Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՀՊԱՆՑԻԿ ԱԿՆԱՐԿ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՀԱՆՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՀԻՄՆԱՐԿԻ ՀԱՐՑԱԽՈՅԶԻ ԱՐԴԻՒՆՔՆԵՐՈՒՆ ՎՐԱՅ

ԳՐԻԳՈՐ ԽՈՏԱՆԵԱՆ

July 26, 2025
in Յօդուածներ
0
ՀՊԱՆՑԻԿ ԱԿՆԱՐԿ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՀԱՆՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՀԻՄՆԱՐԿԻ ՀԱՐՑԱԽՈՅԶԻ ԱՐԴԻՒՆՔՆԵՐՈՒՆ ՎՐԱՅ

 

Միջազգային հանրապետական հիմնարկը հրապարակեց Հայաստանի վերաբերեալ իր հերթական հարցախոյզը։ Քաղաքական շրջանակներու մօտ այս հիմնարկին կատարած հարցախոյզները կը նկատուին աւելի վաւերական ու արդիւնքները աւելի վստահելի, համեմատած տեղական ընկերութիւններու կատարած հանրային կարծիքի ուսումնասիրութիւններուն հետ, որոնք աւելի շատ կը ծառայեն յատուկ քաղաքական շրջանակի մը շահերուն, քան թէ ներկայացնելու հասարակութեան իսկական կարծիքը՝ անկողմնակալ ձեւով։

Հրապարակուած այս վերջին հարցախոյզը ցոյց կու տայ, որ Հայաստանի ժողովուրդին լայն մեծամասնութիւնը անտարբեր է երկրին մէջ գոյութիւն ունեցող քաղաքական իրադարձութիւններուն նկատմամբ ու կորսնցուցած է իր վստահութիւնը քաղաքական բոլոր գործիչներուն ու կուսակցութիւններուն հանդէպ։ Այս եզրակացութեան կը յանգինք տեսնելով, թէ ժողովուրդին 61 տոկոսը չի վստահիր ոեւէ քաղաքական գործիչի եւ 50 տոկոսը կը յայտնէ թէ կա՛մ պիտի չմասնակցի յաջորդ ընտրութիւններ եւ կա՛մ ալ չ’ուզեր քուէարկել որեւէ կուսակցութեան։

Անոնք, որոնք պատրաստ են մասնակցելու ընտրութիւններուն՝ միայն 17 տոկոսը կը պատրաստուի քուէարկելու Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորած «Քաղաքացիական Պայմանագիր» կուսակցութեան ի նպաստ, իսկ Փաշինեանի անձնական վարկանիշը աւելի ցած է՝ 13 տոկոս։ Այս տուեալները պէտք է մտահոգեն այսօր իշխանութեան ղեկին վրայ եղող ուժին, մանաւանդ որ յաջորդ խորհրդարանական ընտրութիւններուն մնացած է մէկ տարիէն նուազ ժամանակ։

Այս տուեալները չեն նշանակեր, որ յաջորդ ընտրութիւններուն Փաշինեան կանգնած է պարտութեան եզրին։ Անոր գլխաւոր հակառակորդը նկատուող՝ Ռոպերթ Քոչարեանի առաջնորդած «Հայաստան» դաշինքի վարկանիշը շատ աւելի ցած է եւ կը տատանի 4 տոկոսի սահմաններուն մէջ։ Այս պատկերին առջեւ ամէն բան կախեալ է անկէ, թէ որ ուժի կողմնակիցները աւելի մեծ թիւով պիտի մասնակցին ընտրութիւններուն։

Հրապարակուած այս հարցախոյզէն դուրս կը մնայ ռուսաստանաբնակ միլիառատէր եւ այժմ կալանաւորուած գործարար Սամուէլ Կարապետեանի ազդեցութիւնը Հայաստանի քաղաքական գործընթացներուն վրայ։ Այդ երեւոյթը ինչքանո՞վ կրնայ փոխել երկրին համայնապատկերը՝ չէ արտացոլուած այս հարցախոյզին մէջ, որ կատարուած է Կարապետեանի քաղաքական թատերաբեմին վրայ յայտնուելէն առաջ։ Եթէ ան իր կողմ կարենայ քաշել անտարբերներու թէկուզ մէկ մասը, այդ պարագային կրնայ դառնալ Փաշինեանի լուրջ մրցակից։ Իսկ եթէ ան իր համակիրները ապահովէ ընդդիմադիր այլ ուժերու հաշուոյն, ապա՝ ո՛չ, եւ ուժերու դասաւորումը կը շարունակէ մնալ իշխող ուժին ի նպաստ։

Ժողովրդավար գրեթէ բոլոր երկիրներու պարագային, նոյնիսկ զարգացած ու բարեկեցիկ պայմաններու մէջ ապրող հասարակութիւններու մօտ միշտ ալ կան դժգոհութիւններ կառավարող ուժին նկատմամբ եւ չորս կամ հինգ տարին անգամ մը անոնք ներկայանալով քուէատուփ կը փոխեն իշխանութիւնը՝ կեանքի հիմնական պայմանները մնալով անփոփոխ։ Հայաստանի պարագային դժբախտաբար տակաւին չի գործեր այդ մշակոյթը։ Իսկ քանի որ առայժմ հրապարակի վրայ չէ յայտնուած ներքին ու արտաքին յստակ ծրագրեր ներկայացնող այլընտրանքային ուժ, իշխանութեան փոփոխութիւնը պիտի նշանակէ վերադարձ նախկին յոռի բարքերուն ու կորուստ թաւշեայ յեղափոխութեամբ ձեռք ձգուած բոլոր նուաճումներուն։

Յառաջիկայ ամիսներուն արտաքին ու ներքին բազմաթիւ ազդակներ կրնան ազդել ժողովուրդի կողմնորոշումներուն վրայ։ Իսկ ընտրական քարոզարշաւի լաւ կազմակերպումը եւ հասարակութեան հետ անկեղծ խօսակցութիւնը միակ երաշխիքն է Նիկոլ Փաշինեանի վերընտրութեան համար։

 

Share63Tweet39
Previous Post

Ն.Ս. ԼԵՒՈՆ ԺԴ. ՊԱՊԻՆ ԿՈՂՄԷ ԵՂԲԱՅՐԱԿԱՆ ԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՆԱՄԱԿ՝ ՈՒՂՂՈՒԱԾ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ

Next Post

ՀԻԱՍՔԱՆՉ ՀԱՄԵՐԳ ՍԷՐՈՒԺ ՊԱՂՏԱՍԱՐԵԱՆԻ ԵՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՊԵՏԱԿԱՆ ՍԻՄՖՈՆԻՔ ՆՈՒԱԳԱԽՈՒՄԲԻՆ ՀԱՄԱԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԵԱՄԲ

Next Post
ՀԻԱՍՔԱՆՉ ՀԱՄԵՐԳ ՍԷՐՈՒԺ ՊԱՂՏԱՍԱՐԵԱՆԻ ԵՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՊԵՏԱԿԱՆ ՍԻՄՖՈՆԻՔ ՆՈՒԱԳԱԽՈՒՄԲԻՆ ՀԱՄԱԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԵԱՄԲ

ՀԻԱՍՔԱՆՉ ՀԱՄԵՐԳ ՍԷՐՈՒԺ ՊԱՂՏԱՍԱՐԵԱՆԻ ԵՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՊԵՏԱԿԱՆ ՍԻՄՖՈՆԻՔ ՆՈՒԱԳԱԽՈՒՄԲԻՆ ՀԱՄԱԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԵԱՄԲ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.