Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԻՆՉՈ՞Ւ ԱՃԱՊԱՐԵՑԻՐ, ԸՆԿԵՐ ՀՐԱՉ

ՆԱԶՕ ՃԷՐԷՃԵԱՆ

July 29, 2025
in Այլազան, Գաղութային
0
ԻՆՉՈ՞Ւ ԱՃԱՊԱՐԵՑԻՐ, ԸՆԿԵՐ ՀՐԱՉ

 

«Չեմ կարող ասել՝ ինչ է կատարւում,

Բայց մի բան պարզ է՝

Աշխարհն է կարծես

Կամաց կործանւում»։

Աննա Վարդանեան

 

Ըստ երեւոյթին Ապու Գէւօն ճամպրուկները պատրաստած՝ իր մեկնումի վերջին կանչը կը սպասէր։ Կնոջ, զաւակներուն, թոռներուն, հարազատներուն, ընկերներուն եւ գրեթէ համայն Հալէպի՝ հայ թէ արաբ անխտիր, իր մեկնումը յետաձգելու աղերսներն ու աղօթքները չարդիւնաւորուեցան։

Այդ դաժան ախտը բոյն դրաւ հիւրասէրին, «սնուցանող»ին մարսողական կերակրափողերու ճամբուն վրայ։ Բժշկական արդիական միջամտութիւններն անգամ անզօր էին ազատել այն մարդուն, որ շատ ու շատ կեանքեր փրկած էր։ Բժիշկները անզօր էին որոշումներ կայացնելու. դարմանումի յստակ քարտէզը կը բացակայէր այն ընկերոջմէ, որ բորորին կողքին մնացած էր եւ անոնց նիւթական կամ առողջապահական անորոշ դժուարութեանց լուծումներ կը բաշխէր։ Եւ ինչպէս չգոռա՜լ. «Այս ճակատագիրն ինչ սեւ է, Աստուած, արդեօք դամբանի մրուրո՞վ է գծուած»…:

Որբացաւ Հալէպը իր իսկ ընտանիքէն առաջ։ Որբացաւ Ս.Դ.Հ.Կ.-ի շրջանակը։ Ծնողազուրկ դարձաւ Կիլիկեան վարժարանը։ Ոչ եւս է հալէպահայութեան «պապան»։ Հալէպցիք մխիթարուած էին քու անփոխարինելի ներկայութեամբդ գաղութէն ներս, որմէ չուզեցիր հեռանալ թէեւ ունէիր նիւթական լայն հնարաւորութիւնները «փախչելու համար այդ քաոսէն»։ Նախընտրեցիր մնալ հոն, ուրախութիւնդ եւ ցաւերդ կիսել հարազատ ժողովուրդիդ եւ ընկերներուդ հետ, քաջ գիտակցելով յատկապէս, որ գաղափարական ընկերներուդ չնչին մասը տակաւին կը մնար դարմանումի կարօտ: Եւ մինչեւ վերջին շունչդ ակնկալեցիր դարմանել քու եւ ծառայած հնչակեան ակումբիդ «անբուժելի» վէրքերը, հաւասարապէս… Սակայն ափսո՜ս, շատ ափսոս։

Մեր վերջին լուսանկարը հրաժեշտի լուսանկար էր եղեր։ Ընդամէնը մէկ շաբաթ առաջ: Շթորայի հիւանդանոցի սենեակէն դուրս գալու պահուն նախազգացումն էր արդեօ՞ք զիս ետ մղողը: Նկարուիլ խնդրեցի առանց իմանալու, որ ատիկա պիտի ըլլար բաժանումդ հաստատող քու կեանքի վերջին լուսանկարը:

Երթաս բարով, թանկագին ընկեր, անփոխարինելի էակ։

Հողը թող թեթեւ գայ վրադ:

 

Share100Tweet62
Previous Post

ՍՈՒՐԻՈՅ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ՝ ՍԵՊՏԵՄԲԵՐԻ ԵՐԿՐՈՐԴ ԿԻՍՈՒՆ

Next Post

ԱՆԴԱՄԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎԻ ՀՐԱՒԷՐ

Next Post

ԱՆԴԱՄԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎԻ ՀՐԱՒԷՐ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.