Կազայի մէջ օր ըստ օրէ աւելի կը խորանայ մարդասիրական աղէտը: Գրեթէ սովորական երեւոյթ դարձած է պաղեստինեան պաշարուած այդ շրջանին մէջ սովահար երեխաներու մահը, սակայն լուծումներ ցարդ չկան: ՄԱԿ ահազանգեց, թէ իսրայէլեան ուժերը Մայիսի աւարտէն ի վեր Կազայի մէջ սպաննած են մարդասիրական օգնութեան հերթի կանգնած աւելի քան հազար պաղեստինցի: Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու յայտնեց, թէ պատերազմը կրնայ աւարտիլ միայն երբ Համաս հրաժարի զէնքէն, վերջ տայ հակաիսրայէլեան գործողութիւններուն եւ գուցէ արտօնութիւն ստանայ դուրս գալու Կազայէն: Պաղեստինցի գաղթականներուն հարցերով զբաղող UNRWA գործակալութեան յանձնակատար Ֆիլիփ Լազարինի ահազանգեց, թէ սովի պատճառով առողջական խնդիրներ սկսած են դիմագրաւել նոյնիսկ գործակալութեան Կազայի մէջ աշխատող բժիշկները եւ պաշտօնեաները:

Երուսաղէմի լատիններու պատրիարքը Կազա այցելելէ ետք յայտնեց, որ այնտեղի մարդասիրական վիճակը բացարձակապէս անընդունելի է: Եւրոմիութեան յանձնակատար Ուրսըլա վոն տէր Լէյէն իր կարգին անտանելի եւ ահաաւոր որակեց Կազայի մէջ տեղի ունեցածը, պահանջելով անյապաղ յարգել մարդասիրական կարգն ու կանոնը: «Բացարձակապէս ընդունելի չէ քաղաքացիներուն թիրախաւորումը: Անհրաժեշտ է անյապաղ եւ ապահով ձեւով օգնութիւններ ուղարկել Կազա», պահանջեց ան:

