Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԼՕԶԱՆԻ ԴԱՇՆԱԳԻՐԻՆ ԵԶՐԱԿԱՑՈՒԹԻՒՆԸ 

ԱՒԵՏԻՍ ՌԱԶՄԻԿ     

July 24, 2025
in Յօդուածներ
0
ԼՕԶԱՆԻ ԴԱՇՆԱԳԻՐԻՆ ԵԶՐԱԿԱՑՈՒԹԻՒՆԸ 

 

«Լօզանի դաշնագիրը կնքուած է այնպէս, 

որ կարծես հայերը բնաւ գոյութիւն ունեցած չըլլային»:

Վերոնշեալ նախադասութիւնը գրուած է այն բողոքագիրին մէջ, որ 13 Օգոստոս 1923-ին, Հայաստանի Հանրապետութեան պատուիրակութիւնը յղած էր Լօզանի դաշնագիրին դէմ:

Արդարեւ, 1923 Յուլիս 24-ին, սեւ վարագոյր պատեց հայոց վարդագոյն յոյսերուն, վա՛ռ երազներուն եւ երկարամեայ պայքարին վրայ: Զուիցերիոյ Լօզան քաղաքին մէջ ստորագրուեցաւ դաշնագիր մը, որ մէկ կողմէ հանդիսաւորապէս կը թաղէր հայոց երկարամեայ մաքառումներուն նպատակը, միւս կողմէ ծնունդ կու տար թրքական նոր հանրապետութեան՝ իր բռնազաւթած ընդարձակ տարածքներով: Առաջին Աշխարհամարտի աւարտէն ետք, 1920-ին ստորագրուած Սեւրի դաշնագիրին կը փոխարինէր այս մէկը, որ կոչուած էր վերատեսութեան ենթարկելու ջախջախուած Օսմանեան կայսրութեան աւերակներուն վրայ կնքուած Սեւրը, քանի հիմնովին փոխուած էին պայմանները, զօրացած էր քեմալական շարժումը եւ մեծ յաղթականները (Մեծն Բրիտանիա եւ Ֆրանսա) սկսած էին դարպասել իրեց նախկին հոգեհարազատները՝ նորելուկ թուրքերը:

Լօզանի մէջ բանակցութիւնները սկսան 1922 Նոյեմբեր 20-ին: Անոր կը մասնակցէին Մեծն Բրիտանիա, Ֆրանսա, Իտալիա, Յունաստան, Ճափոն, Ռումանիա, Եուկոսլաւիա, ԱՄՆ (որպէս դիտորդ) եւ Թուրքիա: Խորհրդային պատուիրակութիւնը բանակցութիւններուն միացաւ միայն Նեղուցներու հարցին քննարկման ժամանակ: Բանակցութիւններէն առաջ, հայկական զոյգ պատուիրակութիւնները ժամանեցին Լօզան, որպէսզի քուլիսային աշխատանքներով եւ կողմնակի հանդիպումներով հող նախապատրաստեն հայանպաստ որոշումի մը համար. կամ՝ փրկեն Սեւրի դաշնագիրին մէջ յիշատակուած որեւէ յօդուած: Հայաստանի պատուիրակութենէն հոն էին Աւետիս Ահարոնեան եւ Ալ. Խատիսեան, իսկ ազգային պատուիրակութենէն Գաբրիէլ Նորատունկեան՝ իր գրագիրին՝ գրող Լեւոն Բաշալեանի հետ: Բարեբախտաբար, այս իրադարձութեանց մասին կան բազմաթիւ նիւթեր եւ յուշեր, որոնց մէջէն կարելի է յիշատակել Աւ. Ահարոնեանի, Ալ. Խատիսեանի գրառումները եւ յատկապէս Լ. Բաշալեանի օրագրութիւնը 19 Նոյեմբեր 1922-էն սկսեալ եւ անոր նամակագրութիւնը Գ. Նորատունկեանի հետ:

Լօզանի մէջ կրկնուեցաւ Պերլինի վեհաժողովին (1878 թ.) պատկերը, երբ խորհրդաժողովին «խմբավարներ»ը մերժեցին հայկական կողմին մասնակցութիւնը անոր: Յստակ էր խորհրդաժողովին ընթացքը՝ գլխաւոր դերակատարներն էին Մեծն Բրիտանիա (յանձին արտաքին գործոց նախարար Լորտ Քըրզընի), Ֆրանսա (Պարրէր) եւ Իտալիա, թիրախը թէեւ Թուրքիան էր (Իսմէթ փաշա), սակայն յաղթանակած քեմալական պատուիրակութիւնը կը մնար անտեղիտալի, անզիջող եւ չափազանց գոռոզամիտ: Ընթացքին, դաշնակիցներ ոչ միայն փափկացան եւ միջին եզրերու եղան հետամուտ, այլեւ՝ առաւելագոյնս գոհացուցին նորաստեղծ հանրապետութիւնը՝ անոր մէջ տեսնելով վաղուան իրենց գործակիցը: Ըստ ընկալեալ սովորութեան, զոհասեղանին դրուած էին փոքր ժողովուրդները, որոնց շարքին՝ հայկական հարցը:

Խորհրդաժողովը հայերուն վերաբերող հարցերուն սկսաւ 12 Դեկտեմբեր 1922-ին: Երկու մեծ դաշնակիցները շրթնային ծառայութիւններէ անդին չանցան, բնականաբար: Զգացական, ոգեկոչական արտայայտութիւններէ այնքան յոգնած հայը անգամ մը եւս ունկնդիրը եղաւ հնամաշ ծանօթ սկաւառակին: Լորտ Քըրզըն՝ «Կ’անցնիմ հայերուն: Անոնք արժանի են յատուկ ուշադրութեան՝ աչքի առաջ ունենալով ոչ միայն սերունդներու կեանքի ընթացքին անոնց կրած դաժան տառապանքները, որոնք յարուցած են քաղաքակիրթ աշխարհի համակրանքն ու զարհուրանքը, այլեւ նկատի առնելով ապագայի վերաբերեալ անոնց տրուած յատուկ հաւաստիացումները»: 

Խորհրդաժողովի ընթացքին հայկական խնդիրին լուծումներուն շուրջ քննարկուեցան ենթայանձնաժողովներու մէջ: Կային երեք առաջարկներ.- «Հայկական Օճախ» մը Թուրքիոյ հիւսիս-արեւելքը՝ Խ. Հայաստանի մօտ. կամ՝ Սուրիոյ եւ Թուրքիոյ միջեւ Կիլիկիոյ մօտ. կամ՝ Կիլիկիան: Վերջապէս պէտք է տարագրուած հայերը ամփոփուէին մէկ շրջանի մը մէջ:

Ահա թէ ինչ կը պատմէ Ալ. Խատիսեան իր նշանաւոր «Հայաստանի Հանրապետութեան ծագումն ու զարգացումը» գործին մէջ. «Ամբողջ քաղաքակիրթ աշխարհը ոտքի ելաւ պահանջելու համար Լօզանի խորհրդաժողովէն բաւարարութիւն տալ հայկական բաղձանքներուն: Եւ իրաւունք ունէր Լորտ Քըրզըն խորհրդաժողովին մէջ դիմելու թուրքերուն ըսելով.

   «Ամբողջ քաղաքակիրթ աշխարհը մեզի կը նայի եւ կը սպասէ, որ դուք բաւարարութիւն տաք հայերուն»:

  Սակայն Իսմէթ փաշան պատասխանեց.

  «Քաղաքակիրթ աշխարհը աւելի շատ ձեզի կը նայի, որովհետեւ դուք էք, որ անվերջ խոստումներ տուած էք հայերուն, իսկ մենք որեւէ խոստում տուած չենք»:

Բացի մեզմէ, մեր բարեկամներն ալ դիմումներ կ’ընէին զանազան ուղղութեամբ, եւ անոնց տպաւորութիւնն ալ նոյնն է, ինչ որ եւ մերը: Ամէնուրեք կը լսէինք համակրական խօսքեր, բայց չէինք տեսներ թուրքերուն վրայ ազդելու որեւէ գործնական միջոց»:

Հետաքրքրական է յիշել, որ Լօզանի դաշնագիրէն առաջ, Ֆրանսայի վարչապետ Փուանքարէ Սեւրի դաշնագիրը ստորագրողները կը մեղադրէր անոր համար, որ անոնք «Թուրքիոյ հետ չափէն դուրս տեսականօրէն են բանակցած» եւ իրենք «չեն կրնար յարութիւն տալ Սեւրի դաշնագիրին»: Այսինքն՝ դաշնակիցներ սիրայօժար էին դրժել իրենց պարտաւորութիւնները՝ Լօզանի ժողովէն իսկ առաջ:

Հայերու մասին քանի մը անգամ խօսակցութիւններէ ետք, վերջինը տեղի ունեցաւ 4 Յունիս 1923-ին: 17 Յուլիսին արդէն ձեւաւորուած էր Թուրքիոյ ժամանակակից քարտէզը՝ իր ակնյայտ իւրացումներով: Եւ ապա՝ 24 Յուլիսին խորհրդաժողովին սրահը դատարկուեցաւ՝ հայոց համար յուղարկաւորներու դաժան դէմքերով եւ Հայաստանի համար մռայլ հեռանկարով: Մինչ Թուրքիա կը յոխորտար դիւանագիտական իր նոր նուաճումով, որուն յաճախ անվերապահօրէն զօրակցեցան երբեմնի թշնամիները անոր…: Բզքտուած էր երազը հայոց…:

Տարիներ ետք, անգամ մը եւս հրապարակուեցաւ հայոց իրաւունքներու պարագան, երբ Խ. Հայաստանն ու սփիւռքահայութիւնը, ցեղասպանութենէն կազդուրուած, բարձրացուցին ազգային բռնախլեալ իրաւունքներու պահանջը: Աւելի ուշ, այս անգամ զինեալ պայքարով, Լօզանի դաշնագիրին անարդար որոշումները անգամ մը եւս հետաքրքրեց աշխարհը, քանզի շատերու համար եթէ ի սպառ վերջացած էր հայը, սակայն՝ հայկական պետականութեամբ եւ աշխարհացրիւ գաղութներով դեռ գոյատեւող գոյութիւն է ան անկասկած:

Լօզանի խորհրդաժողովին եզրակացութիւնը հետեւեալն է.- հակառակ դաշնագիրներու, ժողովո՛ւրդը պիտի վճռէ իր երթը, ա՛զգը պիտի որոշէ իր ճանապարհը:

 

 

 

 

Share63Tweet39
Previous Post

ԳԵՐՄԱՆԱՑԻ ԱԿԱՆԱՏԵՍ ՎԿԱՅ ԵՈՀԱՆՆԷՍ ԼԵՓՍԻՈՒՍԻ ՅՈՒՇԵՐԸ

Next Post

ՅԱՐԳԱՆՔԻ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ԹԻՄՎՈՅԻ ԳԵՐԵԶՄԱՆԱՏՈՒՆ

Next Post
ՅԱՐԳԱՆՔԻ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ԹԻՄՎՈՅԻ ԳԵՐԵԶՄԱՆԱՏՈՒՆ

ՅԱՐԳԱՆՔԻ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ԹԻՄՎՈՅԻ ԳԵՐԵԶՄԱՆԱՏՈՒՆ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.