Միջին Արեւելքի հարցով ամերիկացի պատուիրակ Սթիվ Ուիթքոֆ քաշուեցաւ Կազայի հարցով Տոհայի մէջ ընթացող բանակցութիւններէն, դատապարտելով Համաս շարժումին դիրքորոշումները: Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տոնըլտ Թրամփ կարծիք յայտնեց, որ Համաս շարժումը չ’ուզեր համաձայնութեան յանգիլ Իսրայէլի հետ: Ան, հետեւաբար, կարծիք յայտնեց, որ Համաս պիտի հետապնդուի: «Անհրաժեշտ է կործանել Համասը, որուն չի հետաքրքրեր համաձայնութիւնը: Իսրայէլ պէտք է վերջ տայ Համասին եւ փակէ այս էջը», ըսաւ Թրամփ:
Իսկ Սուրիոյ հարցով ամերիկացի պատուիրակ Թոմ Պարրաք յայտնեց, որ Հըզպալլա շրջանին մէջ կը համարուի լուրջ մարտահրաւէր մը, որ դարմանելու կարողութիւն ունի միայն Լիբանանի կառավարութիւնւը: «Մենք չենք զանազաներ կուսակցութեան զինուորական եւ քաղաքական թեւերը, այլ զայն կը համարենք ահաբեկչական կազմակերպութիւն», ըսաւ Պարրաք:

