Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեան ընդունեց Երեւանի մէջ Լիբանանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Մայա Տաղէրը՝ դիւանագիտական առաքելութեան եզրափակումին առիթով: Խաչատուրեան շնորհակալութիւն յայտնեց Տաղէրին՝ կատարուած աշխատանքին համար եւ ընդգծեց, որ Լիբանանի հանդէպ հայ ժողովուրդին վերաբերմունքը պատմականօրէն ձեւաւորուած է ջերմ ու բարեկամական կապերու եւ նոյն արժէքներուն վրայ: «Լիբանանեան բացասական ու դրական իւրաքանչիւր զարգացում մեր մօտ կը զգան նոյն սրտցաւութեամբ, կարծես թէ այդ տեղի կ’ունենայ մեր երկրին մէջ: Մենք միշտ զգացած ենք իրար կարիքը: Այս կը վերաբերի բոլոր ոլորտներուն՝ ներառեալ քաղաքական համագործակցութիւն եւ միջազգային հարթակներուն մէջ փոխադարձ աջակցութիւն», ըսաւ նախագահը: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Պէյրութին՝ Իսլամական երկիրներու համագործակցութեան կազմակերպութեան գագաթաժողովի յայտարարութեան ատրպէյճանամէտ կէտերուն նկատմամբ արտայայտուած վերապահութեան համար: «Ես լուսաւոր ապագայ կը տեսնեմ մեր երկիրներուն համար», շեշտեց Խաչատուրեան: Տաղէր իր կարգին յայտնեց, թէ տխուր է Հայաստանէն մեկնելուն համար, սակայն ուրախ՝ ապահովուած յաջողութիւններուն համար:

