Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԹՐԱՄՓ. « ԿԱԶԱՅԻ ՄԷՋ ԻՍԿԱԿԱՆ ՍՈՎ Է »

July 29, 2025
in Միջազգային
0
ԹՐԱՄՓ. « ԿԱԶԱՅԻ ՄԷՋ ԻՍԿԱԿԱՆ ՍՈՎ Է »

 

 

Կազայի մէջ շարունակուող իսրայէլեան գործողութիւններուն զուգահեռ, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տոնըլտ Թրամփ յայտնեց, թէ Կազայի մէջ իսկական սով է, խոստանալով հաստատել քաղաքացիներուն առանց սահմանափակումի սնունդ մատակարարող կէտեր: Ամերիկացի նախագահին համաձայն, անհրաժեշտ է զինադադար յայտարարել Կազայի մէջ եւ օգնութիւն փոխանցել քաղաքցիներուն:

Եգիպտոսի իշխանութիւնները երէկ յայտարարեցին, թէ մարդասիական օգնութիւն փոխադրող բեռնակառքերը Եգիպտոսէն Կազա մուտք գործած են Քարմ Ապու Սալէմ անցակէտին վրայով: Մարդասիրական օգնութիւններու փոխանցումին մասնակցեցան նաեւ յորդանանեան զինուած ուժերը, որոնք Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն մասնակցութեամբ մարդասիրական օգնութիւններով բեռնուած փաթեթներ օդանաւով նետեցին Կազայի զանազան շրջաններու վրայ: «Մենք դրամական օգնութիւն յատկացուցինք Կազային, սակայն մեզի շնորհակալութիւն յայտնող չեղաւ», դժգոհեցաւ Թրամփ: Իսկ արտաքին գործերու նախարար Մարքօ Ռուպիօ յայտնեց, թէ զգալի յառաջընթաց գրանցուած է Կազայի բանակցութիւններուն առումով: Միւս կողմէ, Կազայի մէջ Համասի ղեկավար Խալիլ Հայյէ յայտնեց, որ զինադադարի բանակցութիւնները անիմաստ են, մինչ կը շարունակուի Կազայի պաշարումը եւ բնակչութեան սովը:

Միջին Արեւելքի հարցով ամերիկացի յատուկ պատուիրակ Սթիվ Ուիթքոֆ իր կարգին յայտնեց, թէ Համասի հետ բանակցութիւնները սկսած են վերադառնալ ճիշդ հունին: «Խաղաղութեան աբրահամեան համաձայնութիւնները պիտի ընդարձակուին եւ անակնկալ պիտի չըլլայ, եթէ մինչեւ տարեվերջ 10 երկիր եւս միանայ համաձայնութեան», ըսաւ ան:

Share63Tweet40
Previous Post

ՀԱՄԱՍ ԵՒ «ԺԱՄԱԱ ԻՍԼԱՄԻԷ» ԶԻՆԱԿԱՅԱՆ ՉՈՒՆԻՆ

Next Post

ՍՈՒՐԻՈՅ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ՝ ՍԵՊՏԵՄԲԵՐԻ ԵՐԿՐՈՐԴ ԿԻՍՈՒՆ

Next Post

ՍՈՒՐԻՈՅ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ՝ ՍԵՊՏԵՄԲԵՐԻ ԵՐԿՐՈՐԴ ԿԻՍՈՒՆ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.