Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԵՒ ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ՄԷՋ ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՑՈՂ ԱՅՍ ՓՈԹՈՐԿԱԼԻՑ ՕՐԵՐՈՒՆ՝ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՅ ԳԵՂԱՆԿԱՐԻՉ-ԳԵՂԱՆԿԱՐՉՈՒՀԻՆԵՐՈՒ ՍՏԵՂԾԱԳՈՐԾՈՒԹԵԱՆՑ ԽԻԶԱԽ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍ ԹԷՔԷԵԱՆ ԿԵԴՐՈՆԻՆ ՄԷՋ

ՀԱՄՕ ՄՈՍԿՈՖԵԱՆ

July 24, 2025
in Յօդուածներ
0
ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԵՒ ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ՄԷՋ ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՑՈՂ ԱՅՍ ՓՈԹՈՐԿԱԼԻՑ ՕՐԵՐՈՒՆ՝  ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՅ ԳԵՂԱՆԿԱՐԻՉ-ԳԵՂԱՆԿԱՐՉՈՒՀԻՆԵՐՈՒ ՍՏԵՂԾԱԳՈՐԾՈՒԹԵԱՆՑ ԽԻԶԱԽ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍ ԹԷՔԷԵԱՆ ԿԵԴՐՈՆԻՆ ՄԷՋ

 

 

Ուրբաթ, 18 Յուլիս 2025-ի երեկոյեան, Ժըմէյզէ-Պէյրութի մէջ գտնուող Թէքէեան կեդրոնի 7-րդ՝ «Գերսամ Ահարոնեան» յարկը լուսաւորուած էր արտակարգ գեղարուեստական իրադարձութեամբ: Արդարեւ, բարձր հովանաւորութեամբ Զահլէի քաղաքապետութեան անդամուհի տիկին Գարոլին Զիատէ-Փամպուքեանի (Լիբանանեան ուժեր), տեղի ունեցաւ Լիբանանի հայ գեղանկարիչ-գեղանկարչուհիներու լուսաշող գունազարդ ստեղծագործութիւններու ցուցահանդէս եւ վաճառք:

Բացման ներկայ էին Թէքէեան մշակութային միութեան ատենապետ տոքթ. Յակոբ Փափազեան, նախկին պետական երեսփոխան Յակոբ Գասարճեան, Զահլէի քաղաքապետութեան անդամուհի Գարոլին Զիատէ-Փամպուքեան եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը, պրն. Գօգօ Եկարեանի (ՌԱԿ) գլխաւորութեամբ, «Ահրամճեան» բժշկական եւ մշակութային կեդրոնի տնօրէն Համբիկ Մարտիրոսեան, ինչպէս նաեւ մասնակից գեղանկարիչ-գեղանկարչուհիներ, արուեստասէր ընտրանի, զանգուածային լրատուական միջոցներ: Կատարուեցաւ նաեւ ջերմ հիւրասիրութիւն:

Այս յատկանշական մշակութային իրադարձութեան հովանաւորուհի տիկին Գարոլին Զիատէ-Փամպուքեան հայերէնով, արաբերէնով ու անգլերէնով շնորհակալութիւն յայտնեց «բարի գալուստ»ի խօսքով հանդէս եկած Աւետիս Տիպանին, խոստանալով շարունակել համագործակցութիւնը մշակութային թէ ազգային ամէն բնագաւառներու մէջ, Զահլէի հայոց թէ այլ յարանուանութեանց ղեկավարութեանց եւ անդամներուն հետ, ամրակուռ կամուրջներ հաստատելով հայապահպանման եւ Լիբանանի հայրենիքի գոյատեւման համար: Որոտընդոստ ծափահարութիւններէ ետք, ներկաներուն «հրամցուեցան» ցուցադրուող գեղանկարչական ստեղծագործութիւններն ու վաստակաշատ «վրձինի ու գոյնապնակ»-ի վարպետները՝ Գրիգոր Ակոբեան, Հրաչ Այնթապլեան, Լիւսի Չամսարեան, Անիթա Թութիկեան, Սալբի Սվաճեան, Նորա Տիպան, Լենա Այտընեան, Գրիգոր Արփաճեան, Սմբատ Ղազէլեան եւ Մարալ Ղազարեան:

Ցուցահանդէս-վաճառքը շարունակուեցաւ Շաբաթ եւ Կիրակի՝ 19 եւ 20 Յուլիս 2025-ին:

Այցելուներուն մէջ էին Լիբանանէն ականաւոր դէմքեր, վիրաբոյժներ ու բժիշկներ, հնագէտներ եւ արուեստաբաններ, կրօնական համայնքներու պատկանող հոգեւորականներ, ազգային եւ հասարակական գործիչներ, արուեստասէրներ: Լիբանանի հայութեան այս եզակի ու քաջարի ցուցահանդէսը լայնօրէն մեկնաբանուեցաւ ու տեղադրուեցաւ համացանցի, դիմատետրի եւ այլ զանգուածային տեղեկատուութեան էջերուն մէջ:

 

 

Share66Tweet42
Previous Post

ՅԱՐԳԱՆՔԻ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ԹԻՄՎՈՅԻ ԳԵՐԵԶՄԱՆԱՏՈՒՆ

Next Post

ԺՈՐԺ ԱՊՏԱԼԼԱ ԱԶԱՏ ԿԸ ՎԵՐԱԴԱՐՁԱՒ ՊԷՅՐՈՒԹ

Next Post
ԺՈՐԺ ԱՊՏԱԼԼԱ ԱԶԱՏ ԿԸ ՎԵՐԱԴԱՐՁԱՒ ՊԷՅՐՈՒԹ

ԺՈՐԺ ԱՊՏԱԼԼԱ ԱԶԱՏ ԿԸ ՎԵՐԱԴԱՐՁԱՒ ՊԷՅՐՈՒԹ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.