Կեանքի մէջ մարդ քանի՞ անգամ բնակարան կը փոխէ։ Երկո՞ւ, երե՞ք, չո՞րս։ Այո՛, բոլորս ալ կամովին կամ ստիպողաբար բնակարան կը փոխենք, սակայն ետին թողուած տունը (մա՛նաւանդ մանկութեան շրջանի տունը) անպայման տրտմանուշ յուշերով կը լեցնէ մեր սիրտը։
Այդպէ՛ս եղած է Յ. Միքայէլեանին համար եւս։
Նախքան Նոր Գիւղը, իրենց բնակարանը գտնուած է շոգեկառքի կայարանին մօտակայքը, ընդարձակ պարտէզ-բանջարանոցով ու կանաչապատ շրջապատով։ Ու երբ ստիպուեր են հեռանալ հոնկէ, շոգեշարժավար Վարդան (հեղինակին հայրը) իր պարտէզին որթատունկերէն շիւ մը բերեր է Նոր Գիւղի իր նոր տունը (անհամեմատօրէն փոքր բնակարան մը) ու ատոր նեղլիկ բակին մէկ անկիւնը փոս մը փորելով՝ զայն հո՛ն թաղեր է…։ Այդ տունկը աճեր է, վերածուեր է արիշի, մի՛շտ իրեն յիշեցնելով Զէյթունի իրենց այգիին քաղցրահամ խաղողները…։ «Հօրս տնկած որթատունկը,– կը գրէ Յ. Միքայէլեան,– ապրեցաւ ու պտղաբերեց ամէն տարի, մինչեւ հօրս մահը, որմէ ետք տունը ծախուեցաւ ու գնողը քանդեց ու տեղը նոր շէնք մը բարձրացուց։ Հայրս ու իր նման բազմահազար ճակատագրակիցներ բախտը չունեցան իրենց ծննդավայրերուն մէջ հողին յանձնուելու։ Անոնք Երկրի յիշատակներն ու կարօտը իրենց սրտերուն մէջ՝ հանգչեցան Հալէպի գերեզմանատան մէջ, իրենց զաւակներուն ու թոռներուն կտակելով իրենցմէ կողոպտուած հայրենի հողին վրէժը»։
Այս պատմութիւնը, գո’նէ իր թելադրականութեամբ, որքա՜ն կը յիշեցնէ Ակսել Բակունցի «Լառ–Մարգար»-ը։
Հօրենական տունէն ետք՝ սեւեռումի ենթարկուած են դրացիները։ Փակ շրջանակ էր Նոր Գիւղը, եւ հայ ընտանիքները կ՛ապրէին «մէջ-մէջի»…։ Ամռան, ներքնակները կը փռուէին տանիքը ու մարդիկ կը քնանային աստեղազարդ բաց երկնքի տակ…։ Անպայման կը գտնուէին աներեսներ ալ, որոնք իրենց տանիքէն լպիրշ նայուածքներով կը սիրէին դիտել մերձակայ տանիքներու կիները…։ «Ա՜խ, այդ տանիքները,– կը հառաչէ Յ. Միքայէլեան,– լեզու ունենային ու պատմէին…»։
Առանձին նիւթ են հեղինակին թաղեցի ընկերները, որոնց հետ չարաճճիութիւններ, երբեմն արկածախնդրութիւններ կատարուեր են, մանկական խաղեր սարքուեր են, փողոցի «առեւտուր»-ի փորձեր եղեր են։ Նոր Գիւղի այդ փողոցները ունեցեր են իրենց ծանօթ կերպարները։ Սա թութ ծախող արաբ մարդը, օրինակ, կրնա՞յ խնդուք չյառաջացնել՝ երբ կը կանչէ. «Եալլա թո՜ւթ, եալլա թո՜ւթ, աղուոր չէ՜, աղուոր չէ՜…»։ Թաղեցի հայ լաճերը այդպէ՛ս սորվեցուցեր էին հայերէնի անտեղեակ այդ խեղճ մարդուն, կարծել տալով անոր՝ թէ գովքը կը հիւսէ իր թութերուն…։
Մանկական տպաւորութիւնները եւս լայն տեղ կը գրաւեն հոս։ Կաղանդի նախօրէի խանդավառութիւնը, տօնածառ յարդարելու երջանկութիւնը, Տեառնընդառաջի խարոյկները, Զատկուան հաւկթախաղերը…։
Հապա՞ նիւթական նեղութեանց հետեւանքով ապրուած դառնութիւնները…։ Այդ տարիներուն (1950-ականներ) ո՞վ, քանի՞ ընտանիք նիւթապէս լայն հնարաւորութիւններ ունէր, մա՛նաւանդ Նոր Գիւղի շրջանին մէջ։ Մարդիկ կ՛ապրէին համեստ եւ ժուժկալ կեանք մը։ «Խած մը միայն»-ը (էջ 43) ուշագրաւ յուշ մըն է այս տեսակէտով։
Յակոբ Միքայէլեանի լեզուն սահուն է, բառամթերքը՝ ճոխ։ Ոճային առանձնայատկութիւն մը կամ գրական գեղաքանդակ պատկերներ չնշմարեցինք այստեղ։ Պարզ, ժողովրդային լեզու մըն է իրը, որուն գրաւչութիւնը թերեւս իր այդ պարզութեա՛ն մէջ է…։ Իր նախորդ գիրքերը, որոնց թիւը կը հասնի ութի, արդէն գրաւականն են իր գրելու շնորհին։
*
Եզրափակելէ առաջ՝ անհրաժեշտ նշում մը։
Մեզի համար հաճելի չեղաւ նշմարել, էջերու երկայնքին, որ նորատիպ հատորը լաւ չէր սրբագրուած նախքան տպագրութիւնը։ Թերութիւն մըն է այս, որուն զոհ կ՛երթան հոն եւ հոս (Հայաստան եւ Սփիւռք) տպուած շատ գիրքեր։ Վերստուգող սրբագրի՞չ չկայ, թէ՞ բծախնդրութեան պակաս է։
Բայց որպէսզի մեր նկատողութիւնը անապացոյց չմնայ, ահա՛ փունջ մը վրէպներ.
— Կ՛ուղղեկցի (էջ 31, ճիշդը՝ կ՛ուղեկցի), ազատգեղ (էջ 43, 46, ճիշդը՝ ազատքեղ), չէր վիճակուէր (էջ 51, ճիշդը՝ չէր վիճակուեր), կը փրէ (էջ 59, ճիշդը՝ կը փռէ), աղաջական (էջ 67, ճիշդը՝ աղաչական), չ՛արատաւորելու համար (էջ 68, ճիշդը՝ չարատաւորելու համար), բարէացակամ եւ կէնտ (էջ 71, ճիշդը՝ բարեացակամ եւ կենտ), պիտի հրամցներ (էջ 74, ճիշդը՝ պիտի հրամցնէր), ժայթկած (էջ 76, ճիշդը՝ ժայթքած), մատնայետքեր (էջ 89, ճիշդը՝ մատնահետքեր), մինչեւ որ ծխախոտը մարեր… ու ոտքի ելլեր (էջ 97, ճիշդը՝ մարէր ու ելլէր), հաճելի չէր թուէր (էջ 99, ճիշդը՝ չէր թուեր), երկուստէք (էջ 100, ճիշդը՝ երկուստեք), սակառկել (էջ 122, ճիշդը՝ սակարկել), քաղցրաւէնիք (էջ 123, ճիշդը՝ քաղցրաւենիք), մի երկարէր (էջ 139, ճիշդը՝ մի՛ երկարեր) եւ այլ, եւ այլն։ Տեղ-տեղ կան նաեւ լեզուական անճշդութիւններ։
Կը կրկնենք։ Խիստ փափաքելի է որ Յակոբ Միքայէլեան շարունակէ իր յուշապատումը ու շահեկան նոր էջերով վերապրեցնէ ո՛չ միայն Նոր Գիւղը (իր տարաբնոյթ այլ երեսակներով), այլեւ Հալէպի անցեալի կեանքը՝ առհասարակ։ Մենք վստահ ենք որ ատաղձ ու հում նիւթ չի պակսիր իրեն, մա՛նաւանդ որ ինք գործուն տարր եղած է «երազային Հալէպ»-ի ազգային-միութենական կեանքին մէջ։ Ան կրնայ դրուագներ պատմել իր դպրոցական տարիներէն, ուսուցիչներէն, մամլոյ փորձառական աշխատանքէն եւ թատերական յիսնամեայ կեանքէն, որոնք վստահաբար պիտի լեցնեն յուշերու նոր տոպրակ մը։

