Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

«ԷՓԵՍԷ» …

ԱՒԵՏԻՍ ՌԱԶՄԻԿ

July 22, 2025
in Յօդուածներ
0
«ԷՓԵՍԷ» …

 

«Էփեսէ» (Επεσε). յունարէնով՝ ինկաւ:

Ամէն տարի, 20 Յուլիսին, սովորական զարթուցիչով չէ որ կ’արթննան կիպրացիք: Յուլիսի այդ օրուան արշալոյսը չի նմանիր աշխարհի միւս երկիրներու ջերմ ու բարի արշալոյսներուն: Տարբեր ու մռայլ է ան՝ կիպրացիներուն համար: Սեւով երիզուած է կիպրական օրացոյցներուն վրայ: Անշուշտ, խօսքը կը վերաբերի ոչ-թուրք կիպրացիներուն:

20 Յուլիսի այգաբացին, ռազմական ահազանգեր, սարսուռ առթող արձագանգով, կը վերյիշեցնեն թէ կղզին վիրաւոր է տակաւին:

Արդարեւ, 51 տարի առաջ, միջազգային լուրերու կիզակէտը Կիպրոսն էր. կը հոլովուէր անուն մը՝ «Աթիլլա» ռազմական գործողութիւն: Օսմանեան ծաւալապաշտ ոգին իր նախայարձակ դրսեւորումը կ’ունենար արդէն նոր տարազով եւ «քաղաքակիրթ»ի քղամիդով: Արդէն տարիներէ ի վեր կղզին թատերաբեմ էր ներհամայնքային խլրտումներու. կարգ մը պետութեանց համար (Անգլիա, Յունաստան, Թուրքիա) ան կռուախնձոր մըն էր, ուր յաճախ կ’իյնային զոհեր, կ’արձանագրուէին զինեալ բախումներ եւ քաղաքական կեանքի մագլցումներ: Իրերամերժ հակադիր բեւեռները՝ ազգային շեշտակի գունաւորումով (յունական-թրքական), կը հետապնդէին ներհակ նպատակներ: Ծայրայեղականութիւնն ու մոլեռանդութիւնը հասան բարձրակէտի մը, երբ կղզին իր բնակչութեամբ զոհը դարձաւ անսանձելի ատելութեան եւ արտաքին ուժերու կոպիտ միջամտութեանց: Յոյն-կիպրացիներու Էնոսիսը («Միացում» Յունաստանի հետ) եւ թուրք-կիպրացիներու Թաքսիմը («Բաժանում» Կիպրոսի յոյներէն) չարամտօրէն օգտագործուելով Անգարայի կողմէ, ինքզինք արտօնեց օր ցերեկով ներխուժելու Կիպրոս, գրաւելու անոր 36 առ հարիւրը, վիթխարի բանակ կայանելու հոն, միջամուխ ըլլալու անոր ներքին գործերուն, ապա ինքնակոչ հանրապետութիւն հռչակելու ՝ խոր վիհ մը բանալով երկրին բնակիչներուն միջեւ:

Ծանր պահեր ապրեցաւ Կիպրոսի ժողովուրդը: 1974 Յուլիս 20-էն ետք, Օգոստոսի կիսուն, թրքական զօրքեր, վստահ ըլլալով որ դիմադրութեան պիտի չհանդիպէին, շարունակեցին իրենց յառաջխաղացքը, դատարկել տուին շէն ու կենսախինդ Ֆամակուսթա ծովափնեայ քաղաքը եւ ըստ իրենց հայեցողութեան սահմանագիծ մը որոշեցին հիւսիսի եւ հարաւի միջեւ: Կիսուած էր կղզին, աւելի քան երեք հազար զոհեր, 1400 անհետ կորսուածներ. տնաւեր ու բնազուրկ գաղթականներ ցրուեցան հարաւ՝ յունական բաժնին մէջ: Օսմանեան աղէտ մըն էր, որ խորշակի նման եկաւ ու աւերեց: Աւելին՝ միջազգային անլոյծ կնճիռներու երկար ցանկին աւելցաւ կիպրական թնճուկն ալ, ուր ուղղուեցան ՄԱԿ-ի զօրքեր՝ զսպելու համար հաւանական նոր արիւնահեղութիւններ կամ սանձելու յաճախակի ընդհարումները, որոնք կը պատահէին փշաթելերով բաժնուած հակոտնեայ կողմերուն միջեւ:

Տագնապը առ այսօր կը մնայ առկախ: Բոլոր կողմերուն համար ընդունելի լուծման տարբերակի չգոյութեան պատճառով, բազմաթիւ ծրագրեր կը մնան բարձիթողի: Անգարայի յաւակնոտ եւ յոխորտալից քաղաքականութիւնը իսկական խոչընդոտ մըն է կղզիին կացութեան բարելաւման, տնտեսական բարօրութեան եւ փոխվստահութեան ստեղծումին: 51 տարիներէ կիսուած կղզին եւ անոր մայրաքաղաքը պերճախօս վկայութիւններ են, որ եթէ թրքական կողմը տէր է ռազմական գերակշռութեան, հոն չկայ երկխօսութեան եւ փոխհասկացողութեան նշոյլն անգամ:

«Էփեսէ»՝ ինկաւ:

Երկատուած Նիկոսիոյ յունական բաժնին մէջ բարձունք մը կայ Թիմվօ անունով (կը նշանակէ բլուր), որուն վրայ թառած է հաւաքական ընդարձակ գերեզմանոց մը. հոն կը տեսնենք բազմաշարք սպիտակաքար դամբաններ: Շուրջբոլորդ շիրմաքարեր՝ սիրտ ու հոգի լլկող: Մռայլ միջավայր մը՝ ներաշխարհդ մրրկող: Երիտասարդ դէմքերու լուսանկարներ, զինուորականի տարազներով, կը յառեն դէպի երկնքի արքայութիւն: Սպաննուած, կիսատ մնացած երազներու տէր մարդկանց հաւաքական ննջավայր, ուր կարելի չէ դեգերիլ առանց աղի արցունքներու, արդար զայրոյթի եւ ներքին ցասումի: Ձեւով մը կիպրական Եռաբլուր մը Նիկոսիոյ սիրտին: Դիմացդ կը նայիս: Յանցագործ պետութեանց երկու խոշորկեկ դրօշները կը ծածկեն հսկայ լերան լանջը եւ կարծէք նենգօրէն կը յուշեն տակաւին իրենց բռնի ներկայութեան փաստը: Նողկալի պատկեր մը անտարակոյս, որ 1974-ի վայրագութենէն չյագեցած, դեռեւս կը մնայ կառչած իր վաղեմի քաղաքականութեան:

Յամրօրէն կը քալես շիրիմներուն առջեւէն, ընթերցելով կիպրացի նահատակ զինուորներուն անունները: Բանակային տարբեր աստիճաններ ունէին անոնք 1974-ին եւ ահա Անգարայի յղացած եւ գործադրած «Աթիլլա» գործողութեան հետեւանքով, ամփոփուած են ափ մը հողի տակ: Շիրիմներուն վրայ արձանագրուած ՝ «Էփեսէ»… ինկաւ: Արդարեւ, հերոսները չեն մահանար, այլեւ կ’իյնան քաջաբար: Ինկան անոնք, Թիմվոյի քաջերը՝ յանուն հայրենիքի պաշտպանութեան եւ օսմանեան արիւնասէր թաթը զսպելու ընթացքին: Հազարներ են անոնք՝ որոնք ինկան: «Էփեսէ»:

Անուններ, անուններ: Երիտասարդ ու վարդ կեանքեր՝ խլուած անժամանակ: Քանի՜-քանի՜ քանդուած օճախներ կան այդ շիրիմներուն ներքեւ: Քանի՜-քանի՜ կանթեղներ մարեցան վաղաժամօրէն: Ինկան անոնք:

Եւ ահա անուն մը, որ կը պարտադրէ կանգնիլ պահ մը. Բարսեղ Պիպէրեան:

«Էփեսէ օ Բարսեխ Պիպէրեան»… ինկաւ Բարսեղ Պիպէրեանը, 16 Օգոստոս 1974-ին, Նիկոսիոյ մատոյցներուն թրքական ներխուժող ուժերուն դէմ բախումներու ընթացքին: Յունահայ հայորդին հերոսաբար ինկաւ քաղաքացիական եւ զինուորական պարտականութեան ժամանակ՝ իր արիւնը շաղախելով Կիպրոսի բազմաչարչար հողին:

Ամէն 20 Յուլիսի առաւօտ, տխրաթախիծ շղարշ մը կը պարուրէ Կիպրոսի յունական բաժինը: Պատանքուած զինուորներուն յիշատակը տխրօրէն կը համակէ քաղաքացիները, որոնք դեռեւս կը կրեն սպիները Էճեւիտներու, Տէմիրէլներու, Տէնքթաշներու եաթաղանի հարուածներուն: Եւ որոնց ստորին գործը կը շարունակէ Թուրքիոյ մերօրեայ նախագահն ու Կիպրոսի գրաւեալ թրքական բաժնին դրածոյ «նախագահ»ը:

 

 

Share62Tweet39
Previous Post

ՀԱՅԿԱԶԵԱՆ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻ «ՏԷՐԵԱՆ ՀԱՅԱԳԻՏԱԿԱՆ ԳՐԱԴԱՐԱՆ»ԻՆ ՆՈՒԻՐԱԲԵՐՈՒԱԾ ՀԱՅԱՍՏԱՆԵԱՆ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԱՌԹԻՒ

Next Post

ՅԱԿՈԲ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ ԿԸ ՎԵՐԱՊՐԵՑՆԷ ՀԱԼԷՊԻ ՆՈՐ ԳԻՒՂԸ – 2

Next Post
ՅԱԿՈԲ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ ԿԸ ՎԵՐԱՊՐԵՑՆԷ  ՀԱԼԷՊԻ ՆՈՐ ԳԻՒՂԸ – 2

ՅԱԿՈԲ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ ԿԸ ՎԵՐԱՊՐԵՑՆԷ ՀԱԼԷՊԻ ՆՈՐ ԳԻՒՂԸ - 2

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.