Հանրապետութեան նախագահ Ժոզէֆ Աուն հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ տիւրզիներու հոգեւոր առաջնորդ շէյխ Սամի Ապի էլ-Մունայի հետ՝ շնորհակալութիւն յայտնելու անոր ազգային եւ հոգեւորական կեցուածքներուն համար, որոնք կ’արտացոլեն այս վտանգաւոր եւ զգայուն օրերուն տիւրզիներուն ուղղութիւնը, շեշտելով տարակարծութիւնները խոհեմութեամբ յաղթահարելու եւ խռովութեան վտանգը վանելու անհրաժեշտութիւնը: Աուն նաեւ իր մարդասիրական աջակցութիւնը յայտնեց Սուէյտայի ժողովուրդին, անտեղի տեղի ունեցած միջադէպերու լոյսին տակ: Էլ-Մունային հետ հեռաձայնով խօսեցաւ նաեւ վարչապետ Նաուաֆ Սալամ: Ան մեծարեց հոգեւորականներուն դրական դերը՝ լարուածութիւնը հանդարտեցնելու, ներքին կայունութիւնը պահպանելու եւ խռովութիւնները կանխելու մէջ: Զրուցակիցները շեշտեցին Սուրիոյ միասնութիւնն ու հողային ամբողջականութիւնը պահպանելու կարեւորութիւնը: Հանրապետութեան նախագահը շնորհակալութիւն յայտնեց պետութեան հովանիին տակ լիբանանցիներուն միասնականութեան յանձնառու մնալու՝ շէյխին եւ տիւրզիներուն որոշումին: Ապի էլ-Մունա այս մասին հեռաձայնով խօսեցաւ նաեւ հանրապետութեան մուֆթի շէյխ Ապտ էլ-Լաթիֆ Տըրիանին հետ, շեշտելով լարուածութիւնը մեղմելու եւ խնդիրները երկխօսութեամբ լուծելու անհրաժեշտութիւնը: Միւս կողմէ, Խալտէի եւ Լեռնալիբանանի արաբ ցեղախումբերը հաղորդագրութեամբ մը Սուրիոյ Տարաա եւ Սուէյտա գաւառներու ցեղախումբերուն կոչ ուղղեցին անյապաղ կանխելու խռովութիւնները, որովհետեւ անոնք կրնան տարածուիլ Սուրիոյ այլ շրջաններու մէջ, հասնելով նոյնիսկ Լիբանան: «Մենք տիւրզիներուն հետ կողք-կողքի կ’ապրինք պատմական բարեկամական յարաբերութիւններով եւ ունինք սերտ կապեր եւ նոյն սովորութիւնները, ուստի կը դատապարտենք այս յարաբերութիւնները հարուածելու փորձերը: Լուծումը կը կայանայ ամբողջական եւ արդար հաշտութեան մէջ՝ հիմնուելով փոխադարձ ճանաչումի եւ յարգանքի վրայ, իսկ մենք պատրաստ ենք օժանդակելու այդ ջանքերուն», յայտարարեցին Լիբանանի արաբ ցեղախումբերը: Իսկ տիւրզիներու գերագոյն խորհուրդը գումարեց արտակարգ Ժողով մը եւ Ապի էլ-Մունա ամօթալի համարեց Սուէյտէի իրադարձութիւնները, կոչ ուղղելով յարգելու զինադադարը եւ համաձայնութիւն կնքելու պետութեան եւ տիւրզիներուն միջեւ: «Կը մերժենք միջազգային միջամտութիւնները, պահանջելով միայն արաբական միջնորդութիւն», ըսաւ հոգեւոր պետը եւ ահազանգեց Սուրիան ու տարածաշրջանը պառակտելու իսրայէլեան մտադրութիւններէն: Ան սուրիական պետութիւնը պատասխանատու համարեց Սուէյտայի իրավիճակի լուծումին համար եւ յիշեցուց, թէ «փոքրամասնութեան մտահոգութիւնը կարիք ունի մեծամասնութեան արդարութեան»: Նախկին երեսփոխան Ուալիտ Ճոմպլաթ կարեւորեց Սուէյտայի զինադադարը պահպանելն ու ամրապնդելը, կոչ ուղղելով Սուրիոյ մէջ երկխօսութիւն կազմակերպելու քաղաքական եւ կրօնական խմբաւորումներու երկխօսութիւն պետութեան հետ, ապա տիւրզի զինեալներու միացում բանակին կամ ապահովական ուժերուն: «Իրենց միջամտութեամբ, իսրայէլացիները կը հրահրեն խռովութիւններ եւ տիւրզիները կը դնեն սուրիական ընկերութեան բոլոր բաղադրիչներուն դէմ-յանդիման», ահազանգեց Ճոմպլաթ, մերժելով արտաքին պաշտպանութեան բոլոր կոչերը:

