Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀԱԿԱՆ     ՄԻՋԵՐԿՐԱԿԱՆԵԱՆ ՍՆՆԴԱԿԱՆՈՆԸ ԿԸ ՊԱՀԷ ԻՐ ԱՅԺՄԷՈՒԹԻՒՆԸ

ՍՈՒՐԷՆ ՇԷՐԻՔ

July 22, 2025
in Յօդուածներ
0
ԱՌՈՂՋԱՊԱՀԱԿԱՆ      ՄԻՋԵՐԿՐԱԿԱՆԵԱՆ ՍՆՆԴԱԿԱՆՈՆԸ ԿԸ ՊԱՀԷ ԻՐ ԱՅԺՄԷՈՒԹԻՒՆԸ

 

Այս սննդականոնին մարդկային առողջութեան վրայ ունեցած դրական ազդեցութիւնները բացայայտուած են երկար տարիներէ ի վեր, շնորհիւ անոր բերած բարեմասնութիւններուն` կենսանիւթային, լաւորակ ճարպերու եւ հակաօքսիտացնող  առաւելութիւններուն։ Այս սննդականոնը ժամանակի յեղաշրջումին դիմադրած է։ Ամերիկեան լրատու պարբերաթերթը եօթներորդ յաջորդականութեամբ 2024 տարուան լաւագոյն սննդականոնը հռչակած է զայն։

Անգամ մը եւս յիշեցնենք միջերկրականեան սննդականոնին բաղկացուցիչները․ ամբողջական արմտիք (գարի, բրինձ եւլն․), չոր բանջարեղէններ (սիսեռ, ճերմակ լուբիայ, ոսպ եւլն․), որոնք թելային սննդեղէնի եւ հանքային տարրերու աղբիւրներ կը հանդիսանան, ինչպէս` պղինձ, երկաթ, մակնեզիոմ, զինկ`  պտուղներ, բանջարեղէններ եւ խոտեր (ռեհան, ուրց եւն․), որոնք հարուստ են կենսանիւթով եւ հակաօքսիտական տարրերով, չոր միրգեր (ընկոյզ, նուշ, կաղին), որոնք լաւորակ ճարպանիւթ կը պարունակեն։ Ինչպէս կը տեսնուի այս սննդականոնը նախընտրութիւն կու տայ բուսական սննդեղէններուն։  Միսը քիչ քանակով ներկայ է, շաբաթը` հազիւ 2-3անգամ։ Կը նախընտրուին ձուկերը, ծովային մթերքներ։  Հաւեղէնն ու հաւկիթը կը նախընտրուի կարմիր միսի փոխարէն, այս վերջինը ամիսը 3-4 անգամ յաճախականութեամբ միայն։ Մաքի կամ այծի ծագում ունեցող կաթնեղէնը նախամեծար կը համարուի կովային արտադրութեան նկատմամբ։ Ձիթաիւղը ճարպային սնունդի գլխաւոր բաղկացուցիչն է, փոխարինելով յագեցած ճարպայիններն ու կարագը։

Պարունակելով առողջութեան նպաստաւոր գլխաւոր բաղկացուցիչները, այս սննդականոնը այլապէս քիչ շաքար ունեցող սննդեղէններով հարուստ, ինչպէս նաեւ զերծ է արուեստականօրէն փոխակերպուած սնունդներէ, հետեւաբար կը ներկայանայ որպէս իտէալ սննդականոնի համակարգ , որ կը պայքարի շաքարախտի եւ սրտերակային բարդութիւններու դէմ։ Այսպէս ան 30 տոկոսով կը կանխէ շաքարախտի ընդհանրացած «2» տարբերակը, նաեւ 25 տոկոսով կանանց սրտերակային հիւանդութիւնները։  Բրիտանիոյ Biobank հաստատութեան կողմէ 10 տարի հետեւողութեամբ հսկողութեան տակ առնուած 60.298 անհատի վրայ կատարուած հետազօտական ուսումնաիրութիւնը երեւան հանած է, որ միջերկրականեան սննդականոնը 23 առ հարիւր համեմատութեամբ զերծ կը պահէ խելագարութենէ։

Հակառակ որ այս սննդականոնին գլխաւոր նպատակը մարմնական ծանրութիւնը պակսեցնելու մէջ չի կայանար, այսուհանդերձ միջերկրականեան սննդականոնը ուսումնասիրութիւններէ ետք ապացուցած է, որ ան նպաստաւոր ազդեցութիւն կը գործէ մարմնական ճարպային զանգուածը պակսեցնելու։

Վերջապէս այս սննդականոնը յարաբերաբար դիւրին կիրարկելի է։ Ամէն օր մեր սեղանին վրայ քիչ մը աւելի մեծ քանակութեամբ բանջարեղէն, ընդեղէն, արմտիք, ձէթ դնելով, ինչպէս նաեւ չոր միրգերէ, այծի պանիրէ եւ պտուղներէ օգտուելով կը կարողանանք բարելաւել մեր առողջութիւնը։

 

 

Share62Tweet39
Previous Post

ԵՈՒՆԻՖԻԼ-Ը, ՀԱՅԱՍԷՐԸ ԵՒ ՍՈՎԵՏԱՀԱՅԸ

Next Post

ՀԱՅԿԱԶԵԱՆ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻ «ՏԷՐԵԱՆ ՀԱՅԱԳԻՏԱԿԱՆ ԳՐԱԴԱՐԱՆ»ԻՆ ՆՈՒԻՐԱԲԵՐՈՒԱԾ ՀԱՅԱՍՏԱՆԵԱՆ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԱՌԹԻՒ

Next Post
ՀԱՅԿԱԶԵԱՆ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻ «ՏԷՐԵԱՆ ՀԱՅԱԳԻՏԱԿԱՆ ԳՐԱԴԱՐԱՆ»ԻՆ ՆՈՒԻՐԱԲԵՐՈՒԱԾ ՀԱՅԱՍՏԱՆԵԱՆ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԱՌԹԻՒ

ՀԱՅԿԱԶԵԱՆ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻ «ՏԷՐԵԱՆ ՀԱՅԱԳԻՏԱԿԱՆ ԳՐԱԴԱՐԱՆ»ԻՆ ՆՈՒԻՐԱԲԵՐՈՒԱԾ ՀԱՅԱՍՏԱՆԵԱՆ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԱՌԹԻՒ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.