Բարեկա՛մ, մարտի՛կ, ընկե՛ր, ինչ լա՛ւ որ մենք կա՛նք դեռ,
Կարող ենք դեռ ուղի՛ հարթել,
Խորտակել ինչ որ կեանքում թունոտ է ու ժանտադէմ
Ու տնկել նոր կեանքի վարդեր:
Գուրգէն Մահարի
Այս հարցումը, որ Սիկրիտ Նունէսի (Sigrid Nunez) գիրքերէն մէկուն վերնագիրն է, շատ անգամ ուղեկիցս եղաւ այս օրերուն, ինծի յիշեցնելով, թէ իւրաքանչիւր մարդ պատմութիւն մը ունի՝ երբեմն սովորական, երբեմն ցաւոտ, երբեմն անլսելի, բայց միշտ իրական։ Ահա այդ հարցումն է, որ առիթ հանդիսացաւ սոյն գրութեան։
Ասիկա փորձ մըն է հասկնալու, նաեւ հասկցնելու, թէ ինչու բարութիւնը դարձած է ոչ թէ ընտրութիւն, այլ մղում՝ յատկապէս Հայաստանի մէջ, յատկապէս մեր օրերուն։
Բարի ըլլանք, որովհետեւ ամէն մարդ պատերազմ մը ունի։
Բարի ըլլանք։
Որովհետեւ իւրաքանչիւր մարդ, որուն կը հանդիպինք, պատերազմ մը կը մղէ, եւ այդ մասին, աւելի քան հաւանական է, որ մենք երբեւէ պիտի չիմանանք։
Այս միտքը յաճախ կը հնչէ որպէս կոչ, որպէս մաղթանք, բայց մերօրեայ աշխարհին համար շատ աւելին է, քան սրտառուչ խօսքը։ Ան դարձած է կենսական անհրաժեշտութիւն, մարդ մնալու կոչ, երբ անդին աշխարհը, ամէն օր քիչ մը աւելի կը կորսնցնէ իր մարդկայնութիւնը։
Իրականութեան մէջ մարդկային վիճակը միշտ պայքար եղած է։ Գոյատեւումի պայքար։ Իմաստ գտնելու պայքար։ Աւելի տեսանելի դառնալու պայքար։
Պայքարը, ի վերջոյ, կեանքի ձեւ է։ Մարդիկ կը պայքարին հոգալու համար իրենց եւ իրենց ընտանիքին հիմնական կարիքները։ Ապահովելու համար հանապազօրեայ հացը, տան վարձը, հիւանդ փոքրիկին կամ ծնողին բուժական միջոցները։ Անոնց կեանքէն բացակայ է «առաքելութիւն» ըսուածին շռայլանքը։ Անոնց հիմնական հարցը մէկն է՝ ինչպէս ապրիլ մինչեւ վաղը։
Կան ուրիշներ՝ գուցէ նիւթապէս ապահով, բայց անոնք ալ ուրիշ՝ լուռ, հոգեւոր ցաւ մը ունին…
«Ուրիշներուն» մէջ են գրողը, որ շփոթած է ու կը վարանի գրել։ Յօրինող երաժիշտը՝ որուն մեղեդին կը խեղդուի նորօրինակ քաոսի մէջ։ Նկարիչը, որուն կտաւը անաւարտ է, քանի որ կեանքի բեռը խեղդած է ներշնչանքը։ Ստեղծագործ մարդուն պայքարը լուռ, ներքին, չերեւցող պայքար է, որ, սակայն, նոյնքան ցաւոտ է ու նոյնքան իրական։
Բայց ամենախորունկը համընդհանուր մարդկային ձախողութիւնն է։
Դարերով մարդը ունեցած է էական յատկանիշ մը, որ մինչ օրս կը շարունակէ մնալ անփոփոխ՝
Ան բ ա ւ ա ր ա ր ու ա ծ չ է։
Ան հազուադէպ կը գոհանայ իր ունեցածով։ Միշտ կը ձգտի աւելիին։ Իսկ այդ «աւելիին» յաճախ կը հասնի ոչ թէ ստեղծելով, այլ… յափշտակելով։ Ուժեղը կ’առնէ տկարէն։ Մեծը՝ պզտիկէն։ Տիրապետողը՝ ըմբոստացողէն։ Նոյնիսկ երբ «տկարը» ունի խիզախութիւն, խելացի է ու արդար, միեւնոյնն է, կը տուժէ ոչ թէ որովհետեւ սխալ է, այլ որովհետեւ ուժեղ չէ։
Սթափ նայինք այսօրուան աշխարհին։
Ռուսաստան։ Ուքրանիա։ Իրան։ Իսրայէլ։ ԱՄՆ։ Միջին Արեւելք։ Իւրաքանչիւրը բան մը կ’ուզէ։ Մէկը՝ նոր ճամբաներ ու ազդեցութիւն, միւսը՝ անկախութեան եւ իշխանութեան պահպանում։ Երրորդը՝ զէնքի վաճառք ու դրամ, շատ դրամ։ Չորրորդը կը տառապի մեծամոլութեան բարդոյթով եւ անկարելին կ’ընէ իր իշխանութեան թեւերը այլ երկիրներու վրայ տարածելու համար…
Ցանկութիւն կը նշանակէ հաշուարկ։ Իսկ մենք գիտենք, որ պատերազմներու ետին շահն է, դաշինքներու ետին՝ օրակարգը։
Ու այս բոլորին մէջ՝ մեր միակը՝ Հայաստանը։
Փոքր, հին, հպարտ մեր երկիրը, որ չ’ուզեր կոտրուիլ եւ կ’արիւնահոսի համաշխարհային շահերու քօղին տակ։
Վերջին տարիներուն Հայաստանը ապրեցաւ ու կը շարունակէ ապրիլ աւերիչ պատերազմներ, տարածքային կորուստներ, քաղաքական սադրանքներ ու ցնցումներ։ Բազմահազար երիտասարդ՝ միտքով ու հոգիով պայծառ տղաներ զոհուեցան, երբ դեռ հազիւ սկսած էին ապրիլ…։ Զոհուեցան, երբ պիտի կառուցէին, ստեղծէին, սիրէին ու արարէին, մինչդեռ ինկան խրամատներուն մէջ, եւ աշխարհը մնաց լուռ, եւ այդ՝ «ուժեղներու» ակնյայտ թողտուութեամբ։
Այսօր Հայաստանը կանգնած է խճճուած իրականութեան, հաւակնութիւններու եւ սադրանքներու խաչմերուկին։ Փորձ կ’ընէ զգոյշ քալել, ինչպէս պիտի քալէր դանակի շեղբի մը վրայէն, հնարաւորինս բացառելով սայթաքումները։ Հաւասարակշռելը բարդ է, իսկ ուղին՝ անորոշ։
Իսկ այդ անորոշութեան հիմքին մէջ մարդիկ են։
Մայրեր՝ որոնք կը սարսռան կորստեան ուրուականէն։ Կը սարսռան իրենց զաւակները անհայր մեծցնելու միտքէն։
Դասախօսներ, որոնք հեռու կը վանեն փայլուն ուսանող կորսնցնելու հեռաւոր միտքն անգամ։
Արուեստագէտներ, որոնք թեւաթափ են։
Ամբողջ սերունդ մը, որ կը քալէ վշտաբեկ, բայց չի կորսնցեր երազելու յատկութիւնը (փառք Տիրոջ)։
Ահա հոս է, որ բարութիւնը կը դառնայ ոչ թէ շքեղանք, այլ՝ գոյաբանական զէնք։
Բարութիւն՝ ոչ որպէս պիտակ, ոչ որպէս զարդ, այլ որպէս մարդկային դիմադրութեան միջոց։
Այսօր, պատերազմներու, ապատեղեկատուութեան, տնտեսական ճնշումներու, քաղաքական շահագործումներու դարաշրջանին, այնքան դիւրին է դառնալ անտարբեր։ Դիւրին է արագ դատել, կոպիտ կամ գռեհիկ ըլլալ, մոռնալ, որ դիմացինն ալ ցաւ մը ունի իր ներսիդին. ցաւ, որուն մասին մենք չենք գիտեր, քանի որ չ’երեւիր։ Ցաւ, որուն մասին չեն պատմեր, գուցէ բնաւ չպատմեն։
Բարութիւն ցուցաբերելը տկարութիւն չէ։ Ընդհակառակը՝ ոյժ է։
Ոյժ՝ բարձրաձայնելու, թէ՝ «չեմ աւելցներ աշխարհի ծանրութիւնը, չեմ
դառնար դառնութեան ու դաժանութեան հերթական աղբիւր, կը լսեմ, կը փորձեմ հասկնալ, կը ներեմ»։
Եւ ասիկա չի նշանակեր անտեսել անարդարութիւնը։ Չի նշանակեր լռել բռնութեան դիմաց։ Ընդհակառակը։ Իրական բարութիւնը կը ծնի յստակութենէն։ Կը ծնի իմացութենէն, թէ ի’նչն է, որ կարեւոր է իսկապէս։ Բարութիւնը ընտրութեան առիթ կու տայ պահպանելու այն, ինչը մարդս կը դարձնէ մարդ, յատկապէս այն ժամանակ, երբ օդի ու ջուրի պէս անհրաժեշտ է ամրանալ։
Եթէ կորսնցենք մեր կարեկցելու կարողութիւնը՝ կը կորսնցնենք ամէն բան։
Մենք ամէն պատերազմ կեցնելու ուժը չունինք։
Ի վիճակի չենք կանխելու իւրաքանչիւր ողբերգութիւն։
Բայց մերն է ընտրութիւնը՝ չդառնալ մեքենային ա’յն մասը, որ աշխարհը աւելի դաժան կը դարձնէ ամէն օր։ Կրնանք ընտրել բառեր, որոնք կը բժշկեն։ Գործեր, որոնք կ’օգնեն։ Լռութիւններ, որոնք տեղ կը բանան ուրիշի մը ցաւը ընկալելու համար։
Ուրեմն բարի ըլլանք։
Որովհետեւ ամէն մարդ, որուն կը հանդիպինք, իր պատերազմը ունի։
Շատերուն պատերազմը տեսանելի է։ Շատերունը՝ անտեսանելի, շատերունը՝ անձնական, ուրիշներունը՝ քաղաքական։
Ատոնք բոլորն ալ իրական են։
Եւ հոս՝ մեր պզտիկ անկիւնին՝ մեր Հայրենիքին մէջ, բարութիւնը պէտք է սերտենք ոչ թէ որպէս հրապուրող ժեսթ, այլ որպէս ազգային դիմադրութեան ոյժ։
Բարութիւն, որ ոչ թէ կը նշանակէ յանձնուիլ, այլ կը նշանակէ գոյատեւել։ Բարութիւն, որ կը տեսնէ դրօշներէն անդին ու կը հարցնէ՝ «Ի՞նչ կը նշանակէ ապրիլ արժանապատուութեամբ։ Ի՞նչ կը նշանակէ հոս, այս պահուն ըլլալ Մարդ»։
Գուցէ պատասխանը կը սկսի… բարութեա՞մբ:
Այդ պարզ, միեւնոյն ժամանակ մարդկային յարաբերութեան մէջ յեղափոխական քայլով։
Յատկապէս երբ դժուար է։
Իսկ այսօր շատ դժուար է, ուրեմն բարութեան ժամանակն է։

