Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԽԱՂԱՂՈՒԹԻՒՆԸ՝ ԱՌԱՋՆԱՀԵՐԹՈՒԹԻՒՆ

July 22, 2025
in Գլխաւոր Լուրեր, Լիբանանեան
0
ԽԱՂԱՂՈՒԹԻՒՆԸ՝ ԱՌԱՋՆԱՀԵՐԹՈՒԹԻՒՆ

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզէֆ Աուն լիբանանցիներուն կոչ ուղղեց միաւորելու իրենց ջանքերը եւ դրսեւորելու պատասխանատու կեցուածք, որպէսզի կարելի ըլլայ Լիբանանը զերծ պահել տարածաշրջանային վտանգաւոր զարգացումներէն: «Նպատակս է խաղաղութիւնը եւ պատերազմէն խուսափումը, որովհետեւ չենք կրնար դիմել պատերազմ հրահրելու արկածախնդրութեան», ըսաւ Աուն:

Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ յայտնեց, թէ հարաւային շրջանին մէջ կայունութիւնը պահպանելու հարցով ամերիկացի պատուիրակ Թոմ Պարրաքին մշակած փաստաթուղթը կը բաղկանայ շարք մը գաղափարներէ եւ առաջարկներէ, որոնք կը միտին գործադրելու անցեալ աշնան յայտարարուած զինադադարը, ոչ թէ յայտարարելու զինադադարի նոր համաձայնութիւն մը: «Ես կը զօրակցիմ արաբական նախաձեռնութեան վրայ հիմնուած խաղաղութեան, ոչ թէ բնականոնացումին», շեշտեց Սալամ: Անոր համաձայն աշխատանք կը տարուի բարելաւելու Պարրաքին փաստաթուղթը, ուր կը նշուի, թէ հարաւէն իսրայէլեան նահանջը եւ պետութեան հեղինակութեան ամրապնդումը պէտք է զուգահեռ ընթանան: «Պահանջուած չէ, որ Հըզպալլա զէնքը յանձնէ Իսրայէլին, այլ՝ Լիբանանի պետութեան», ըսաւ Սալամ եւ ցաւ յայտնեց Իսրայէլի կողմէն այդ զէնքին շարունակական թիրախաւորումին համար: Ի տես Սուրիոյ զարգացումներուն, Սալամ շեշտեց, որ Լիբանանի կայունութիւնը կարելի է պահպանել ամրապնդելով ազգային միասնականութիւնը եւ զերծ մնալով վտանգաւոր արկածախնդրութիւններէն: «Մեզի համար շատ կարեւոր է Սուրիոյ կայունութիւնը եւ մենք լաւ գիտենք ներքին բախումներուն վտանգը, որ ապրած ենք երկար տարիներ», ըսաւ վարչապետը եւ կոչ ուղղեց պահպանելու Սուրիոյ կայունութիւնն ու ամբողջականութիւնը: Նաուաֆ Սալամ վստահութիւն յայտեց, որ լիբանանցիները կարողութիւն ունին իրենց երկրէն հեռու պահելու Սուրիոյ իրադարձութիւններէն յառաջացած լարուածութիւնը՝ շնորհիւ լիբանանեան բանակի ջանքերուն, քաղաքական գործիչներու խոհեմութեան եւ լիբանանցիներու աչալրջութեան:

Share64Tweet40
Previous Post

ՆՈՐ ԽԱՂԱՑՈՂ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԴԱՇՏԻՆ ՎՐԱՅ

Next Post

ՍՈՒԷՅՏԱՅԻ ՄԷՋ ԵՐԿՐՈՐԴ ԶԻՆԱԴԱԴԱՐ

Next Post
ՍՈՒԷՅՏԱՅԻ ՄԷՋ ԵՐԿՐՈՐԴ ԶԻՆԱԴԱԴԱՐ

ՍՈՒԷՅՏԱՅԻ ՄԷՋ ԵՐԿՐՈՐԴ ԶԻՆԱԴԱԴԱՐ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.