Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՀԱՆԴԱՐՏՈՒԹԵԱՆ ԿՈՉ ԼԻԲԱՆԱՆԷՆ ԵՒ ԱՐՏԵՐԿՐԷՆ

July 22, 2025
in Լիբանանեան
0
ՀԱՆԴԱՐՏՈՒԹԵԱՆ ԿՈՉ ԼԻԲԱՆԱՆԷՆ ԵՒ ԱՐՏԵՐԿՐԷՆ

 

 

Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութիւնը Սուրիոյ պետութեան, Սուէյտայի ժողովուրդին եւ արաբ ցեղախումբերուն կոչ ուղղեց զինադադարի ամրապնդումը համարելու առաջնահերթութիւն, զերծ մնալով վրէժի կոչերէն: Կուսակցութիւնը նշեց, թէ Սուրիոյ կառավարութեան պարտականութիւնն է լուրջ աշխատանք տանիլ անկայուն վիճակը հանդարտեցնելու եւ տիւրզիաբնակ գիւղերուն վրայ յարձակումները զսպելու: Քլեմանսոյի մէջ, նախկին կուսակցապետ Ուալիտ Ճոմպլաթ ընդունեց նախկին վարչապետներ Ֆուատ Սինորան, Թամմամ Սալամն ու Նեժիպ Միքաթին, ներկայութեամբ երեսփոխան Թէյմուր Ճոմպլաթի: Նախկին վարչապետները իրենց ամբողջական աջակցութիւնը յայտնեցին Ճոմպլաթի  ազգային դիրքորոշումներուն եւ կոչ ուղղեցին խուսափելու խռովութիւններէն, այլ շարքերը միաւորելու եւ կանխելու խնդիրներուն տարածումը:

Սուրիոյ հարցով ամերիկացի յատուկ պատուիրակ Թոմ Պարրաք յայտնեց, որ Սուրիոյ նախագահը եւ Իսրայէլի վարչապետը ամերիկեան աջակցութեամբ որոշած են  զինադադար յայտարարել: Պարրաք Սուրիոյ մէջ գործող զինեալ ապօրինի խմբակներուն յորդորեց յանձնել զէնքերը: Ան նշեց, թէ Սուրիոյ նկատմամբ սահմանուած պատժամիջոցները չեղարկելու մասին Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տոնըլտ Թրամփի որոշումը սուրիացիներուն հնարաւորութիւն տուած է  յաղթահարելու տառապանքներու եւ վայրագութիւններու փուլը: «Միջազգային ընտանիքը զգուշաւոր լաւատեսութեամբ կը հետեւի Սուրիոյ մէջ առկայ ցաւի մշակոյթը յուսալի ապագայի վերածելու փորձերուն», ըսաւ Պարրաք՝ շեշտելով, թէ զինեալ բոլոր կազմակերպութիւնները պէտք է յանձնեն իրենց զէնքը եւ վերջ տան թշնամական գործողութիւններուն, հրաժարելով վրէժխնդրութեան ցեղախմբային տրամաբանութենէն: Իսկ Յորդանանի Արտաքին գործերու նախարարութիւնը յայտարարեց, թէ նախարար Այման Սաֆատի իր սուրիացի պաշտօնակից Ասաատ Շիպանիի եւ ամերիկացի պատուիրակ Թոմ Պարրաքի հետ Ամմանի մէջ գումարած է ժողով մը՝ քննարկելու համար Սուէյտա գաւառին զինադադարը ամրապնդելու միջոցները:

Share63Tweet40
Previous Post

ՍՈՒԷՅՏԱՅԻ ՄԷՋ ԵՐԿՐՈՐԴ ԶԻՆԱԴԱԴԱՐ

Next Post

ՄԵՐ ՀԱՅՐԵՆԱԿՑԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ (3) ՄԱՐԱՇ

Next Post
ՄԵՐ ՀԱՅՐԵՆԱԿՑԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ (3) ՄԱՐԱՇ

ՄԵՐ ՀԱՅՐԵՆԱԿՑԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ (3) ՄԱՐԱՇ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.