Միացեալ Նահանգներու զինուած ուժերու կեդրոնական հրամանատարութիւնը յայտարարեց, թէ զինուորական գործողութիւն մը կատարած է Հալէպ նահանգին մէջ՝ սպաննելու համար «Իսլամական պետութիւն» կազմակերպութեան բարձրաստիճան պատասխանատու մը: Նախապէս, Հալէպի բնակիչները քաղաքի արուարձանային շրջաններէն լսած են պայթումներու ձայներ: Նախնական տուեալները խօսած էին քաղաքի հարաւային շրջանին մէջ զինամթերանոցի մը պայթումին մասին:
Սուրիոյ հարաւային շրջանին մէջ, Մարդկային իրաւունքներու սուրիական դիտարանը հաղորդեց, թէ ցեղախումբերուն զինեալները թիրախաւորած են Սուէյտայի գիւղերէն մէկը, խախտելու այդ շրջանին մէջ յայտարարուած զինադադարը:
Այլ գիծի վրայ, Ֆրանսայի Վերաքննիչ դատարանը չեղարկեց Սուրիոյ նախկին նախագահ Պաշշար Ասատի նկատմամբ հրապարակուած ձերբակալման յուշագիրը:

