Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՍՈՒՐԻՈՅ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ՝ ՍԵՊՏԵՄԲԵՐԻ ԵՐԿՐՈՐԴ ԿԻՍՈՒՆ

July 29, 2025
in Միջազգային
0

 

Սուրիոյ մէջ շուտով տեղի պիտի ունենան խորհրդարանական ընտրութիւններ: Ընտրական գերագոյն յանձնաժողովի նախագահ Մոհամմատ Թահա Ահմատ յայտնեց, թէ սուրիական զանազան կողմերու հետ խորհրդակցութիւններու լոյսին տակ կազմուած է ընտրական նոր օրէնքին պատկերացումը եւ որոշուած է խորհրդարանին երեսփոխաններուն թիւը 150-էն բարձրացնել 210-ի, որպէսզի բոլոր շրջանները ունենան աւելի լաւ ներկայացուցչութիւն: Հանրապետութեան նախագահը պիտի նշանակէ 70 երեսփոխան, մնացեալն ալ պիտի ընտրուին ժողովրդային քուէարկութեամբ, որ տեղի պիտի ունենայ 15-էն 20 Սեպտեմբերի միջեւ: Ըստ ընտրական յանձնաժողովին, քուէարկութեան հոլովոյթը դիտարկելու հնարաւորութիւն պիտի տրուի միջազգային կազմակերպութիւններուն, ինչպէս նաեւ պիտի երաշխաւորուի ընտրական արդիւնքները բողոքարկելու իրաւունքը:

Սուրիոյ նախագահ Ահմատ Շարաա հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ իր ֆրանսացի պաշտօնակից Էմանուէլ Մաքրոնի հետ: Ան շեշտեց, որ կառավարութիւնը պիտի յարգէ երկրին կայունութիւնը պահպանելու պարտականութիւնը, խստիւ դատապարտելով Սուրիոյ ներքին հարցերուն արտաքին միջամտութիւնները: Շարաա Սուէյտան համարեց Սուրիոյ անքակտելի մասնիկը:

Ֆրանսայի մէջ իր ունեցած տեսակցութիւններուն ընթացքին սուրիական նախարարական պատուիրակութիւն մը շեշտած է Սուրիոյ միասնականութեան եւ գերիշխանութեան պահպանումը, զանոնք համարելով անսակարկելի սկզբունքներ: Ըստ սուրիական պատուիրակութեան, հարաւային Սուէյտան Սուրիոյ անբաժանելի մասնիկն է, իսկ անոր բնակիչները՝ սուրիական հաւաքականութեան կարեւոր բաղադրիչ: Մաքրոն, իր կարգին, Դամասկոսին կոչ ուղղեց պատժելու բռնարարք գործողները եւ կատարելու երկխօսութիւն՝ միաւորելու համար երկիրը:

Ֆրանսայի Ընդհանուր դատախազութիւնը պահանջեց ձերբակալութեան նոր յուշագիր մը հրապարակել Սուրիոյ նախկին նախագահ Պաշշար Ասատի նկատմամբ՝ «2013-ին քիմիական նիւթերով գործուած արիւնալի յարձակումին պատճառով»: Նշենք, որ Ֆրանսայի Վճռաբեկ ատեանը օրեր առաջ չեղարկած էր Ասատի ձերբակալութիւնը պահանջող առաջին յուշագիրը:

Մարդկային իրաւունքներու սուրիական դիտարանը մինչ այդ հաղորդեց, թէ Սուրիոյ նախկին վարչակարգի տապալումէն ետք գործադրուած է առանց դատավարութեան հրապարակային 3369 մահապատիժ:

 

Share63Tweet40
Previous Post

ԹՐԱՄՓ. « ԿԱԶԱՅԻ ՄԷՋ ԻՍԿԱԿԱՆ ՍՈՎ Է »

Next Post

ԻՆՉՈ՞Ւ ԱՃԱՊԱՐԵՑԻՐ, ԸՆԿԵՐ ՀՐԱՉ

Next Post
ԻՆՉՈ՞Ւ ԱՃԱՊԱՐԵՑԻՐ, ԸՆԿԵՐ ՀՐԱՉ

ԻՆՉՈ՞Ւ ԱՃԱՊԱՐԵՑԻՐ, ԸՆԿԵՐ ՀՐԱՉ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.