Եոհաննէս Լեփսիուսի տեղեկագիրը հրատարակուած է Մեծ Եղեռնի յիսնամեակին, որպէսզի ընթերցողներն ու ուսումնասիրողները այս առթիւ մասնայատուկ ուշադրութեամբ հետեւին անոր մանրամասնութիւններուն՝ գնահատելով անոր պատմական ու քաղաքական մեծ արժէքը:
Տոքթ. Եոհան[ն]էս Լեփսիուս[ի], «Տեղեկագիրը. Հայկական Ջարդերը», Մատենաշար «Ազդակ»ի, Պէյրութ, 1965, միջակ չափի 396 էջ
«Հայկական Ջարդերը» տեղեկագիր-գիրքին հրատարակիչը կ’ըսէ, թէ Լեփսիուս իր խղճին պարտքը կատարեց հայ ժողովուրդին հանդէպ՝ Հայոց ցեղասպանութեան մասին տեղեկագիր պատրաստելով եւ զայն ղրկելով գերմանական առաքելութեան կեդրոնը, ուր, ըստ իր հրահանգին, տեղեկագիրը պէտք է գաղտնի մնար: Այս վաւերագիրին մէջ Եոհաննէս Լեփսիուս իր վրդովումն ու ընդվզումը կը յայտնէ հայոց նկատմամբ կիրառուող խժդժութիւններուն համար: Այս տեղեկագիրը Օսմանեան պետութեան տարածքին [եւ անկէ դուրս ալ, ուր որ թուրք ասկեարին պիղծ ոտքը կոխած է – Յ. Ի.] հայոց նկատմամբ գործադրուած ցեղասպանութեան պատմական վաւերական փաստաթուղթերէն է: Լեփսիուս խորապէս ազդուած է այն սահմռկեցուցիչ ջարդերէն, որոնք միլիոնաւոր հայոց կեանքերը խլեցին եւ հարիւր հազարաւոր որբեր ձգեցին իրենց ետին:
1915-ի Մարտ ամսին թուրքերը կը սկսին հայերը տեղահան ընել իրենց պապենական հողերէն:

Հայաստանի արեւմտեան հատուածի նահանգները
Տրապիզոն, Կարին, Սեբաստիա, Խարբերդ, Բաղէշ, Տիգրանակերտ եւ Վան կը կազմեն Հայաստանի արեւմտեան հատուածին նահանգները:
24 լոյս 25 Ապրիլ 1915-ի գիշերը Կ. Պոլսոյ հայ մտաւորականներու ու երեւելի անձնաւորութիւններու ձերբակալութենէն առաջ՝ 21 Մարտին կը սկսի ներքին նահանգներու հայ ազդեցիկ դէմքերու ձերբակալութիւն, որ կը տեւէ մինչեւ 10 Մայիս: Լեփսիուս իր տեղեկագիրը ստոյգ թուանշաններով կ’օժտէ: Ան նախ կը ներկայացնէ Հայաստանի արեւմտեան հատուածէն դուրս շրջաններու տուեալները: «Զմիւռնիոյ մէջ ձերբակալուեցաւ 100 հոգի, Պարտիզակի մէջ՝ 40, Պալըքէսիրի մէջ՝ 30, Ատաբազարի մէջ՝ 84 առաջաւոր հայեր: Ապա Մայիսի սկիզբը Մարզուանի մէջ ձերբակալուեցան 20 հայեր, Տիգրանակերտի մէջ՝ 20, Կարինի մէջ՝ 600, Սեբաստիոյ մէջ՝ 500, Շապին Գարահիսարի՝ 50 եւ Խնուսի մէջ՝ 50 հայեր: 1915-ի Մայիսի երկրորդ կէսին Տիգրանակերտի մէջ ձերբակալուեցան 500, իսկ քանի մը օր ետք՝ 300 հայեր: Կեսարիոյ մէջ ձերբակալուեցան 200, Բաբերդի մէջ՝ 200 եւ Եոզկատի մէջ՝ 200 հայեր: Ձերբակալութիւններ տեղի ունեցան Մարաշի եւ Եդեսիոյ մէջ: 26 հոգի կը ձերբակալուի Այնթապի մէջ եւ շուտով 25-ը ազատ կ’արձակուի»: Լեփսիուս կը գրէ նաեւ. «Որովհետեւ վերոյիշեալ քաղաքները բոլորն ալ հայահոծ էին, ուրեմն ընդհանուր կարգադրութիւն մըն էր եղածը՝ ժողովուրդը իր պատասխանատուներէն զրկելու, որպէսզի տարագրութիւնը կարելի ըլլայ գլուխ հանել առանց ընդդիմութեան եւ աղմուկի»:
Թուրքերը ամէն ջանք կը թափէին ներքին նահանգներու լուրերը Եւրոպա չհասցուելու համար: 1915-ի Յունիսին իշխանութիւնները կը սկսին բոլոր հայ կառավարական պաշտօնեաները գործէ արձակել: Հիւանդանոցներու մէջ ծառայող բազմաթիւ հայ բժիշկներ կը ձերբակալուին ու բանտերը կը նետուին:
Լեփսիուս կը շեշտէ, թէ բոլոր հայոց ձերբակալութիւնները տեղի կ’ունենային «առանց օրինական կանոնաւոր ձեւակերպութեան», ու կ’աւելցնէ. «Ձերբակալուածներուն դէմ որեւէ ամբաստանութիւն մը չեղաւ, թէ անոնք պետութեան հակառակ որեւէ արարքի մէջ գտնուած ըլլան կամ դաւադրութիւն մը ծրագրած: Նպատակը՝ հայ ժողովուրդին գլուխը անջատել նախ՝ ետքը անդամները կտրելու համար»: Բոլոր հրամանները Կ. Պոլսոյ կառավարական պատասխանատուներէն կու գային: Կարգ մը վայրերու մէջ նոյնիսկ թուրքե՛րը կ’ընդվզին տեղի ունեցող ձերբակալութիւններուն, բանտարկութիւններուն եւ չարչարանքներուն դէմ:
Լեփսիուս կը շեշտէ նաեւ այն իրողութիւնը, որ, օսմանեան պաշտօնական դէմքերու վկայութեամբ, բանակին մէջ ծառայող հայերը քաջութեամբ կռուած են ո՛չ միայն Տարտանելի, այլ նաեւ՝ Կովկասի ռազմաճակատներուն վրայ: Այդուհանդերձ, թուրքերը զանոնք զինաթափ կ’ընեն եւ ճանապարհաշինութեան կը տանին, ուր զանոնք կը սպաննեն: Արդարեւ ամալէ թապուրներուն հսկող թուրք ասկեարները զանոնք անխղճօրէն կը խողխողեն:
Օսմանեան իշխանութիւնը 16-60 տարեկան հայ այրերը դաւաճանութեան պատրուակով բանակ կը տանի, հակառակ որ անոնք նախապէս փրկագին վճարած էին: Շատեր քանի մը անգամ փրկագին կը վճարեն, իսկ ուրիշներ բռնութեամբ բանակ կը տարուին: Փրկագին վճարածներ ատեն մը ետք կրկին կը կանչուին, «լեռներու վրայ կը տարուին եւ հրացանի կը բռնուին առանց որեւէ դատական նախապատրաստական ձեւակերպութեան»:
Կը յայտարարուէր, թէ Օսմանեան պետութեան տեղական իշխանութիւնները պարտաւոր էին հսկել տարագրութեան առանց վտանգի եւ կողոպուտի իրականացման վրայ: Այդուհանդերձ, հայոց համար ոչ մէկ տեղ անվտանգ էր. աւելին՝ ահռելի ջարդեր տեղի կ’ունենային: Թուրքերը մէկ կողմէ հայոց զէնքերը կը գրաւէին, իսկ միւս կողմէ իսլամ բնակչութիւնը կը զինէին: Իթթիհատականները ներքին գաւառներուն մէջ բանտէն արձակել կու տան ոճրագործներ, աւազակներ եւ անօրէններ, անոնցմով հրոսակախումբեր կը կազմեն եւ բռնագաղթուող հայերը ջարդել կու տան անոնց ձեռքով:

