Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՍՈՒԷՅՏԱՅԻ ՄԷՋ ԶԳՈՒՇԱՒՈՐ ԴՐՈՒԹԻՒՆ

July 19, 2025
in Միջազգային
0
ՍՈՒԷՅՏԱՅԻ ՄԷՋ ԶԳՈՒՇԱՒՈՐ ԴՐՈՒԹԻՒՆ

 

 

ՄԱԿ-ի մարդկային իրաւունքներու յանձնակատարը յայտնեց անյապաղ հետաքննել Սուրիոյ հարաւային շրջաններուն մէջ տնցնող օրերուն տեղի ունեցած իրադարձութիւնները, յայտնաբերել պատճառները եւ պատասխնատուները: Մարդկային իրաւունքներու սուրիական դիտարանը իր կարգին նշեց, որ հարաւային շրջանի խնդիրները պատճառած են աւելի քան 500 զոհ: Սուրիոյ հարաւային Սուէյտա գաւառին մէջ յայտարարուած զինադադարը երէկ խախտուեցաւ եւ բախումներ տեղի ունեցան ցեղախումբերու զինեալներուն եւ տեղացիներուն միջեւ: «Սանա» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, թէ զինեալ կազմակերպութիւններ սպանդ գործած են Սուէյտա գաւառի ցեղախումբերուն մէջ: Իսկ Սուրիոյ հեռատեսիլի պաշտօնական կայանը հաղորդեց, թէ ներքին ապահովութեան ուժերը ուղղուած են Սուէյտա՝ միջամտելու երկու կողմերուն միջեւ եւ հանդարտեցնելու վիճակը: Սուրիոյ հարաւային շրջանի ցեղախումբերու համախմբումի նախագահ շէյխ Ռաքան Խուտէյր վտանգաւոր որակեց վիճակը եւ դիտել տուաւ, որ ցեղախումբերու շուրջ երկու հազար անդամ գերեվարուած է տիւրզիներուն կողմէ:

Սուրիոյ արտակարգ իրավիճակներու եւ աղէտներու տնօրինումի նախարար Ռաէտ էլ-Սալէհ յայտնեց, թէ առնչակից նախարարութիւններու հետ կազմուած է գործողութիւններու միացեալ գրասենեակ՝ արագ արձագանգելու համար քաղաքացիներուն կարիքներուն: Անոր համաձայն, անցնող երկու օրերուն օգնութիւն տրամադրուած է 570 վիրաւորի, փոխադրուած է 87 զոհի մարմին եւ հարիւրաւոր ընտանիքներ տեղաւորուած են աւելի ապահով շրջաններու մէջ:

Share63Tweet39
Previous Post

ՎԱՐՁՔԵՐՈՒ ՍԱՌԵՑՈՒԱԾ ՕՐԷՆՔԻՆ ԱՌԻԹՈՎ ՍՐՏԱԳԻՆ ԿՈ՛Չ ՊԵՏԱԿԱՆ, ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ, ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ԲՈԼՈ՛Ր ՂԵԿԱՎԱՐՆԵՐՈՒՆ

Next Post

ԱՀԱԶԱՆԳ ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ ՄԻՋԱՄՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐԷՆ

Next Post
ԱՀԱԶԱՆԳ ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ ՄԻՋԱՄՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐԷՆ

ԱՀԱԶԱՆԳ ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ ՄԻՋԱՄՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐԷՆ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.