Ամերիկացի պատուիրակ Թոմ Պարրաք Լիբանանի կառավարութենէն պահանջեց որոշել, թէ ինչպէս վերջ պիտի դնէ ապօրինի զէնքի երեւոյթին: Ան յայտնեց, թէ բոլոր կողմերուն հետ իր տեսակցութիւններուն ընթացքին քննարկած է զինադադարի համաձայնութեան բոլոր կէտերը գործադրելու միջոցները, որպէսզի ապա կարելի ըլլայ անցնիլ յաջորդ քայլերուն: «Կառուցողական քննարկումներ ունեցայ հանրապետութեան նախագահին, խորհրդարանի նախագահին եւ վարչապետին հետ, արտայայտեցի Ուաշինկթընի բարեկամական կեցուածքը Լիբանանի նկատմամբ», ըսա Պարրաք՝ հաւաստիացնելով, որ հանդիպում չէ ունեցած Հըզպալլայի հետ: Ան շեշտեց, թէ Ուաշինկթըն հետաքրքրուած է Լիբանանի զինուած ուժերուն հետ համագործակցութեան շարունակութեամբ, որ կը ներառէ յաւելեալ օգնութիւններու տրամադրում, զինուորներու մարզում եւ նիւթական հնարաւորութիւններու ընծայում, որպէսզի Լիբանան ունենայ մարզուած եւ անհրաժեշտ սարքերով օժտուած բանակ մը: Խօսելով կառավարութեան աշխատանքին մասին, Պարրաք շեշտեց, թէ անկէ շատ բան ակնկալուած է՝ ներառեալ դրամատնային ոլորտին վերաբերող որոշումներ, որպէսզի Լիբանան վերատիրանայ միջազգային կողմերու վստահութեան: Պարրաք երէկ Պքըրքէի մէջ տեսակցեցաւ մարոնիներու պատրիարք Պըշարա Ռահի կարտինալին հետ եւ խոստացաւ վերադառնալ Լիբանան, հետեւելու համար զարգացումներուն:
Խորհրդարանի նախագահը Պարրաքին հետ Այն Թինէի մէջ գումարուած ժողովին ընթացքին ներկայացուցած է շարք մը առաջարկներ, որոնք կը ներառեն բռնագրաւեալ շրջաններէն իսրայէլեան ամբողջական նահանջ, անոր դիմաց յանձնելով Լիթանի գետէն հարաւ մթերուած Հըզպալլայի զէնքերը: Նեպիհ Պըրրի յայտնեց, թէ ինք լաւատես է, հիմնուելով Պարրաքի լաւատեսութեան վրայ: «Մենք չենք մշակեր զինադադարի նոր համաձայնագիր մը, այլ կ’աշխատինք գործադրել առկայ համաձայնութիւնը», ըսաւ Պըրրի:

