Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՀԻԱՍՔԱՆՉ ՀԱՄԵՐԳ ՍԷՐՈՒԺ ՊԱՂՏԱՍԱՐԵԱՆԻ ԵՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՊԵՏԱԿԱՆ ՍԻՄՖՈՆԻՔ ՆՈՒԱԳԱԽՈՒՄԲԻՆ ՀԱՄԱԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԵԱՄԲ

July 31, 2025
in Գաղութային
0
ՀԻԱՍՔԱՆՉ ՀԱՄԵՐԳ ՍԷՐՈՒԺ ՊԱՂՏԱՍԱՐԵԱՆԻ ԵՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՊԵՏԱԿԱՆ ՍԻՄՖՈՆԻՔ ՆՈՒԱԳԱԽՈՒՄԲԻՆ ՀԱՄԱԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԵԱՄԲ

 

 

Երեքշաբթի, 22 Յուլիս 2025-ին, Երեւանի Կարէն Դէմիրճեանի անուան մարզահամերգային համալիրին մէջ, տեղի ունեցաւ լիբանանահայ արուեստագէտ Սէրուժ Պաղտասարեանի կողմէ մշակուած եւ Հայաստանի պետական սիմֆոնիք նուագախումբին կողմէ մեկնաբանուած ստեղծագործութիւններու համերգը։

Բեմէն հնչեցին եւ ներկաներուն մեծ տպաւորութիւն ձգեցին ազգային ու հայրենասիրական սիրուած երգեր ու աւանդական երաժշտութիւններ, որոնք Սէրուժ Պաղտասարեանի տաղանդին ու վարպետութեան շնորհիւ արդի մօտեցումներով մշակուած են՝ ստանալով նոր հնչեղութիւն ու կեանք:

Մօտ երկու ժամ տեւած համերգային ծրագիրին ճամբով սրահին երկու յարկերը լեցուցած հանդիսատեսները ապրեցան ճամբորդութիւն մը, որուն ընթացքին իւրաքանչիւրը կարողացաւ գտնել բաժին մը իր հայրենիքէն, անդրադարձ մը հայու ազգային ոգիէն, զգաց հողին ուժն ու ազգային արմատը ամուր պահելու կարեւորութիւնը, ապրեցաւ հին, բայց նոր շունչ ստացած երաժշտութեամբ։ Արուեստասէրները ինքնաբուխ կերպով սրահին մէջ պար բռնեցին տպաւորիչ երաժշտութեան կշռոյթով՝ անմոռանալի պահեր դրոշմելով իրենց էութեան խորն ու յիշատակներուն մէջ։

Նշենք, որ Հայաստանի պետական սիմֆոնիք նուագախումբին հետ ելոյթ ունեցան նաեւ Երեւանի պետական Կամերային նուագախումբը եւ «Կամերտոն» վոքալ խումբը:

 

(Համադրում)

 

Share65Tweet41
Previous Post

ՀՊԱՆՑԻԿ ԱԿՆԱՐԿ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՀԱՆՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՀԻՄՆԱՐԿԻ ՀԱՐՑԱԽՈՅԶԻ ԱՐԴԻՒՆՔՆԵՐՈՒՆ ՎՐԱՅ

Next Post

ՀԱՆԴԷՍ, ՄԵԾԱՀԱՆԴԷՍ ԵՒ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍ

Next Post
ՀԱՆԴԷՍ, ՄԵԾԱՀԱՆԴԷՍ ԵՒ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍ

ՀԱՆԴԷՍ, ՄԵԾԱՀԱՆԴԷՍ ԵՒ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.