Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՍՈՒԷՅՏԱՅԻ ՄԷՋ ԵՐԿՐՈՐԴ ԶԻՆԱԴԱԴԱՐ

July 22, 2025
in Միջազգային
0
ՍՈՒԷՅՏԱՅԻ ՄԷՋ ԵՐԿՐՈՐԴ ԶԻՆԱԴԱԴԱՐ

Սուրիոյ հարաւային Սուէյտա շրջանին մէջ անցեալ շաբաթ յայտարարուած զինադադարի ձախողութենէն ետք, շաբաթավերջին վերահաստատուեցաւ զինադադարը: Ներքին գործերու նախարարութեան բանբեր Նուր էլ-Տին էլ-Պապա յայտնեց, թէ Սուէյտա քաղաքը դատարկուած է ցեղախմբային բոլոր զինեալներէն, վերջ տալու համար տեղացի զինեալներուն հետ օրեր շարունակուած արիւնալի մարտերուն: Բանբերին համաձայն, նախարարութեան ուժերը տեղակայուած են Սուէյտայի հիւսիսային եւ արեւմտեան հատուածներուն մէջ: Սուէյտայի մէջ դրութիւնը բնականոնացնելու ջանքերուն ծիրին մէջ, ՍԱՆԱ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, թէ Առողջապահութեան նախարարութիւնը բժշկական օգնութիւններու շարասիւն մը ուղարկած է գաւառ, ընկերակցութեամբ բժշկական մասնագիտական խումբերու եւ սարքաւորումներու մեծ պաշարի: Նախարարը նշեց, թէ շարասիւնը պատրաստուեցաւ օրեր առաջ, սակայն չկրցաւ շարժիլ, իսրայէլեան ռմբակոծութեան պատճառով: Տեղեկատուութեան նախարար Համզէ Մուսթաֆա իր կարգին յայտնեց, թէ Սուէյտայի մէջ իրենց ձեռնարկած քայլերը կը նպատակադրեն պաշտպանել քաղաքացիները եւ կանխել զինեալ բախումներուն կրկնութիւնը, մինչ Մարդկային իրաւունքներու սուրիական դիտարանը հաղորդեց, թէ Սուրիոյ հարաւային շրջանին մէջ շուրջ շաբաթ մը երկարած բախումներուն հետեւանքով մահացած է շուրջ հազար մարդ:

Սուրիոյ նախագահ Ահմատ Շարաա յայտնեց, որ միայն պետութիւնը կարողութիւն ունի պահպանելու երկրին գերիշխանութիւնն ու հողային ամբողջականութիւնը: Շեշտելով, որ Սուրիան պառակտումի եւ արտաքին միջամտութիւններու պարարտ հող չէ, Շարաա դատապարտեց իսրայէլեան ոտնձգութիւնները, խոստանալով հետապնդել բոլոր անոնք, որոնք խախտեցին կառավարութեան ցուցմունքները եւ կատարեցին սպանդներ: Նախագահ Շարաա վերահաստատեց, թէ պետութիւնը յանձնառու կը մնայ Սուրիոյ փոքրամասնութիւններու պաշտպանութեան, շնորհակալութիւն յայտնելով Դամասկոսի ջանքերուն աջակցող ամերիկացիներուն: «Կարելի չէ տիւրզի համայնքը պատասխանատու համարել խումբ մը մարդոց անկարգութեան համար», շեշտեց Շարաա: «Սուրիան իր բոլոր զաւակներուն պետութիւնն է, ինչ որ ըլլայ անոնց ազգգային ու յարանուանական  պատկանելիութիւնը», նշուեցաւ նախագահութենէն հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ:

Սուրիոյ մէջ տիւրզիներու հոգեւոր առաջնորդ շէյխ Եուսէֆ Ճարպուհ յայտնեց, որ զինադադարի երկրորդ համաձայնութիւնը արդիւնք է շէյխ Հըքմէթ էլ-Հաճրիի հետ հաղորդակցութեանց եւ անոր դրական կեցուածքին: «Մեր առաջնահերթութիւնը զինադադարն է, իսկ մնացեալ նիւթերը կարելի է արծարծել աւելի ուշ», ըսաւ Ճարպուհ՝ պատասխանելով զինադադարի քննարկումներէն զինք դուրս ձգելու մասին հարցումի մը:

Իսկ Սուրիոյ ցեղախումբերու խորհուրդը յայտարարեց, որ յանձնառու կը մնայ զինադադարի մասին պետութեան որոշումներուն, որոնք կրնան վերականգնել ցեղախումբերուն իրաւունքները:

Share62Tweet39
Previous Post

ԽԱՂԱՂՈՒԹԻՒՆԸ՝ ԱՌԱՋՆԱՀԵՐԹՈՒԹԻՒՆ

Next Post

ՀԱՆԴԱՐՏՈՒԹԵԱՆ ԿՈՉ ԼԻԲԱՆԱՆԷՆ ԵՒ ԱՐՏԵՐԿՐԷՆ

Next Post
ՀԱՆԴԱՐՏՈՒԹԵԱՆ ԿՈՉ ԼԻԲԱՆԱՆԷՆ ԵՒ ԱՐՏԵՐԿՐԷՆ

ՀԱՆԴԱՐՏՈՒԹԵԱՆ ԿՈՉ ԼԻԲԱՆԱՆԷՆ ԵՒ ԱՐՏԵՐԿՐԷՆ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.