Վերջին օրերուն, աշխարհի քաղաքական հայեացքը կեդրոնացած է Սուրիոյ հարաւային տարածքներուն՝ մանաւանդ Դամասկոսի շրջակայքը։ Դէպքերը սկսան Սուէյտայի շրջանին մէջ, ուր «պատու»ներու եւ տեղացի տիւրզի զինեալներու միջեւ աննշան թուացող բախում մը տարածուելով անհանգստացնող բնոյթ ստացաւ: Նորաստեղծ իշխանութիւնը, կարգը վերականգնելու եւ «օրէնքէ դուրս» տարրերը զսպելու նպատակով, անմիջապէս զօրք ուղարկեց։
Ինքզինք եւ իր քաղաքացիները յարգող որեւէ պետութիւն պիտի չուզէ, որ իր տարածքին մէջ անիշխանութիւն կամ քաղաքացիական խռովութիւն սփռուի։ Բնական է, որ նման պարագայի մէջ ան պարտաւոր է մնալ իրապէս անկողմնակալ՝ զսպելու համար պատահող բոլոր անընդունելի երեւոյթները։ Արդար եւ խոհեմ իշխանութիւնը կը փորձէ ի մի բերել հակառակ կողմերը՝ լսելով անոնց մտահոգութիւնները եւ դուռ բանալով խաղաղ երկխօսութեան: Այս մասին արտայայտուեցաւ նաեւ Սուրիոյ ներկայ իշխանը իր երէկուան մամլոյ ասուլիսին ընթացքին յղած յայտարարութեան մէջ՝ ըսելով, թէ իրենց նպատակը եղած է «վերականգնել կայունութիւնը եւ վտարել արգիլուած խմբաւորումները»։
Սակայն, դժբախտաբար, իշխանութեան մարտիկներուն իսկ բջիջայիններով նկարահանուած եւ ընկերային ցանցերուն վրայ տարածուած տեսահոլովակներէն ականատես եղանք, որ Սուէյտա ուղարկուած ուժերը «ժողովուրդը պաշտպանելու» փոխարէն, դիմած են նոյն՝ «ծովեզերեայ» ալաուիներուն դէմ կատարուած տարբերակին՝ սպանութիւններ, բռնաբարութիւններ, գլխատումներ: «Ամենամեղմ»ը ասոնց մէջ այն նսեմացնող տեսարաններն էին, ուր երիտասարդներ կամ տիւրզի ալեհեր կրօնաւորներ կ’անպատւուէին պեխերն ու մօրուքները սափրուելով:
Այս վիճակը «գթասիրտ» հրէական պետութեան հիմք ծառայեց շարժելու: Նախազգուշական քանի մը հարուածները լուրջի չառնուեցան Կոլանիի կողմէ, հաւանաբար մտածել տալով, որ եղածը Իսրայէլի բանակին եւ հրէական ժողովուրդին մէջ գտնուող համակիր տիւրզիներուն աչքին փոշի ցանելու փորձ է: Մանաւանդ, որ դեռ երէկ Սուրիոյ պատուիրակութիւնը Պաքուի մէջ սիրալիր հանդիպումներ կ’ունենար իսրայէլեան բարձրաստիճաններու հետ: Սակայն այդպէս չեղաւ: Անմիջապէս հետեւեցաւ անսպասելին՝ իսրայէլեան օդուժը կարծր հարուածներ տուաւ Դամասկոսի սրտին՝ Պաշտպանութեան նախարարութեան, նախագահական պալատը եւ այլ շէնքերը թիրախաւորելով: Սա արդէն լուրջ եւ խիստ պատգամ մըն էր սուրիական նորաբոյս իշխանաւորներուն՝ չխանգարել նախատեսուած ծրագրերը, չանցնելով սահմանուած իրաւասութիւնները:
Բազմաթիւ դիտորդներ կը կասկածին, թէ այս ամբողջը ծրագրաւորուած եւ համաձայնեցուած սենարիօ է։ Ինչպէ՞ս կ’ըլլայ, որ դեռ քանի մը օր առաջ Սուրիոյ պատուիրակութիւնը Պաքուի մէջ յարաբերական ջերմութեամբ կը հանդիպի իսրայէլեան պատասխանատուներու հետ, իսկ այսօր կը յանդգնին զիրենք թիրախաւորել։ Դամասկոսի ղեկավարը առաջին օրէն ասդին հրէական քաղաքականութիւնը քննադատող ոչ մէկ բառ արտասանած է ի տես վերջիններուն անկաշկանդ գրաւումներուն Սուրիոյ հարաւը եւ նախկին վարչակարգէն մնացած բոլոր ռազմական կարողականութիւններուն: Ընդհակառակը դիւանագիտական դրական յարաբերութիւններ առկայ են երկու երկիրներուն միջեւ: Մինչեւ իսկ կը խօսուէր Իսրայէլի հետ մօտալուտ բնականոն յարաբերութիւններու ստորագրման մասին:
Երկրագունդի վրայ կա՞յ գէթ մէկ մարդ, որ հաւատայ թէ Սուրիոյ նախագահը կրնար փրկուիլ իսրայէլեան հարուածներէն եթէ վերջինս տրամադիր ըլլար այն կատարել: Ինչո՞ւ Իսրայէլ կրնայ ահաբեկել աւելի դժուար կարծեցեալ ղեկավար մը, իսկ այլ՝ դիւրին թիրախ մը՝ ոչ: Ինչո՞ւ ալաուիներու դէմ նոյն «բարեխիղճ պաշտպան»ի յատկութիւնը չցուցաբերեց ան, մնալով պարզապէս դիտողի դերին մէջ: Եւ վերջապէս մէկ-երկու կառավարական կառոյցներ կործանելը միթէ՞ այսինչ կամ այնինչ խմբաւորումներուն յաղթանակ պիտի բերէ: Հարցեր որոնք, բնականաբար, անմեղ մահկանացուներուս մտքին մէջ ներքին համաձայնութիւն մը գոյացած ըլլալու վարկածը կու տան:
Իսրայէլի համար կարեւորը իր քաղաքական աշխարհագրական ծրագրերու եւ շահերու ապահովումն է, այսօր այս մէկը, վաղն ալ միւսը եւ այլն:
Երեւութապէս սուրիացի տիւրզիներուն պաշտպան հանդիսացող Իսրայէլ իրականութեան մէջ ստեղծուած վիճակը կ’օգտագործէ իր ծրագրերը առաջ տանելու համար: Արաբական հողերու եւ բնական հարստութիւններու ասպատակում, իր երկրին ապահովութեան արգելք հանդիսացող շրջանային ուժերու կամ երկիրներու ռազմական կարողութիւններու ջնջում, Կազայի տարածքի պարպում, արաբական երկիրներու հետ բնականոն յարաբերութեանց մշակում, ռազմա-արդիւնաբերական հսկաներու միլիառաւոր տոլարի շահերու ապահովում:
Եւ այս բոլորը կը յաջողի իրականացնել երբ իր հարեւանները գտնուին երկարատեւ եւ անվերջանալի գզվռտուքներու, անիմաստ քաղաքացիական կռիւներու մէջ: «Անոնք զիրար կ’ոչնչացնեն, մենք ալ խաղաղ երկինքի տակ կը զուարճանանք»ի հոգեբանութեամբ: Իսկ այդ բախումները երկար եւ ծրագրուած ըլլալու համար պէտք ունին կաշառակեր ղեկավարներու, բռնկեցնող կայծի եւ ռազմականօրէն մէկը միւսը չգերազանցող ուժերու:
Յայտնի բան է, որ յարանուանական եւ գոյնզգոյն խմբաւորումներով երկիրներու մէջ կագ ու կռիւ հրահրելը դժուար գործ մը չէ: Իսկ իսրայէլեան վերջին՝ երեւութապէս տիւրզիներըն պաշտպանելու փորձերը ուրիշ բան չեն, քան կողմերը ռազմականօրէն հաւասարակշիռ վիճակի հասցնելը եւ իսրայէլահպատակ տիւրզիներու հնազանդութեան ապահովումը:
Տիւրզի ընդդէմ Կոլանի հակամարտութեան սաստկացումով այժմ Սուրիան թեւակոխած է ԱՄՆ-Իսրայէլի կողմէ բծախնդրօրէն կազմուած ծրագրին յաջորդ փուլը: Թէ ինչքան ժամանակ կը խլէ այս փուլը, այս հրդեհին բոցերը իրարայաջորդ անակնկալներու քամին դէպի ուր կը մղեն՝ կը մնան վարկածներու շրջանակին մէջ: Սակայն որպէս ճակատագրով իրար բախտակից դրացի երկիրներ, այդ դիւրավառ բոցերը կրնան անարգել հասնիլ լիբանանեան հողատարածք, կրկնելով 50 տարեկան դարձած «պոսթա»ին պատմութիւնը: Որքան ալ երէց սերունդը անմոռանալի դասեր քաղած ըլլալով փորձէ դիւրաւ ներմուծուած կրակը դիմակայել, սակայն մեր շուրջն ալ չեն պակսիր տաքգլուխ նոր սերունդ մը, որ, յանուն կաշառքի կամ երեւակայածին լոզունգներու, պատրաստ է որդեգրելու դուրսէն ներմուծուած արկածախնդրութիւնները:
Պէտք է առարկայականօրէն եւ զգուշութեամբ վարուիլ այս բոցերուն հետ:
Մաղթենք որ միջինարեւելեան բոցերը հրդեհի չեն վերածուիր եւ խոհեմ ղեկավարներ հանդէս կու գան հրշէջի օգտաշատ դերով:

