խօսքեր ունի փրոֆ. Վանօ Եղիազարեանին, Նայիրա Համբարձումեանին, Յասմիկ Կարապետեանին, Նազարէթ Ճէրէճեանին եւ Երեւանի Աւետիք Իսահակեանի անուան գրադարանին:

 

 

 

Share63Tweet39
Previous Post

ԱՆԴԱՄԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎԻ ՀՐԱՒԷՐ

Next Post

ԶԻԱՏ ՌԱՀՊԱՆԻ. ԱՐԱԲԱԿԱՆ ԵՐԱԺՇՏՈՒԹԵԱՆ ՎԵՐՋԻՆ ԱՊՍՏԱՄԲԸ

Next Post
ԶԻԱՏ ՌԱՀՊԱՆԻ. ԱՐԱԲԱԿԱՆ ԵՐԱԺՇՏՈՒԹԵԱՆ ՎԵՐՋԻՆ ԱՊՍՏԱՄԲԸ

ԶԻԱՏ ՌԱՀՊԱՆԻ. ԱՐԱԲԱԿԱՆ ԵՐԱԺՇՏՈՒԹԵԱՆ ՎԵՐՋԻՆ ԱՊՍՏԱՄԲԸ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.