Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Ռուսիոյ Ալթայ հանրապետութեան մէջ մասնակցեցաւ բնութեան եւ շրջակայ միջավայրի պաշտպանութեան նուիրուած միջազգային համաժողովին, ուր հանդէս եկաւ ելոյթով: Յիշեցնելով, որ Հայաստան լեռնային երկիր է, Փաշինեան բացատրեց, թէ Հայաստան յայտնի է կլիմայական գօտիներու բազմազանութեամբ: «Հայաստան ունի բուսական եւ կենդանական յատուկ տեսակներ: Չորս ազգային անտառային գօտիները եւ երեք արգելոցները կը գրաւեն երկրի տարածքին աւելի քան 10 առ հարիւրը», ըսաւ Փաշինեան՝ ահազանգելով, թէ լեռնային կենտոլորտային համակարգերը չափազանց խոցելի են կլիմայի փոփոխութեան պատճառով, իսկ ողողումները կը դառնան աւելի յաճախակի: Խօսելով ջրային միջոցներու կրճատումին մասին, վարչապետը անդրադարձաւ կաթիլային ոռոգումի ծրագիրի իրականացումին, ջրային միջոցներուն աւելի արդիւնաւէտ շահագործումին եւ արդիական սարքերու գործածութեան: Փաշինեան անդրադարձաւ նաեւ կլիմայի փոփոխութիւններուն նուիրուած COP17 համաժողովին, որ 2026-ին պիտի գումարուի Հայաստանի մէջ, ակնկալելով բազմաթիւ երիրներու մասնակցութիւնը բարձր մակարդակի պատուիրակութիւններով եւ մասնագէտներով: «Վստահ ենք, որ միասին կրնանք զգալի ներդրում ունենալ կենսաբազմազանութեան պահպանումին եւ միջավայրի դրական գործածութեան ջանքերուն մէջ», մաղթեց Հայաստանի վարչապետը:
Փաշինեան Ալթայի մէջ տեսակցեցաւ նաեւ իր ռուս պաշտօնակից Միխայիլ Միշուսթինի հետ: Վերջինս շնորհակալութիւն յայտնեց Փաշինեանին՝ սոյն համաժողովին մասնակցութեան համար: Վարչապետները քննարկեցին հայ-ռուսական յարաբերութիւններու ներկայ ընթացքին վերաբերող հարցեր, Եւրասիական տնտեսական միութեան ծիրին մէջ համագործակցութիւնը, տարածաշրջանային իրավիճակը եւ համատեղ հետաքրքրութիւն ներկայացնող այլ նիւթեր:

