Հանրապետութեան նախագահ Ժոզէֆ Աուն յայտնեց, որ ետդարձ չկայ Լիբանանի մէջ պետութեան տիրապետութենէն դուրս գործող զէնքի երեւոյթին վերջ տալու որոշումէն, սակայն այդ պիտի իրականանայ հանդարտութեամբ եւ Լիբանանի ազգային միասնականութիւնը պահպանելով: Նախագահ Աուն այցելեց Մանամա, ուր տեսակցեցաւՊահրէյնի Համատ պին Իսա Ալ Խալիֆա թագաւորին, կառավարութեան եւ բարձրաստիճան այլ պաշտօնատարներու հետ: Աուն զրուցեց նաեւ Պահրէյնի լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներուն հետ, անդրադառնալով Լիբանանի վիճակին եւ շրջանային գլխաւոր հարցերուն նկատմամբ Պէյրութի պաշտօնական կեցուածքին: Աուն շեշտեց, որ Ծոցի արաբական երկիրներ տուած այցելութիւնները կը միտին վերականգնելու նշեալ երկիրներուն սերտ կապերը Լիբանանի հետ, կարեւորելով փոխադարձ վստահութեան ամրապնդումը: «Լիբանանցիները այս ամառ անհամբեր կը սպասեն պահրէյնցիներուն այցելութիւնը՝ վայելելու համար լիբանանցիներուն հիւրասիրութիւնը, Լիբանանի բացառիկ կլիման եւ բարիքները», ըսաւ Աուն: Ան հաւաստիացուց, որ Լիբանանի կառավարութիւնը աշխատանք կը տանի պահպանելու ապահովական կայունութիւնը եւ վերաբանալու Լիբանանէն Ծոցի երկիրներ առաջնորդող ուղիները, որպէսզի կարելի ըլլայ լիբանանեան երկրագործական արտադրանքը վաճառել Ծոցի երկիրներուն մէջ:
Պահրէյնի թագաւորը իր կարգին յայտնեց, թէ որոշած է Պէյրութի մէջ հիմնել դիւանագիտական մնայուն առաքելութիւն մը, նախագահ Աունի հետ զրոյցը համարելով երկու երկիրներուն միջեւ արդիւնաւէտ համագործակցութեան նոր սկիզբ: Ան կարեւորեց երկկողմանի համագործակցութեան միտող յանձնախումբերու աշխատանքին աշխուժացումը եւ զանազան ոլորտներու մէջ համագործակութեան ամրապնդումը՝ յանուն եղբայրական երկու ժողովուրդներու շահերուն: «Պահրէյն միշտ պատրաստ է կանգնելու Լիբանանի կողքին, մանաւանդ այս դժուար օրերուն եւ կը զօրակցինք երկրին գերիշխանութիւնն ու ազգային միասնականութիւնը ամրացնող ջանքերուն», ըսաւ թագաւորը, ողջունելով Աունի Մանամա այցելութիւնը:

