Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ այցելեց Այն Թինէ եւ տեսակցեցաւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ՝ ներկայացնելու համար Փարիզ իր այցելութեան եւ այնտեղ կատարած խորհրդակցութիւններուն արդիւնքները: Վարչապետը կառուցողական համարեց Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի հետ զրոյցը, աւելցնելով որ ԵՈՒՆԻՖԻԼ-ի խաղաղապահ ուժերուն առաքելութիւնը պիտի երկարաձգուի Օգոստոսի աւարտին:
Սալամ եւ Պըրրի արծարծեցին նաեւ խորհրդարանին մէջ քննարկուող շարք մը օրինագիծերու մանրամասնութիւնները:

