Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԵՈՒՆԻՖԻԼ-Ը, ՀԱՅԱՍԷՐԸ ԵՒ ՍՈՎԵՏԱՀԱՅԸ

ՊԵՐՃ ԱՐԱՊԵԱՆ

July 22, 2025
in Յօդուածներ
0
ԵՈՒՆԻՖԻԼ-Ը, ՀԱՅԱՍԷՐԸ ԵՒ ՍՈՎԵՏԱՀԱՅԸ

 

 

Փաստաբանները վկայական ունին համալսարանէն եւ արտօնագիր պետութենէն, որպէսզի սուտ խօսին: Եթէ սուտ բառը հաճելի չեղաւ, թեթեւցնելու համար ըսենք՝ իրականութիւնը խեղաթիւրելու: Ոճրագործը՝ զոհ, զոհն ալ ոճրագործ ներկայացնելը ոչ միայն իրենց պարտականութիւնն է, այլեւ՝ պարտաւորութիւնը:

Քաղաքականութեամբ զբաղողներուն մեծամասնութիւնն ալ ի պաշտօնէ (եւ անձնական շահերէ մղուած), պարտաւոր է ստել, խեղաթիւրել, հակաճառել եւ մասամբ նորին:

Ահա թէ ինչու քաղաքական մարդոց մեծամասնութիւնը փաստաբաններ են:

Աւելի քան 20 տարիէ, կապս գրեթէ լմա՛ն կտրած եմ հեռուստացոյցին (TV-ին) հետ, մանաւա՛նդ տեղականներուն: Բոլորն ալ այս կամ այն կողմի քաղաքականութեամբ զբաղող «սիրեցեալներուն» ստաբանութիւններուն բանբերն են: (Ես սիրեցեալ ըսի, դուք հակառակը հասկցէք):

Ընդհանրապէս քիչ են քաղաքականութեամբ զբաղող պար­կեշտ ու ազնիւ գործիչները, հազուագիւտ են, դժուար գտա­նելի, բայց ան­շուշտ որ բացառութիւններ եղա՛ծ են, կան ու պիտի ըլլան: Յարգանքս բոլորին:

Իմ կարծիքով, այդ բացառութիւններէն մին էր, Լիբանանի խորհրդարանի երկարամեայ նախկին նախագահը, հայասէր՝ Հուսէյն էլ-Հուսէյնին:

Բիւր յարգանք իր վաստակին:

 

ԵՈՒՆԻՖԻԼ

Վերջերս, դիպուածով, համացանցէն իմացայ թէ քուլիսներու ետին համաձայնութիւն կայ վերջ տալու ՄԱԿ-ի միջազգային ուժերու ԵՈՒՆԻՖԻԼ-ի կեցութեան, որոնք աւելի քան 45 տարիէ կը հսկեն հարաւային Լիբանանի սահմանները:

Նման քայլ մը կտրո՛ւկ կերպով ի վնաս Լիբանանին է: Ըստ երեւոյթին, պատմութիւնը անգամ մը եւս կը կրկնէ ինքզինք: Նոյնը պատահած էր 1980-ականներուն: Բայց այդ օրերուն, փրկագործ աշխատանք մը տարած էր սովետահայ հայրենակից մը, հայասէր Հուսէյն էլ-Հուսէյնիի բարեխօսութեամբ: Երկուքով կրցած էին ձախողցնել Լիբանանի դէմ ըլլալիք դաւադրութիւնը եւ յաջողած՝ երկարաձգել ԵՈՒՆԻՖԻԼ-ի կեցութիւնը:

 

ՀԱՅԱՍԷՐԸ

Մինչեւ ծուծը հայասէր էր Լիբանանի խորհրդարանի երկար տարիներու նախկին նախագահ, հանգուցեալ Հուսէյն էլ-Հուսէյնին:

Բառին բուն առումով ՊԵՏԱԿԱՆ ՄԱՐԴ:

Լիիրաւ լիբանանասէր:

Հեռու էր համայնքային-յարանուանական նեղմիտ մտածողութենէ: Լիբանանի ամբողջականութիւնը պահպանող նուիրեալ քաղաքագէտ մը:

Առիթով մը, երբ բարձրագոյն դիրքով օտար դիւանագէտ մը կ’ակնարկէ՝ ըսելով. «Դուք շիաա համայնքի առաջնորդն էք (զաաիմ)», կը սրբագրէ. «Ես բոլո՜ր լիբանանցիներուն պատկանող խորհրդարանին խօսնակն եմ միայն»: Անգլերէնով՝ speaker (խօսնակ), արաբերէնով՝ ռաիս (նախագահ):

Երկար տարիներ, լիբանանահայ համայնքը պետականօրէն մեծագոյն փոքրամասնութիւնն էր: Իր օրերուն, հայերը դարձան Լիբանանի 7-րդ մեծագոյն համայնքը:

Ազնիւ բարեկամի մը միջոցաւ, զինք եւ իր ազնուափայլ տիկինը մօտէն ճանչնալու առիթն ու պատիւը ունեցած էի, մտերիմներ ըլլալու աստիճան: Շատ յաճախ, ճաշասեղանի շուրջ, Աստուծոյ պարգեւած աղն ու հացը բաժնած էինք միասին:

Հաւանաբար, վստահութիւնն ալ շահած ըլլալու էինք, որ շատ անգամ մեր հետ կը բաժնէր քուլիսներու ետին եղած անցուդարձերը:

Հետաքրքրական էր ԵՈՒՆԻՖԻԼ-ի կեցութիւնը նորոգելու հետ կապուած դէպքը:

 

ՍՈՎԵՏԱՀԱՅԸ

Այսօրուան նման, 1980-ականներուն, ՄԱԿ-էն ներս, Արեւմուտքէն եկող ձայներ կային միջազգային ուժերու առաքելութեան վերջ տալու համար:

Հուսէյն էլ-Հուսէյնի կ’որոշէ կողմնացոյցը շրջել եւ դիմել Արեւելքին՝ Սովետական միութեան: Պաշտօնական այցելութեամբ մը կը մեկնի Մոսկուայ, Լիբանանի մտահոգութիւններն ու թեզը սովետ ղեկավարներուն ներկայացնելու համար:

«Միջին Արեւելքի թղթածրարի ծալքերուն բանիմաց, մեր մասնագէտը սովետահայ է, Երեւան կը բնակի», կ’ըլլայ Մոսկուայի պատասխանը:

Իրապէս ալ, Հուսէյնի Երեւան այցելելով կը հանդիպի մեր հայրենակիցին: (Յիշողութիւնս կը դաւաճանէ, չեմ յիշեր անուն-ազգանունը):

Երեւանաբնակ մեր սովետահայը ՄԻԱ՛ՅՆ մտիկ կ’ընէ զինք: Ո՛չ մէկ ակնարկութիւն, ո՛չ մէկ անդրադարձ:

Հուսէյնի Երեւանէն հազիւ Մոսկուայ վերադարձած, Սովետական միութեան արբանեակ երկիրները՝ Լեհաստան, Պուլկարիա եւ այլն, կը սկսին ձայներ բարձրացնել ՄԱԿ-էն ներս: Մին պատրաստակամութիւն ցոյց կու տայ 3000 հոգինոց բանակ տրամադրելու, միւսը՝ միլիոնաւոր տոլար եւ այլն:

«Ես տակաւին Մոսկուայ էի, Պէյրութ չէի վերադարձած, խորհրդարանի քարտուղարութիւնը զանգեց՝ ըսելով, որ Արեւմուտքի մեծագոյն պետութեան դեսպանը ինծի հետ հանդիպելու համար շատ աճապարանօք ժամադրութիւն խնդրած է»,- կ’ըսէր Լիբանանի խորհրդարանի հայասէր նախագահը,- «անմիջապէս որ Պէյրութ վերադարձայ, հանդիպեցանք ու իրենց դրական կեցուածքը փոխանցեցին մեզի: Այսպիսով յաջողեցանք վերանորոգել եւ երկարաձգել ԵՈՒՆԻՖԻԼ-ի կեցութիւնը»:

Սովետահային եւ հայասէրին փրկագործ աշխատանքին շնորհիւ, կ’երեւի հոգին սուրբը իջած էր ՄԱԿ-ը իրենց թեւին տակ առած Արեւմուտքի երկիրներուն եւ իրենց «սիրեցեալ» ղեկավարներուն վրայ:

Վստա՛հ նկատեցիք, սիրեցեալ բառը չակերտներու մէջ էր:

Խնդրե՛մ, «սիրեցեալ»ը, սիրեցեալ չհասկնաք:

 

 

 

 

 

Share64Tweet40
Previous Post

ՄԵՐ ՀԱՅՐԵՆԱԿՑԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ (3) ՄԱՐԱՇ

Next Post

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀԱԿԱՆ     ՄԻՋԵՐԿՐԱԿԱՆԵԱՆ ՍՆՆԴԱԿԱՆՈՆԸ ԿԸ ՊԱՀԷ ԻՐ ԱՅԺՄԷՈՒԹԻՒՆԸ

Next Post
ԱՌՈՂՋԱՊԱՀԱԿԱՆ      ՄԻՋԵՐԿՐԱԿԱՆԵԱՆ ՍՆՆԴԱԿԱՆՈՆԸ ԿԸ ՊԱՀԷ ԻՐ ԱՅԺՄԷՈՒԹԻՒՆԸ

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀԱԿԱՆ     ՄԻՋԵՐԿՐԱԿԱՆԵԱՆ ՍՆՆԴԱԿԱՆՈՆԸ ԿԸ ՊԱՀԷ ԻՐ ԱՅԺՄԷՈՒԹԻՒՆԸ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.