Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՄԵՐ ՀԱՅՐԵՆԱԿՑԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ (3) ՄԱՐԱՇ

July 22, 2025
in Այլազան
0
ՄԵՐ ՀԱՅՐԵՆԱԿՑԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ (3) ՄԱՐԱՇ

ԱՄՓՈՓ ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄԷՋ ՄԱՐԱՇԻ ՀԱՅՐԵՆԱԿՑԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ

Մարաշի աղէտին իբրեւ հետեւանք, ողջ մնացած հայրենակիցները գաղթելով իրենց ծննդավայրէն, ի շարս այլ երկիրներու, կը հասնին Լիբանան եւ, 1922-էն սկսեալ, կը հաստատուին Պէյրութ մայրաքաղաքի Քարանթինա եւ Մար Մըխայէլ շրջանները, ուր կը կառուցանեն փայտաշէն եւ թիթեղաշէն խրճիթներ։ Անոնք կ’ապրին անտանելի պայմաններու տակ։ Չքաւորութիւնը, հիւանդութիւններն ու ապառողջ միջավայրը աւերներ կը գործեն հիւղաւանի տարածքին եւ պատճառ կ’ըլլան բազմաթիւ մահերու։ Հայրենակիցներուն վիճակը բարելաւելու ձգտող մարդիկ, թեթեւցնելու նպատակով կարօտեալի մը ապրուստին բեռը կամ հոգալու համար ուրիշի մը թաղման ծախսերը, ինքնակոչ ձեւով կը դիմեն հանգանակութեան՝ փողոցներուն մէջ իրենց գլխարկները անցորդներուն երկարելով, որպէսզի անոնք անոնց մէջ ձգեն իրենց լուման։

Այսպէս է որ, 1920-ականներուն, մարաշցիներու գոյատեւումով մտահոգ կարգ մը պատասխանատուներու գլխուն եւ սիրտին մէջ ծնունդ կ’առնէ հաւաքական օգնութեան անհրաժեշտ գործելակերպի մը գաղափարը։ Սկզբնական շրջանին այս քայլը կը յառաջանայ տատամսոտ ընթացքով, ապա՝ հետզհետէ ծաւալելով, կը դառնայ էական, որպէսզի օրը օրին հարթուին բազմացող դժուարութիւնները։ Յիրաւի, 1924-էն մինչեւ 1929, մարաշցիներէ բաղկացած կորիզ մը, բոլորովին անպաշտօն, բայց ինքնանուէր հանգամանքով, կը մատուցանէ անհատնում ծառայութիւններ։

1929-ին նոր աղէտ մը կու գայ վտանգել մարաշցիներու մնացորդացը․ նախ՝ լիբանանեան իշխանութիւնները կը հրահանգեն փլել վերոյիշեալ հիւղաւանը, ապա հրդեհ մը հրոյ ճարակ կը դարձնէ Քարանթինան:

Ուստի, վերապրումի կենսական մտահոգութիւնը կը հանդիսանայ շարժառիթը աղէտահար բնակչութիւնը հաստատելու վայր մը փնտռելու։ Կը ստեղծուի հողային յանձնախումբ մը, որ կը զբաղի այս հարցով։ Կը տարուին աշխատանքներ, որոնք կը յանգին Պէյրութ գետը եզերող անմիջական հողամասերու գնման։

18 Սեպտեմբեր 1929-ին, պատկան իշխանութիւններուն կը յղուի դիմումնագիր մը, ուր կը խնդրուի հայրենակցական միութիւն մը հիմնելու արտօնութիւնը։

Այս ներածականին կը հետեւի Միութեան կանոնագրութիւնը, որ կը բաղկանայ 20 յօդուածներէ։ Անոնք կ’առնչուին միութեան անուանումին, կեդրոնին, բարեսիրական նպատակին (օգնել աղքատներուն, կարիքաւորներուն եւ դպրոցականներուն, դրամ հաւաքել անդամներէն հողերու գնման եւ արդար բաշխման համար), անդամագրութեան պայմաններուն, վարչական ընտրութեան եւ աշխատանքին (հնգանդամ կազմ մը, որ կը բաղկանայ ատենապետէ մը, ատենադպիրէ մը, գանձապահէ մը եւ երկու խորհրդականէ․ ատենապետը, որ նոտարի մը միջոցով լիազօրուած է կատարելու պաշտօնական բոլոր գործերը, պետութեան մօտ Միութեան ներկայացուցիչն է), ապաքաղաքական բնոյթին եւ այլն:

Վերոնշեալ դիմումնագիրին հինգերորդ յօդուածը կը յիշէ առաջին վարչութեան անդամները, որոնք ժամանակաւոր կերպով կը վարեն Միութեան աշխատանքները․

Գերյ․ Հայր Պօղոս ծ․ վրդ․ Արիս

Տիար տոքթ․ Գարեգին Վարդապետեան

Տիար Պօղոս Ներսէսեան

Տիար Սարգիս Պզտիկեան

Տիար Սուրէն Ճերանճեան

Պետութեան յղուած դիմումնագիրը կ’արժանանայ դրական պատասխանի, որուն հիման վրայ Մարաշի հայրենակցական միութիւնը կը ճանչցուի եւ կը վաւերացուի իբրեւ բարեսիրական միութիւն, Լիբանանի Հանրապետութեան թիւ 2154 հրամանագրով՝ 19 Նոյեմբեր 1929 թուակիր։ Խորքին մէջ, հողային յանձնախումբն է, որ կը վերածուի վարչութեան, որպէսզի կարենայ գործել օրինաւոր կերպով եւ հանգամանօրէն պաշտպանել մարաշցի հայրենակիցներուն իրաւունքներն ու պահանջները։ Այդ վարչութիւնն է, որ հիմը կը դնէ Նոր Մարաշ թաղամասին, ուր հայրենակիցները կամաց-կամաց կը բարձրացնեն իրենց տուները եւ կը կերտեն իրենց ապագան։

 

ՄԱՐԱՇԻ ՀԱՅՐԵՆԱԿՑԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՔԱՅԼԵՐԳԸ

 

Խօսք եւ երաժշտութիւն` ԳՐ․ Հ․ ԳԱԼՈՒՍՏԵԱՆ

Ներդաշնակում՝ Փրոֆ. Յ․ Վ․ ՄՈՒՐԱՏԵԱՆ

 

Մարաշ, քաղա՛ք մեր հայրենի,

Քաղցր, անմոռաց քու յիշատակ

Պիտի մընայ միշտ կենդանի՝

Որդիներուդ կուրծքերուն տակ,

Մարաշ, քաղա՜ք մեր հայրենի։

 

Ամէնքս ահա եղբայրաբար

Քու անունով ենք միաբան,

Ուխտ ենք ըրած սիրել զիրար,

Յառա՜ջ քալել յար անխափան

Ամէնքս ահա եղբայրաբար։

 

Րախ ու վստահ տանք ձեռք-ձեռքի,

Ո՛վ մարաշցի հայորդիներ,

Թո՛ղ չար բերանն յաւէտ կարկի

Մեր ջանքին դէմ բոլորանուէր,

Օ՜ն, եղբայրներ, տա՛նք ձեռք-ձեռքի։

 

Աւետի՜ս ձեզ, մարաշցինե՛ր,

Արեան, սուգի օրերն անցան,

Մեր Միութիւնն հայրենանուէր

Նոր յոյս բերաւ եղբայրութեան,

Աւետի՜ս ձեզ, մարաշցինե՛ր։

 

Շողա՛, արե՜ւ Ազատութեան,

Փա՜ռք քաջերուն մեր անձնուէր,

Ապրի՛ ազգը միշտ, յաւիտեան,

Ապրի՛ն յաւէտ մարաշցիներ,

Փա՛ռք, յարգա՛նք քեզ, ազգ հայկական։

 

Share65Tweet41
Previous Post

ՀԱՆԴԱՐՏՈՒԹԵԱՆ ԿՈՉ ԼԻԲԱՆԱՆԷՆ ԵՒ ԱՐՏԵՐԿՐԷՆ

Next Post

ԵՈՒՆԻՖԻԼ-Ը, ՀԱՅԱՍԷՐԸ ԵՒ ՍՈՎԵՏԱՀԱՅԸ

Next Post
ԵՈՒՆԻՖԻԼ-Ը, ՀԱՅԱՍԷՐԸ ԵՒ ՍՈՎԵՏԱՀԱՅԸ

ԵՈՒՆԻՖԻԼ-Ը, ՀԱՅԱՍԷՐԸ ԵՒ ՍՈՎԵՏԱՀԱՅԸ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.