Հանրապետութեան նախագահ Ժոզէֆ Աուն հաւաստիացուց, որ փտածութեան վերաբերող բոլոր թղթածրարները պիտի բացուին, անտեսելով փտած անձերուն յարանուանական կամ քաղաքական պատկանելիութիւնը: «Մենք կարողութիւն ունինք փրկելու Լիբանանը, շնորհիւ մեր ազգային միասնականութեան», ըսաւ Աուն, ընդունելով Մարոնիթ լիկայի պատուիրակութիւնը: Իսկ Հանրապետութեան մուֆթին եւ լիբանանեան զանազան շրջաններու մուֆթիներուն պատուիրակութիւնը ընդունած ատեն, նախագահը շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ կարելի չէ իրար չեղարկել, այլ անհրաժեշտ է յանձնառու մնալ ազգային միասնականութեան եւ համագործակցութեան սկզբունքներուն:

