Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՀԱՆԴԷՍ, ՄԵԾԱՀԱՆԴԷՍ ԵՒ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍ

  Լ. Շ.

July 26, 2025
in Յօդուածներ
0
ՀԱՆԴԷՍ, ՄԵԾԱՀԱՆԴԷՍ ԵՒ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍ

 

Այսօր իմ մտածումը կառչեցաւ «հանդէս» բառին։

Անշուշտ որ հանրածանօթ բառ մըն է այս եւ կը կարծեմ թէ չկայ մէկը, որ անգիտանայ անոր իմաստը։ Սակայն, այնուամենայնիւ, դիմեցի բառարանին։

Ի յայտ եկաւ, որ «հանդէս»-ը առանձին արմատ բառ է։ Այդպէս կը հաստատէ Հրաչեայ Աճառեանն ալ՝ իր «Արմատական  բառարան»-ին մէջ։ Մեծանուն լեզուաբանը կը նշէ, որ մենք այս բառը առեր ենք հին պարսկերէնէն՝  պահլաւերէնէն։

Հոգ չէ՜…։ Թէեւ բառը առեր ենք պահլաւերէնէն, սակայն զայն հայացուցեր ենք՝ անով կերտելով  ինչ-ինչ հայերէն բարդ կամ ածանցաւոր սիրուն նոր բառեր։ Օրինակ՝ հանդիսութիւն, հանդիսատես կամ հանդիսական (հանդէսին ներկայ եղողը),  հանդիսաւոր, հանդիսարան (այն վայրը, ուր մէկը երեւան կը հանէ իր բարեմասնութիւնները),  հանդիսադիր (հանդէսին գլխաւոր կատարիչը), հանդիսապետ, հանդիսասրահ։ Դեռ ունինք  «մեծահանդէս» բառը, որ կը գործածուի պաշտօնական փառահեղ արարողութիւններ բնորոշելու համար։ Զորօրինակ, միւռոնօրհնութեան արարողութիւնը ի՛սկապէս «մեծահանդէս»  արարողակարգ մըն է, որովհետեւ աննկարագրելիօրէն ակնախտիղ ու պերճաշուք պատկեր մը կը պարզուի մեր առջեւ՝ երբ հայոց կաթողիկոսը, 12 զգեստաւորեալ եպիսկոպոսներով  շրջապատեալ, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի Աջը կը թաթխէ միւռոնի կաթսային մէջ…։

Վեհապա՜նծ տեսարան։

Երբ կ’արտասանուի «հանդէս» բառը, ամէն ոք անմիջապէս կը մտաբերէ իր… մանկապարտէզի  հանդէսը։

Իրաւո՛ւնք ունիք։ «Հանդէս» կը նշանակէ հրապարակային տօն, տօնախմբութիւն, համախմբում։ Եւ այս ծիրին մէջ՝ աշակերտական հանդէսները ամէնէն ժողովրդայիններն են, ու բոլորս ալ մաս  կազմած ենք ատոնց՝ քանի-քանի անգամներ։     Բայց կան անշուշտ ուրիշ հանդէսներ ալ։ Օրինակ՝ զօրահանդէս, սգահանդէս, յուշահանդէս,  մարզահանդէս, պարահանդէս, երգահանդէս, դիմակահանդէս, խարուկահանդէս եւ այլն։ Չեմ  կրնար մոռնալ թագադրութեան հանդէսներն ալ (յիշեցէ՛ք Անգլիոյ վեհապետերուն  թագադրութեան պերճաշուք հանդէսները Լոնտոնի մէջ…)։

«Հանդէս»-ը լայնօրէն կը գործածուի նաեւ «ցուցադրութիւն» իմաստով։ Արդէն ունինք ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍ  գոյականը։ Նկարչական ցուցահանդէս, ազգագրական իրերու ցուցահանդէս, պատմական լուսանկարներու ցուցահանդէս, գիրքերու ցուցահանդէս, մամուլի ցուցահանդէս, ձեռային  աշխատանքներու ցուցահանդէս, տարազներու ցուցահանդէս եւ այլն, եւ այլն։

Շատ գործածական է «հանդիսանալ» բայը, որ միշտ կ’օգտագործուի դրական իմաստով ու կը  նշանակէ «բարեմասնութիւններով փայլիլ, փառքով ու պատուով երեւիլ, յաղթական հռչակուիլ»։ Ահա՛ օրինակներ.

— Շարադրութեան մրցումին վաթսուն աշակերտի մէջ ան առաջին հանդիսացաւ։

 —  Աշոտ Ա. կը հանդիսանայ Բագրատունեաց հարստութեան հիմնադիրն ու առաջին թագաւորը։

   — Վազգէն Շուշանեան, կանուխէն, հանդիսացաւ սփիւռքահայ արձակի վարպետներէն մին։

   -2021-ին Արտեմ Փաթափութեան հանդիսացաւ առաջին հայը, որ կը տիրանար (բնախօսութեան եւ  բժշկութեան բնագաւառին մէջ) Նոպէլեան մրցանակին։

Ունինք «հանդէս գալ» բացատրութիւնն ալ, որ կը գործածուի «հրապարակաւ իր շնորհներն ու  ընդունակութիւնները ցուցադրել» իմաստով։ Զորօրինակ, թղթակցութեան մը մէջ կը կարդանք. «Աշակերտները հանդէս եկան արտասանութիւններով, մեներգով ու պարով»։ Կամ՝ «Յոբելեար գրագէտը հանդէս եկաւ բովանդակալից ու տպաւորիչ սրտի խօսքով մը, որ քանիցս ծափահարութիւններով ընդհատուեցաւ»։

Սակայն այս բոլորին կողքին՝ «հանդէս»-ը ունի յաւելեալ իմաստ մըն ալ, որ շատ ծանօթ չէ մեր ժողովուրդի լայն խաւերուն։

Արդարեւ, «հանդէս» կը կոչենք այն որակաւոր պարբերաթերթերը, որոնք բացառաբար նուիրուած կ’ըլլան գրականութեան, արուեստի եւ մշակոյթի։ Այդպէս էին, զորօրինակ, Արշակ  Չօպանեանի հրատարակած «Անահիտ»-ը‏ (Փարիզ, 1898-1949, երկու անջատ շրջաններով), գրագիտուհի Հայկանոյշ Մառքի խմբագրած «Հայ Կին»  կիսամսեան (Պոլիս, 1919-1932), Պոլսոյ Կեդրոնական Սանուց Միութեան «Հանդէս Մշակոյթի» պարբերականը (1948-1964) եւ կամ Վիեննայի Մխիթարեան ուխտի դարաւոր պաշտօնաթերթը՝ «Հանդէս Ամսօրեայ»-ն, որ անխափան կը շարունակէ լոյս տեսնել 1887-էն ցայսօր։

Ցուցահանդէսներու այս խճողեալ վերաքաղէն ետք, հարց կու տամ իմ ընթերցողներուն.

— Վերջին անգամ ո՞ր հանդէսին գացեր էիք ու ո՞ր հանդէսը կարդացեր…։

 

 

 

Share63Tweet39
Previous Post

ՀԻԱՍՔԱՆՉ ՀԱՄԵՐԳ ՍԷՐՈՒԺ ՊԱՂՏԱՍԱՐԵԱՆԻ ԵՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՊԵՏԱԿԱՆ ՍԻՄՖՈՆԻՔ ՆՈՒԱԳԱԽՈՒՄԲԻՆ ՀԱՄԱԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԵԱՄԲ

Next Post

ԹՈՄ ՊԱՐՐԱՔ. «ԽՕՍՔԵՐԸ ԱՅԼԵՒՍ ԲԱՒԱՐԱՐ ՉԵՆ»

Next Post

ԹՈՄ ՊԱՐՐԱՔ. «ԽՕՍՔԵՐԸ ԱՅԼԵՒՍ ԲԱՒԱՐԱՐ ՉԵՆ»

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.