Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՀԱՅԿԱԶԵԱՆ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻ «ՏԷՐԵԱՆ ՀԱՅԱԳԻՏԱԿԱՆ ԳՐԱԴԱՐԱՆ»ԻՆ ՆՈՒԻՐԱԲԵՐՈՒԱԾ ՀԱՅԱՍՏԱՆԵԱՆ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԱՌԹԻՒ

July 22, 2025
in Այլազան
0
ՀԱՅԿԱԶԵԱՆ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻ «ՏԷՐԵԱՆ ՀԱՅԱԳԻՏԱԿԱՆ ԳՐԱԴԱՐԱՆ»ԻՆ ՆՈՒԻՐԱԲԵՐՈՒԱԾ ՀԱՅԱՍՏԱՆԵԱՆ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԱՌԹԻՒ

 

Պէյրութի Հայկազեան համալսարանի «Տէրեան հայագիտական գրադարան»ը խորին գոհունակութեամբ կը տեղեկացնէ, որ վերջերս բազմաթիւ արժէքաւոր հրատարակութիւններու նուիրատուութիւն ստացած է Հայաստանի գիտամշակութային ու գիտահետազօտական հետեւեալ կառոյցներէն.-

  • «Մատենադարան» Մեսրոպ մաշտոցի անուան հին ձեռագրերու ինստիտուտ,
  • Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-ինստիտուտ (ՀՑԹԻ),
  • Հայաստանի ազգային գրադարան (ՀԱԳ),
  • Հայաստանի պատմութեան թանգարան (ՀՊԹ),
  • Հայաստանի ազգագրութեան թանգարան (ՀԱԹ), ինչպէս նաեւ գրահրատարակչատուներէ եւ անհատ հեղինակներէ:

Սոյն հրատարակութիւնները յատկանշական ներդրում են գրադարանի ճոխ հաւաքածոյի համալրման ու այժմէականացման աշխատանքին մէջ:
«Տէրեան հայագիտական գրադարան»ը կը միտի շարունակաբար ձեռք բերելու ո՛չ միայն Սփիւռքի, այլ նաեւ Հայաստանի տարածքին հրատարակուող գիրքեր՝ անոնց արժանաւորապէս յատկացնելով պատշաճ անկիւն մը աւելի քան 42.000 հայերէն ու անգլերէն հատորներ եւ տեսա-լսողական նիւթեր բովանդակող իր հաւաքածոյին մէջ:
«Տէրեան հայագիտական գրադարան»ի անձնակազմս զգացուած է ազնիւ ուշադրութեան համար եւ մասնայատուկ շնորհակալութիւն կը յայտնէ բոլոր նուիրատուներուն՝ այս գնահատելի ներդրումին առիթով:
Կոչ կ’ուղղենք կրթա-մշակութային հաստատութիւններու, գրահրատարակչատուներու, անհատ հրատարակիչներու եւ հեղինակներու՝ ի սփիւռս եւ ի հայրենիս, որ շարունակեն մասնակից դառնալ գրադարանի հաւաքածոյի հարստացման մեր յարատեւ ձգտումին՝ ի խնդիր հայերէն գրաւոր ժառանգութեան պահպանման ու տարածման:
Այսուհետեւ պարբերաբար պիտի ծանուցենք եւ տարեկան դրութեամբ հանրութեան պիտի ներկայացնենք մեր ստացած ու ձեռք բերած գիրքերուն ցանկը:
Նշենք, որ գրադարանը բաց է բոլոր գիտահետազօտողներուն առջեւ՝ հայ թէ օտար:

ՀԱՅԿԱԶԵԱՆ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻ
ՏԷՐԵԱՆ ՀԱՅԱԳԻՏԱԿ ԳՐԱԴԱՐԱՆ

Share65Tweet41
Previous Post

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀԱԿԱՆ     ՄԻՋԵՐԿՐԱԿԱՆԵԱՆ ՍՆՆԴԱԿԱՆՈՆԸ ԿԸ ՊԱՀԷ ԻՐ ԱՅԺՄԷՈՒԹԻՒՆԸ

Next Post

«ԷՓԵՍԷ» …

Next Post
«ԷՓԵՍԷ» …

«ԷՓԵՍԷ» ...

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.