Լիբանանեան բանակը յայտարարեց, թէ երկիրը կը բոլորէ զգայուն փուլ մը՝ նկատի առնելով իսրայէլեան շարունակական ոտնձգութիւնները եւ տարածաշրջանային վտանգները, հետեւաբար, բանակին հրամանատարութիւնը կը զգուշացնէ Լիբանանի ազգային խաղաղութիւնն ու կայունութիւնը որեւէ ցնցումի ենթարկելու հետեւանքներէն: «Այս փուլին կարեւոր է լիբանանցիներուն միասնականութիւնը եւ համախմբուածութիւնը՝ շրջանցելու համար վտանգները, որոնք հակառակ պարագային կրնան անկանխատեսելի հետեւանքներ ձգել երկրին ու ժողովուրդին վրայ», նշուեցաւ բանակի յայտարարութեան մէջ:
Բանակը այլ հաղորդագրութեամբ մը նշեց, թէ հետախուզական ծառայութիւնները խուզարկումներ կատարած են հիւսիսային Պեքաայի, Աքքարի եւ Քուրայի մէջ, ուր առգրաւած է թմրանիւթի ծանր բեռ մը եւ ձերբակալած առանց փաստաթուղթի Լիբանան գտնուող 63 սուրիացի:

