Սուրիոյ նախագահութիւնը նախանցեալ օր ահազանցեց Սուրիոյ ներքին հարցերուն իսրայէլեան շարունակական միջամտութիւններէն եւ նշեց, որ այդ կրնայ առաջնորդել քաոսի: Նախագահական յայտարարութեան մէջ նշուեցաւ, թէ որոշուած է զինուորական ուժերը դուրս բերել Սուէյտա գաւառէն՝ ընդառաջելով ամերիկեան ու արաբական միջնորդութեան, որպէսզի առիթ տրուի խնդիրներու խաղաղ եւ հանդարտ լուծումին: Նախագահ Ահմատ Շարաա բոլորէն պահանջեց վերականգնել կայունութիւնն ու հանդարտութիւնը եւ ամրապնդել պետութեան հեղինակութիւնը երկրի ամբողջ տարածքին, վերջ տալով ապօրինի զէնքի երեւոյթին: Նշենք, որ Դամասկոսը ռմբակոծելէ ետք, իսրայէլեան օդուժը հարուածած էր նաեւ Սուէյտայի արուարձանները: Իսրայէլեան ոտնձգութիւնները դատապարտեց նաեւ Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ իշխան Մոհամմատ Պըն Սալմանը, կոչ ուղղելով կանխելու Սուրիոյ ներքին խնդիրներուն Իսրայէլի միջամտութիւնը:
Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու միւս կողմէ յայտնեց, թէ Սուրիոյ հարցով իրենց քաղաքականութիւնը կը միտի ապազինեալ գօտի հաստատելու Կոլանէն մինչեւ Սուէյտա:

