Երէկ պաշտօնապէս փակուեցաւ լիբանանցիներուն վերաբերող դատական երկարամեայ թղթածրար մը: Աւելի քան 40 տարի ֆրանսական բանտի մէջ արգելափակուած լիբանանցի Ժորժ Ապտալլա երէկ վերջապէս ազատ արձակուեցաւ եւ վեդարձաւ Պէյրութ: Ապտալլա ամբաստանուած էր ամերիկացի եւ իսրայէլացի դիւանագէտներ ահաբեկելու գործողութեան մասնակցելու յանցանքով, դատապարտուած էր ցկեանս բանտարկութեան եւ արգելափակուած ֆրանսական զանազան բանտերու մէջ: Ապտալլան ազատ արձակելու առաջին հնարաւորութիւնը յայտնուեցաւ 25 տարի առաջ, սակայն Փարիզի դատական իշխանութիւնները միշտ կը մերժէին անոր տալ ազատութիւն եւ Լիբանան վերադառնալու հնարաւորութիւն: Այս տարի վերջապէս հրապարակուեցաւ Ապտալլան ազատ արձակելու որոշումը եւ գործադրուեցաւ երէկ, որմէ ետք Ապտալլայի ժողովրդային ընդունելութիւն տեղի ունեցաւ Պէյրութի օդակայան առաջնորդող ճամբաներուն վրայ:

