Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՍԱՀԱԿԵԱՆԻ ՏԻԿԻՆ ՇԱՔԷՆ (ՇԵՐՏ ՄԸ ՅՈՒՇ ՄԱՀՈՒԱՆ ՔԱՌԱՍՈՒՆՔԻՆ ԱՌԻԹՈՎ)

ՆԱԶՕ Ճ.

July 22, 2025
in Յօդուածներ
0
ՍԱՀԱԿԵԱՆԻ ՏԻԿԻՆ ՇԱՔԷՆ  (ՇԵՐՏ ՄԸ ՅՈՒՇ ՄԱՀՈՒԱՆ ՔԱՌԱՍՈՒՆՔԻՆ ԱՌԻԹՈՎ)

 

 

Կեանքի նաւակն հետք չթողուց իր ետին,
Մոռացումը առա՛ւ ինձմէ ամէն բան,
Հին երազներս ամպերու պէս կ’անհետին,
Յիշատակն ալ կ’անցնի երգի մը նման:

«Գիւղիս ճամբան»

Ռուբէն Որբերեան

 

Տիկնանց յանձնախումբերը սփիւռքահայերուս համար հայապահպանման ամենակարեւոր օղակներէն են: Եկեղեցական, կրթական, միութենական առօրեային մէկ կարեւորագոյն բաժինը ինկած է անոնց ուսերուն վրայ: Ինչպէս մեր ընտանեկան օճախներուն մէջ, նոյնպէս, եւ քչիկ մըն ալ աւելի, անկարելի է պատկերացնել եկեղեցիները առանց տիկիններու ծառայութեան, ակումբային կեանքը առանց տիկնանց օժանդակ մարմինի, դպրոցը՝ առանց իգական շունչի: Պահ մը մտաբերենք մեր շուրջ երեւցող ազգային կամ հոգեւոր շարժումները: Կա՞յ աւելի արդիւնաւէտ եւ բարեմիտ, անյիշաչար հաւաքականութիւն քան «տիկնանց»ները:

Տիկին Շաքէ Սանոսեանը կը ղեկավարէր Սահակեան գոլէճի տիկնանց վարչութիւնը: Անցած են շուրջ 25 տարիներ: Ողբացեալ տիկին Շաքէն կրցած էր իր շուրջ համախմբել քանի մը աշխուժ տիկիններ, որոնք երբեմն ընտանեկան պարտականութիւնները «մոռնալով», իրենց տան անդամներուն անհրաժեշտ պահանջները յետաձգելով, օրեր ու շաբաթներ կը հետապնդէին վարժարանին հասութաբեր մէկ ձեռնարկը, հնազանդօրէն կը կատարէին պարոն տնօրէնին կամ խնամակալ վարչութեան յանձնարարութիւնները:

2010-2011 տարեշրջանին դպրոցին տնօրէնը փոխուեցաւ: Այս քայլը ընդհանրապէս տիկնանցի վարչականուհիներուն եւ յատկապէս ատենապետուհիին համար խոր մտահոգութիւն մը յառաջ բերաւ: Ինչպէ՞ս պիտի ընթանային յարաբերութիւնները նորեկին հետ: Դպրոցին կրթական մակարդակը արդեօք անկում պիտի արձանագրէ՞ր: Այս մասին հետագային սրտբացօրէն արտայայտուած էր տիկին Շաքէն, երբ արդէն կարճ ժամանակ մը ետք համոզուեցաւ, որ գոլէճը կը գտնուէր ապահով ձեռքերու մէջ:

Այդ տարիներուն ողբացեալը դժուար պայմաններ կը շրջանցէր: Զաւակներու եւ դարմանումի կարօտ ամուսինին հոգատարութիւն: Այդ մթնոլորտին մէջն անգամ կը ջանար իր առաւելագոյնը շնորհել Սահակեան վարժարանին:

Իր մէկ հատիկ դուստրը գոլէճի լաւագոյն աշակերտուհիներէն էր: Մայրական ազդեցութիւնը զգալի մեծ էր: Կը գուրգուրար Քրիսթէլին վրայ: Տնօրէնութեան հետ մշտատեւ զննող կապի մէջ էր զաւկին ուսումնական յառաջդիմութիւնը հսկող: Բարեբախտաբար ուսումնատենչ Քրիսթէլը բարձր արդիւնքով յաջողութեամբ յաղթահարեց Պրէօվէի պետական քննութիւնները, այնուհետեւ՝ Պաքալորէան եւ համալսարանը, ուրախացնելով իր մայրը՝ տիկին Շաքէն:

Ողբացեալը հոգուով-սրտով կապուած էր իր տան հարեւանութեան վրայ գտնուող Հ.Մ.Մ.-ի ակումբին: Մարզական խումբերուն ձախողութիւններով կը ցաւէր եւ անոնց յաջողութիւններով կ’ուրախանար: Եւ պտուղն ալ ծառէն հեռու չինկաւ: Իր որդիներէն՝ ազնիւ, հեզ ու ծառայասէր երիտասարդը՝ Սամօ Սանոսեանը բարձրանալով կուսակցական սանդղամատերը այժմ արժանաբար կը գլխաւորէ Ս.Դ.Հ.Կ.-ի «Աղասի» մասնաճիւղը:

Խօսիլ ողբացեալի արժանիքներուն մասին, յետմահու մեծարել զինք, կը նշանակէ պատմել նաեւ իր քրոջ՝ տիկին Սեդա Արնէքեան-Մանթուֆէի մասին: Տնօրէնութեանս օրերուն պատիւ էր ծանօթանալ եւ գործակցիլ այս համեստ տիկնոջ հետ: Ան քուլիսներու ետին հնարաւոր բոլոր միջոցներով կը ջանար օգտակար դառնալ Սահակեան-Լ. Մկրտիչեան գոլէճին: Եւ այս մասին նեղ շրջանակի սահմաններէն անդին ոչ ոք կ’իմանար: Տիկին Շաքէ խորին կապուածութիւն մը կը ցուցաբերէր իր քրոջ հանդէպ: Իսկ տիկին Սեդան այդ կապը կը փոխադարձէր, օգտակար դառնալով նաեւ հայկական վարժարանին, առանց ծափահարութիւն կամ պատուակալ աթոռներ սպասելու:

Կիրակի օր կատարուեցաւ ողբացեալ տիկին Շաքէի մահուան քառասունքի հոգեհանգստեան պաշտօնը: Տէր հայրը պատշաճ խօսք արտասանեց՝ վեր առնելով անոր արժանիքները: Աւելի շատ դէմքեր տեսնել կ’ակնկալէի ողբացեալի յիշատակը յարգողներուն շարքին: Սակայն, ըստ երեւոյթին, ինչպէս բանաստեղծը ըսած է՝ «Հին երազներս ամպերու պէս կ’անհետին, յիշատակն ալ կ’անցնի երգի մը նման»:

Մէկ բան եւս՝ պատմութեան համար: Սփիւռքը կը շարունակէ իր երթը հզօր կամ թոյլ, մեծ կամ փոքր, միատարր կամ երկփեղկեայ կարաւաններով: Այդ ընթացքին մէջ մեծ է դրական ներդրումները ողբացեալ տիկին Շաքէին եւ անոր նման անհամար անյուշ եւ անոյշ ծառայողներու:

Բոլորին վարձքը կատար:

Մեր խորին ցաւակցութիւնները ողբացեալի զաւակներուն՝ Բիւզանդին, Սամոյին եւ Քրիսթէլին, եւ համայն ազգականներուն, հարազատներուն:

 

 

 

 

 

 

Share66Tweet42
Previous Post

ՅԱԿՈԲ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ ԿԸ ՎԵՐԱՊՐԵՑՆԷ ՀԱԼԷՊԻ ՆՈՐ ԳԻՒՂԸ – 2

Next Post

ՊԱՀՐԷՅՆԻ ՀԵՏ ՀԱՄԱԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՆՈՐ ՍԿԻԶԲ

Next Post
ՊԱՀՐԷՅՆԻ ՀԵՏ ՀԱՄԱԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՆՈՐ ՍԿԻԶԲ

ՊԱՀՐԷՅՆԻ ՀԵՏ ՀԱՄԱԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՆՈՐ ՍԿԻԶԲ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.