Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

«ՍԻՐՏ ԵՒ ՕՃԱԽ» ՀԱՄԱՅՆՔԱՅԻՆ ԽՈՀԱՆՈՑԸ՝ ՃԻՆԻՇԵԱՆ ՅԻՇԱՏԱԿԻ ՀԻՄՆԱՐԿԻ ՆՈՐ ՆԱԽԱՁԵՌՆՈՒԹԻՒՆԸ

July 24, 2025
in Գաղութային
0
«ՍԻՐՏ ԵՒ ՕՃԱԽ» ՀԱՄԱՅՆՔԱՅԻՆ ԽՈՀԱՆՈՑԸ՝ ՃԻՆԻՇԵԱՆ ՅԻՇԱՏԱԿԻ ՀԻՄՆԱՐԿԻ ՆՈՐ ՆԱԽԱՁԵՌՆՈՒԹԻՒՆԸ

 

 

Երեքշաբթի, 15 Յուլիս 2025-ին, Ճինիշեան Յիշատակի հիմնարկին նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցաւ «Սիրտ եւ օճախ» համայնքային Խոհանոցի բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը։

Բացումը կատարուեցաւ ներկայութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Միացեալ Նահանգներու արեւելեան թեմի առաջնորդ գերշ. Տ. Անուշաւան արք. Դանիէլեանի, Տ․ Սարգիս աւ․ քհնյ․ Սարգիսեանի, նախկին նախարար եւ «Vresso» հաստատութեան սեփականատէր տիար Վրէժ Սապունճեանի, բժիշկներ Գարլօ եւ Օրորա Պայրագտարեաններու, պատուելի Նշան Պաքալեանի, Ճինիշեան Յիշատակի հիմնարկի խորհուրդի նախագահին, Խորհրդատու յանձնախումբի ատենապետին եւ «Ճինիշեանի» անձնակազմին։

Արարողութիւնը սկսաւ վերանորոգուած խոհանոցային բաժանմունքի օրհնութեամբ, որ կատարեց գերաշնորհ Տ. Անուշաւան արք. Դանիէլեանը։ Օրհնութենէն ետք, հիւրերը հաւաքուեցան մեծ սրահին մէջ, ուր Ճինիշեան հաստատութեան Լիբանանի բաժնի տնօրէնուհի Քրիսթին Դանիէլեան ընդհանուր գիծերու մէջ ներկայացուց համայնքային խոհանոցի գաղափարին ծագման ու իրագործման ոգեշնչող պատմութիւնը։ Ան երախտագիտութիւն յայտնեց Վրէժ Սապունճեանին՝ անոր տեսլականին, քաջալերանքին եւ անսասան աջակցութեան համար, որոնք եղան վճռորոշ՝ իրագործելու այս կարեւոր ծրագիրը։ Այնուհետեւ, առ ի երախտագիտութիւն, Դանէլեան Սապունճեանին յանձնեց յատուկ յուշանուէր մը:

Բժշկուհի Օրորա Պայրագտարեան իր խօսքին մէջ բարձր գնահատեց Ճինիշեան հաստատութեան բարեսիրական բոլորանուէր գործունէութիւնը, նշելով իր խոր երախտագիտութիւնը եւ հպարտութիւնը, որ մաս կը կազմէ այս նախաձեռնութեան։

Իր կարգին, խօսք առնելով, բժիշկ Գարլօ Պայրագտարեան բարձր գնահատեց Ճինիշեան հաստատութեան առաքելութիւնը՝ ընդգծելով անոր բերած դրական փոփոխութիւնը համայնքին մէջ։ Ան անդրադարձաւ նաեւ այն իրողութեան, որ հայ համայնքը միշտ զօրավիգ կանգնած է իրեն իր ուսանողական տարիներուն, եւ այսօր պարտաւորուած կը զգայ փոխադրաձելու՝ աջակցելով կարիքաւորներուն «Ճինիշեան» հաստատութեան միջոցաւ։

Գնահատելով անոնց երկարամեայ յանձնառութիւնն ու առատաձեռն աջակցութիւնը, տնօրէնուհի Քրիսթին Դանիէլեան բժիշկներ Գարլօ եւ Օրորա Պայրագտարեաններուն եւս յանձնեց գնահատանքի յատուկ յուշանուէր մը։

Պատուելի Նշան Պաքալեան նոյնպէս իր երախտագիտութեան խօսքը ըսաւ՝ գնահատելով Ճինիշեան հաստատութեան շարունակական ու հետեւողական ծառայութիւնը հայ համայնքին։

Եզրափակիչ խօսքը արտասանեց գերշ. Տ. Անուշաւան արք. Դանիէլեանը։ Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Ճինիշեան Յիշատակի հիմնարկին՝ ընդգծելով անոր իմաստալից ներկայութիւնը հայ համայնքին մէջ եւ այն խոր հետքը, որ թողած է կարիքաւորներու կեանքին մէջ։ Ան վստահեցուց, որ Արեւելեան Ամերիկայի թեմը միշտ պիտի կանգնի Ճինիշեան հաստատութեան առաքելութեան եւ գործունէութեան կողքին։

 

 

Share67Tweet42
Previous Post

ՄԱՐԴԱՍԻՐԱԿԱՆ ԱՂԷՏ ԿԱԶԱՅԻ ՄԷՋ

Next Post

WHAT ARE YOU GOING THROUGH? «ԻՆՉԵՐԷ՜ Կ’ԱՆՑՆԻՔ»

Next Post
WHAT ARE YOU GOING THROUGH?     «ԻՆՉԵՐԷ՜ Կ’ԱՆՑՆԻՔ»

WHAT ARE YOU GOING THROUGH? «ԻՆՉԵՐԷ՜ Կ’ԱՆՑՆԻՔ»

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.