Համաս շարժումի լիբանանեան մասնաճիւղը հաղորդագրութեամբ մը հերքեց անցնող օրերուն տարածուած լուրերը, ըստ որոնց՝ լիբանանեան բանակը փակած է Ալէյ շրջանին մէջ Համասին պատկանող զինավարժութեան կեդրոն մը: Հաղորդագրութեան մէջ պաղեստինեան կազմակերպութիւնը նշեց, թէ Լիբանանի մէջ ոչ միայն զինավարժութիւն չի կատարեր, այլ նոյնիսկ այդ մտադրութիւնը չունի, յանձնառութիւն յայտնելով Լիբանանի գերիշխանութեան, անվտանգութեան եւ կայունութեան: Ժամաա Իսլամիէ կուսակցութիւնը եւս ժխտեց Ալէյ գաւառին մէջ զինավարժութիւն կատարելու մասին տարածուած լուրերը, շեշտելով որ յանձնառու կը մնայ Լիբանանի կայունութեան եւ ապահովութեան:

